Գլխաւոր լուրեր

Համբարձումեան. «Բոլոր Քաղաքական Ուժերը  Պէտք Է Հաւասար Մրցակցային Պայմաններ Ունենան  Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Համար»

Համբարձումեան. «Բոլոր Քաղաքական Ուժերը Պէտք Է Հաւասար Մրցակցային Պայմաններ Ունենան Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Համար»

«Ամբողջ խնդիրը այն է, թէ արտահերթ ընտրութիւնները ի՛նչ ժամկէտի մէջ կարելի է կազմակերպել: Կը կարծեմ, որ ժամկէտներու հարցը յաւելեալ քննարկումի առարկայ պէտք է դառնայ քաղաքական ուժերուն կողմէ, որովհետեւ կան բազմաթիւ հարցեր, որոնց պատասխանները յստակ պէտք է տրուին եւ ըստ այնմ ժամանակացոյցը ձեւաւորուի», «168.am»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան` խօսելով վարչապետի ընտրութենէն ետք արտահերթ...

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է  Սուրիահայ Համայնքի  Խումբ Մը Ներկայացուցիչներ

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է Սուրիահայ Համայնքի Խումբ Մը Ներկայացուցիչներ

Շաբաթ, 5 մայիսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ համայնքի  խումբ մը ներկայացուցիչներ, որոնց հետ քննարկած է համայնքը յուզող խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղիները: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մոհամետ Ահմետ Հաճի Իպրահիմը: Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են Հայաստանի մէջ սուրիահայերու ընդելուզման, կրթութեան, առողջապահութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան եւ գործարարութեան ոլորտներու հարցեր, ուր շատ...

Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ծաղկեպսակ Մը Զետեղեց Նահատակաց Յուշարձանին

Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ծաղկեպսակ Մը Զետեղեց Նահատակաց Յուշարձանին

Լիբանանի Նահատակաց տօնին առիթով, այսօր՝ 5 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի ըներկերներ, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներ Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական մարմինին ուղղուեցան Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ։ Երեսփոխան Բագրատունի եւ թեկնածուներ Յ. Թերզեան, Ս. Չուխատարեան եւ Ա. Մաթոսեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անունով ծաղկեպսակ մը...

Ընտրական Քրոնիկ.  Մենք Նախընտրական  Ծրագիրի Նախագիծ Ունինք

Խմբագրական. Քուէն Ուժ Է

Ընտրարշաւի աշխատանքները աւարտած են: Հարցազրոյցներ, հաղորդագրութիւններ, յայտարարութիւններ, պաստառներ, ժողովրդային լսարաններ, հանրահաւաքներ` բազմաշերտ, լայնածաւալ եղանակներով լուսաբանումներ, ճառեր, ընտրական ծրագիրներ, բացատրողականներ եւ այդ բոլորին առօրեայ, միաժամանակեայ կշռոյթով մամուլի եւ քարոզչամիջոցներու արձագանգումներ այլեւս որեւէ տեղ չեն ձգած յաւելեալ իրազեկման, տեղեկացման: Պահը եկած է  լիբանանահայ համայնքի քաղաքական գործօնի ուժեղացման նպաստելու, համաժողովրդային մասնակցութիւնը առարկայացնելու համար ընդառաջ շարժելու մեկնարկը ազդարարելու: Զուգահեռ` Ընտրական կեդրոնական մարմինի համակարգումով ՀՅԴ...

Բազմահազար Լիբանանահայեր Մասնակցեցան  Ընտրական Վերջին Միթինկին.  «Տարբեր Բան Է Լոկ Լիբանանցի Երեսփոխան Ըլլալ,  Տարբեր Բան Է Եւ Հպարտութիւն Է Այս Սքանչելի  Ժողովուրդը Ներկայացնելով`  Լիբանանցի Հայ Երեսփոխան Ըլլալ»  Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Բազմահազար Լիբանանահայեր Մասնակցեցան Ընտրական Վերջին Միթինկին. «Տարբեր Բան Է Լոկ Լիբանանցի Երեսփոխան Ըլլալ, Տարբեր Բան Է Եւ Հպարտութիւն Է Այս Սքանչելի Ժողովուրդը Ներկայացնելով` Լիբանանցի Հայ Երեսփոխան Ըլլալ» Հաստատեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Ծով բազմութիւն...Ծերունիներէն մինչեւ նորածիններ, տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներու հարազատ հանդիպում եւ միասնական կերպով հաստատում` Դաշնակցութեան կողքին ըլլալու, անոր նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդելու, անկէ ուժ եւ կորով ստանալու եւ փոխադարձաբար անոր տալու հաւատարմութեան երաշխիքը` ընտրական քուէն: Պատկերը տպաւորիչ էր ու յուզիչ, միշտ չէ, որ կարելի է տեսնել քալելու դժուարութիւն ունեցող ծերունիներ կամ իրենց կաթ խմող երեխաները գրկած մայրեր, որոնք անտեսելով ամէն տեսակի դժուարութիւն...

Ռուստամեան. «Նոր Հայաստանի Մէջ Գոյութիւն  Պիտի Ունենան Վերահսկող Եւ Պատժող Մարմիններ,  Զորս Կարելի Չէ Շրջանցել»

Արմէն Ռուստամեան. «Մենք Ունինք Մեր Աւանդութիւնը»

Աղուան Վարդանեան 4 մայիսին իր հրաժարականի դիմումը ներկայացուց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանին: Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նոյն օրը Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է, որ Աղուան Վարդանեանի վերաբերող Դաշնակցութեան դիրքորոշումը շատ յստակ է, ան պէտք է հրաժարէր իր երեսփոխանական պաշտօնէն եւ այդպէս ալ ըրաւ: Պատասխանելով հարցումի մը, որ կը վերաբերէր նախկին...

«ՀՅԴ-ն Համոզուած Է, Որ Լիբանանի Մէջ Հայ Համայնքի  Քաղաքական Գործունէութիւնը Հիմնուած Է  Կուսակցութիւններուն Եւ Ոչ Թէ Անհատներու Վրայ»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«ՀՅԴ-ն Համոզուած Է, Որ Լիբանանի Մէջ Հայ Համայնքի Քաղաքական Գործունէութիւնը Հիմնուած Է Կուսակցութիւններուն Եւ Ոչ Թէ Անհատներու Վրայ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն սեմին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Վանայ Ձայն»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ որեւէ երկրի մէջ, ուր խորհրդարանական համակարգ գոյութիւն ունի, բնական է, որ երեսփոխանը կը ներկայացնէ ժողովուրդը, որուն կարծիքը, տրամադրութիւնները եւ պահանջները խորհրդարանին կը հասնին անոր երեսփոխաններուն միջոցով: Լիբանանի մէջ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երեք անգամ երկարաձգելէ ետք, արդէն օրը եւ ժամը հասած են,...

Հայռայտըրներու Եւ Հայորդիներու  Ինքնաբուխ Երթ` Հայահոծ Թաղամասերուն Մէջ

Հայռայտըրներու Եւ Հայորդիներու Ինքնաբուխ Երթ` Հայահոծ Թաղամասերուն Մէջ

Երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Հայռայտըրզ» խումբին եւ հայորդիներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ մոթորսիքլեթներու եւ ինքնաշարժներու ինքնաբուխ երթ մը` հայահոծ թաղամասերուն մէջ: Հայռայտըրները իրենց մոթորսիքլեթներով եւ Դաշնակցութեան դրօշներով երթը առաջնորդեցին դէպի տարբեր շրջաններ: Երթին մասնակցող ինքնաշարժներէն ծածանեցան ՀՅԴ-ի դրօշներն ու 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան որդեգրած կարգախօսը կրող դրօշակներ. «Միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար»: Երթին ընթացքին նաեւ հնչեցին ազգային- յեղափոխական երգեր, ինչպէս նաեւ քարոզչութիւնը...

ՀՅԴ Ընտրական Մեքենայի Հանդիպում

ՀՅԴ Ընտրական Մեքենայի Հանդիպում

Երէկ երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընտրական մեքենայի անդամներուն եւ վստահուած անձերուն (մանտուպ) հանդիպումը: Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի զեկուցեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ փոխանցեց ընտրութիւններուն վերաբերող անհրաժեշտ թելադրանքներ` յատկապէս վստահուած անձերուն: Կիրակի, 6 մայիսին կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընդհանուր աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները իրենց կարգին դարձան հանդիպումին առանցքը:...

Հայաստանի Քաղաքական Ճգնաժամը`  Հանգուցալուծման Ճամբուն Վրայ.  Հանրապետական Խմբակցութիւնը Պիտի Սատարէ  Պատգամաւորներու Մէկ Երրորդին Կողմէ  Առաջադրուած Վարչապետի Թեկնածուին

Հայաստանի Քաղաքական Ճգնաժամը` Հանգուցալուծման Ճամբուն Վրայ. Հանրապետական Խմբակցութիւնը Պիտի Սատարէ Պատգամաւորներու Մէկ Երրորդին Կողմէ Առաջադրուած Վարչապետի Թեկնածուին

1 մայիս 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը սկսաւ երկրի վարչապետի ընտրութեան քննարկման նիստը:  Նիստին արձանագրուած էին 102 պատգամաւորներ: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի թեկնածու արձանագրուած էր միայն «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան: Այլ թեկնածութիւններ չէին առաջադրուած: Ազգային ժողովի միւս երեք խմբակցութիւնները` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ), «Ծառուկեան» դաշինքը եւ ՀՅԴ-ն, յայտարարած էին, թէ թեկնածու պիտի չառաջադրեն: «Ծառուկեան» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները...

Ժտէյտէի Մէջ.   «Մեթնի Հզօր Ընտրացանկ»-ի Թեկնածուներու  Բազմամարդ Ընտրական Միթինկին Ընթացքին Շեշտուեցաւ  Հզօր Լիբանան Մը Կերտելու  Հրամայականին Կարեւորութիւնը

Ժտէյտէի Մէջ. «Մեթնի Հզօր Ընտրացանկ»-ի Թեկնածուներու Բազմամարդ Ընտրական Միթինկին Ընթացքին Շեշտուեցաւ Հզօր Լիբանան Մը Կերտելու Հրամայականին Կարեւորութիւնը

Կազմակերպութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Ժտէյտէի մէջ տեղի ունեցաւ Մեթնի ընտրաշրջանի ընտրական միթինկը, որուն ներկայ գտնուեցան «Մեթնի հզօր ընտրացանկ»-ի թեկնածուները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան եւ Ղասսան Մուխայպեր, Էլիաս Ապու Սաապ, Էտկար Մաալուֆ, Քորին Աշքար, Սարգիս Սարգիս եւ Ղասսան Աշքար, ինչպէս նաեւ միթինկի հովանաւոր` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին...

Ընտրական Ժողովրդային  Միթինկ-Ընթրիք` Լէյլաւանի Մէջ.  «Մեր Գոյութեան, Դաշնակցութեան Գոյութեան  Իմաստը Ժողովուրդին Ծառայութիւնն Է,  Իսկ Ժողովուրդը Դաշնակցութեան Բռունցքն Է»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Ընտրական Ժողովրդային Միթինկ-Ընթրիք` Լէյլաւանի Մէջ. «Մեր Գոյութեան, Դաշնակցութեան Գոյութեան Իմաստը Ժողովուրդին Ծառայութիւնն Է, Իսկ Ժողովուրդը Դաշնակցութեան Բռունցքն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին կազմակերպութեամբ, երեքշաբթի, 1 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Լէյլաւանի մէջ տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային միթինկ-ընթրիք մը` ներկայութեամբ  Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի: Լիբանանի եւ ՀՅԴ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի անդամ Ցոլեր Թալաթինեան: Ան ըսաւ,...

Իրանեան Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոսի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Հայ Համայնքի  Ներկայացուցիչներուն Հետ

Իրանեան Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոսի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Իրանի խորհրդարանի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Ալաէտտին Պորուճերտիի գլխաւորած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը 1 մայիսին այցելած է Սուրիա: Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուց, որ պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ Իրանի խորհրդարանի հայ երեսփոխան Կարէն Խանլարեան: Հանդիպումներ տեղի ունեցած են Սուրիոյ նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին, վարչապետին եւ խորհրդարանի նախագահին հետ: Այցելութեան ընթացքին իրանական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Հանդիսացաւ Լիբանանի Բաժակակիր` 77-70 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Ռիատիին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Հանդիսացաւ Լիբանանի Բաժակակիր` 77-70 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Ռիատիին

Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որ երէկ գիշեր իրարու դէմ հանեց ՀՄԸՄ-ը եւ Ռիատի Պէյրութը, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տինամիք կազմին փայլուն յաղթանակով: ՀՄԸՄ 77-70 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը: Լիբանանի պասքեթպոլի 2018 տարուան բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, Զուքի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ` ներկայութեամբ մեծաթիւ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ գովասանքի եւ քաջալերանքի խօսքը կ՛երթայ...

Խմբագրական.  Հանգուցալուծում` Սահմանադրական Կարգով

Խմբագրական. Չորրորդ Կէտի Իրացման Համար Երաշխիքներու Ամրագրումը

Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային ժողովի երէկուան նիստը, թէեւ սահմանադրական ընթացակարգի յարգումով, այնուհանդերձ խորացուց ճգնաժամը: Մինչեւ խորհրդարանի լուծարումը տակաւին կայ սահմանադրական վերջին հանգրուան մը, ընտրելու վարչապետ: Մինչ այդ, նոր թափ հաւաքած է քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումը եւ խորքին մէջ երկիրն ու պետութիւնը հետզհետէ ենթարկած ներքին շրջափակումի: Պարզ է, որ հանգուցալուծման բանալին գէթ այս պահի դրութեամբ կը գտնուէր ու տակաւին կը շարունակէ գտնուիլ խորհրդարանական...

Խմբագրական.  Մայիս Մէկ. Երկու Միջավայրերու Մէջ

Խմբագրական. Մայիս Մէկ. Երկու Միջավայրերու Մէջ

Մայիս մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ այս անգամ կը ստանայ խիստ ժամանակակից, արդիական հնչեղութիւն, այն առումով, որ համաժողովրդական շարժումը կը տօնախմբէ իր յաղթանակը: Այս յաղթանակին, աւելի ճիշդը ամբողջ շարժումի համաժողովրդայնացման մէջ առաջադրուած առաջնային թեմաներէն էր հարստապետական կարգերը արմատապէս փոխելու կարգախօսը: Իսկ այդ կարգախօսը յաջողած էր նկատելի թիւով համալրել մարզերու, գիւղերու եւ առհասարակ քաղաքացիներու այն խաւը, որ տուժած էր այդ կարգերէն եւ...

Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութիւնը  Հանդիպում Ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ

Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ

Երէկ Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած է «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը ՀՅԴ-ի խորհրդարանական  խմբակցութեան ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են ներքաղաքական իրավիճակը եւ անկէ բխող ելքերը: Դաշնակցութիւնը միշտ ալ միասնական եղած է, մեր կուսակցութեան հետ կապուած այդպիսի կասկածներ չեն կրնար ըլլալ. վարչապետի թեկնածուի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն ըսած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով այն...

Հայաստանի Վարչապետի Թեկնածու Առաջադրելու  Ժամկէտը Վերջ Գտաւ. Փաշինեանը` Միակ Թեկնածուն

Հայաստանի Վարչապետի Թեկնածու Առաջադրելու Ժամկէտը Վերջ Գտաւ. Փաշինեանը` Միակ Թեկնածուն

Հայաստանի Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու բաժինը երէկ տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 2-րդ մասին համաձայն, միաձայնութեամբ վարչապետի թեկնածու առաջադրած է Նիկոլ Փաշինեանը: Այլ թեկնածութիւններ չեն առաջադրուած: Փաշինեան. «Կազմել Համաձայնութեան Կառավարութիւն» Երէկ վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեան տարբեր խմբակցութիւններու, լրագրողներու եւ հանրութեան հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին կատարած է զանազան յայտարարութիւններ, որոնք կը վերաբերին...

«Արդեօք Ընտրական Նպատակներու Համար  Թեկնածուներուն Մսխած Երեւակայական Գումարները  Ընտրուելէ Ետք Զանոնք Վերադարձնելու  Հաշիւներո՞վ Կը Վճարուին»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Արդեօք Ընտրական Նպատակներու Համար Թեկնածուներուն Մսխած Երեւակայական Գումարները Ընտրուելէ Ետք Զանոնք Վերադարձնելու Հաշիւներո՞վ Կը Վճարուին» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հայութեան գոյութեան, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ հայութիւնը 1915-ին գործուած Հայոց ցեղասպանութենէն ետք չէ, որ հասած է Լիբանան, այլ` հայը 18-րդ դարէն առաջ Լիբանանի մէջ ներկայութիւն եղած է, եւ ասիկա կը բացատրէ Լիբանանի գոյացութեան իսկութիւնը` նկատի ունենալով,...

«Լիբանանահայութեան Ծառայութիւնը  Եւ Անոր Իրաւունքներուն Պաշտպանութիւնը  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւանդն Է,  Եւ Մենք Պիտի Հետեւինք Այդ Ուղեգիծին»   «Ազդակ»-ին Յայտնեց Ս. Չուխատարեան

«Լիբանանահայութեան Ծառայութիւնը Եւ Անոր Իրաւունքներուն Պաշտպանութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւանդն Է, Եւ Մենք Պիտի Հետեւինք Այդ Ուղեգիծին» «Ազդակ»-ին Յայտնեց Ս. Չուխատարեան

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ 2018-ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով, «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ կաթողիկէ համայնքին յատկացուած խորհրդարանական աթոռի թեկնածու Սերժ Չուխատարեանի հետ: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ առաջադրուած եւ Հայ կաթողիկէ համայնքին օրհնութիւնը վայելող թեկնածու Սերժ Չուխատարեան ասպարէզով իրաւաբան է, աւարտած է հայկական դպրոց եւ հասակ նետած Հայ դատը պաշտպանելու սկզբունքներով ու գաղափարներով: Անոր համար...

Page 563 of 796 1 … 562 563 564 … 796

Արխիւներ