Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան. ԼՕԽ-ի Պարտէզ-Գրադարանի Բացում

Յունիս 26, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան երկուշաբթի, 25 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Արագած շրջանի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի պարտէզ-գրադարանի հանդիսաւոր բացումը:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ապա ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի աշակերտները երգեցին դպրոցական քայլերգը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի նախկին աշակերտ Արազ Գոճայեան: Ան նկարագրեց   ԼՕխ-ի երբեմնի գրադարանի արդիականացումը, յատկապէս «Նարօտ Արտալճեան» վերանուանումէն ետք. աշակերտները ունեցան տաքուկ յարկ, գունաւոր եւ հանգստաւէտ գրասեղաններ, բազմոցներ, տիկնիկներու տնակ, դաստիարակչական խաղեր եւ մանկապատանեկան գիրքերու հարուստ հաւաքածոյ: Ապա Արազ Գոճայեան վերյիշեց իր գրադարանավար ուսուցչուհիները, ինչպէս` Զարուկ Պոշնագեանը, Մանուշակ Գիզիրեանը, Ռուզաննա Ուլիկեանը, որոնց ձգած դրոշմը անուրանալի է: Ի վերջոյ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց հոյլ մը կամաւոր ուսուցչուհիներուն, որոնք ջանք չխնայեցին եւ տակաւին կը շարունակեն հայ մանուկին կազմաւորման նպաստելու նուիրական աշխատանքը: Իր խօսքի աւարտին Արազ Գոճայեան յոյս յայտնեց, որ ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի 25-ամեակին առիթով այս վայրին մէջ փոխադրութիւնը խթան պիտի հանդիսանայ աշակերտներուն, եւ անոնք պիտի շարունակեն կեանք տալ գրադարանի գիրքերուն եւ պիտի ստանան մտաւոր սնունդ:

Խօսք առաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարալ Մխճեան: Ան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած այս գեղեցիկ հանրային պարտէզը արդիւնք է ԼՕԽ-ի գործունէութեան նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան, հաւատքին եւ քաջալերանքին: Առ այդ, Շրջանային վարչութիւնը ծրագրեց ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը փոխադրել այս շրջափակին մէջ եւ զայն օժտել արդիական կառոյցով ու կահոյքով, որպէսզի ամրան ընթացքին գրադարան յաճախող աշակերտները կարելիութիւն ունենան ընթերցելու, զարգանալու գիտելիքներով, դաստիարակչական խաղերով, զբօսնելու, իսկ ձմրան ընթացքին իրենց դասերը սերտելու: Մարալ Մխճեան նշեց, որ 2018 տարին կը զուգադիպի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի 25-ամեակին, եւ ասիկա արժանի նուէրն է մեր մանուկներուն: Ան մաղթեց, որ մանուկները իրենց ուրախութեան ճիչերով լեցնեն ծաղիկներով լեցուն պարտէզը, եւ իրենց աչքերուն մէջ շողայ լաւագոյն ապագայի լոյսն ու ազգին ծառայելու խոստումը:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան այս առիթով իր խօսքը արտասանեց: Ան ըսաւ, թէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը ենթակառոյցի, երթեւեկի, ոստիկանութեան ու մաքրութեան  ծառայութիւններու կողքին հետամուտ է ժողովուրդի կարիքներուն հոգ տանելու: Այս առումով քաղաքապետական խորհուրդը իր ծառայութիւններու ծիրը ընդարձակած է ընդգրկելու շրջանի բնակչութեան ընկերային, բնակարանային, առողջապահական, մարզական, մշակութային եւ այլ ոլորտներ, եւ իրենք կը գործակցին իրենց առաքելութեան նուիրուած կազմակերպութիւններու հետ, որոնց կարգին է ԼՕԽ-ը: Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին որոշումով այս տարածքը կը տրամադրուի ԼՕԽ-ին, եւ ասիկա մարտահրաւէր է այս միութեան շարունակելու իր ծաւալուն գործունէութիւնը եւ խարսխուելու Պուրճ Համուտի իրականութեան մէջ: Իր խօսքի աւարտին քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը նեցուկ է ԼՕԽ-ին:

Ապա «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի աշակերտները գիրքին եւ ընթերցանութեան գովքը հիւսող հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն արտասանութիւններով հանդէս եկան:

Հուսկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր խօսքը արտասանեց: Ան նշեց, որ մէկուկէս տարի առաջ, երբ  Պուրճ Համուտի քաղաքապետին հետ կը շրջագայէր Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ եւ տեսնելով, որ այս հանրային պարտէզը սկսած էր կորսնցնել իր կեանքը, առաջարկած է քաղաքապետին, որ այս տարածքը յանձնուի ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, եւ հոն փոխադրուի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանը: Այս առումով Պուրճ Համուտի քաղաքապետը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց եւ խոստումը դարձաւ իրականութիւն:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այսօր ունինք սքանչելի գրադարան մը, հսկայ տարածքով եւ խաղավայրով, որուն կառուցումը եղաւ առանց աղմուկի: Առանց խօսելու կատարուեցաւ այս գործը եւ գործը ինք կը խօսի: Ան յայտնեց, որ ասիկա չկառուցուեցաւ փակուելու համար, այլ կառուցուեցաւ, որպէսզի մեր զաւակները գրադարան յաճախեն եւ աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ դաս սորվին: Պէտք է երախտապարտ ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք այս առիթը կ՛ընծայեն:

Պուրճ Համուտի եւ Լիբանանի հայութիւնը պիտի մնայ հոս` Լիբանանի մէջ, պայմանով, որ շարունակէ տրոփել ու շնչել հայօրէն, հայ երեխաները յաճախեն հայկական դպրոց, անոնք մաս կազմեն հայկական միութիւններու, մեր շրջանաւարտները դերակատարութիւն վերցնեն մեր ազգային – հասարակական կեանքին մէջ, մաս կազմեն մեր կուսակցութիւններուն եւ անպայման ըլլան հայութեան մէջ, մտածեն, աշխատին ու ստեղծագործեն հայօրէն, որովհետեւ այլապէս կը կորսնցենք մենք մեզ եւ անցեալէն եկած բոլոր ժառանգները, որոնք վստահուած են մեզի` շարունակելու մեր նախնիներուն սկսած գործը: Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ վստահ Նարօտ Արտալճեանի հոգին ուրախութեամբ կը սաւառնի երկինքին  մէջ ի տես այս նուաճումին: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս աշխատանքին հետեւեցան եւ իրագործեցին:

Փակման խօսքը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան իր գնահատանքը յայտնեց ի տես այս սքանչելի նախաձեռնութեան, որ իրականացած է այս միջավայրին մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդի դեռատի զաւակները փողոցի այլասերող միջավայրէն անջատուելով այս գրադարանի եւ խաղավայրի առողջ մթնոլորտին մէջ կարենան իրենց միտքն ու հոգին կերտել համաձայն մեր ակնկալութիւններուն: Առաջնորդ սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս նախաձեռնութեան յարատեւութեան համար սրտովին պիտի գործեն, որպէսզի այս միջավայրը մեր դպրոցներու կողքին իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունենայ մեր ժողովուրդի զաւակներու նկարագիրի կազմաւորման կարեւոր աշխատանքին մէջ:

Ապա առաջնորդ սրբազանը օրհնութեան աղօթք կատարեց եւ ժապաւէնի հատումով մեկնարկը կատարուեցաւ «Նարօտ Արտալճեան» գրադարան-պարտէզի բացման:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գայեանէ» Պարի Դպրոցը Հանդէս Եկաւ «Սարդարապատ» Ելոյթով

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?