Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան. «Փտածութեան Դէմ Պայքարի Հոլովոյթը Պիտի Շարունակուի»

June 27, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին, որուն մասնակցած են իրաւապահ մարմիններու ղեկավարները, քննարկուած է փտածութեան դէմ պայքարի ընթացքը:

«Այսօր, կը կարծեմ` Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարը  ամէնէն շատ քննարկուող նիւթն է եւ այդ ուղղութեամբ լուրջ աշխուժութիւն կայ իրաւապահ մարմիններու եւ կառավարութեան կողմէ: Ատիկա բնական է, որովհետեւ փտածութեան դէմ պայքարը յայտարարած ենք կառավարութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը: Այս հոլովոյթի շրջագիծին մէջ պէտք է շատ խստօրէն հետեւիլ օրինականութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, մարդու իրաւունքները յարգելուն, որպէսզի իրաւապահ մարմիններու  գործողութիւններուն հետ կապուած որեւէ այլ մեկնաբանութիւն չըլլայ: Երբ մենք Հայաստանի մէջ բացած ենք փտածութեան դէմ պայքարի էջը, միեւնոյն ժամանակ փակած ենք քաղաքական բանտարկեալներու եւ քաղաքական հալածեալներու, հաւանական քաղաքական հալածանքներու էջը: Շատ կարեւոր է, որ իրաւապահ մարմիններու գործողութիւնները որեւէ ձեւով այլ մեկնաբանութիւն ստանալու իրական հիմք չունենան: Շատ կարեւոր կը նկատեմ, որ մենք այս ձեւաչափով գանք ընդհանուր յայտարարի եւ նախ` համոզուած ըլլանք, որ փտածութեան դէմ պայքարի հոլովոյթը պիտի շարունակուի, երկրորդ` հոլովոյթը պիտի շարունակուի աւելի  արդիւնաւէտ եւ անոր ընթացքին պիտի երաշխաւորուին մարդու իրաւունքները, օրինականութիւնն ու ընդհանրապէս հանրութեան շահերը», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Այնուհետեւ խորհրդակցութեան մասնակիցները վարչապետին զեկուցած  են փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ իրականացուող եւ յառաջիկային նախատեսուող աշխատանքները: Անդրադարձ կատարուած է իրաւապահ մարմիններու փոխադարձ գործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերող հարցերուն:

Նախորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է Րաֆֆի Համբարեանը

Յաջորդը

Արարատի Ֆութպոլիստները Կը Հրաժարին Մարզուիլ Արկադի Անդրէասեանի Գլխաւորութեամբ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.