Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Աղքատախնամ Մարմին. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Եւ Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած Ազգային – Հայրենասիրական Երգերու Երեկոյ

Յունիս 23, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Աղքատախնամ մարմինին, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին եւ Արցախի ազատագրական շարժման 30-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 22 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային եւ հայրենասիրական երգերու երեկոյ:

Սրահի մուտքին Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը կրող զարդասեղներ բաժնուեցան բոլորին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք կազմակերպիչ մարմինին անունով տոքթ. Ճորճ Կիւլեսերեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն ըսաւ, թէ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Աղքատախնամ մարմինը` մեկնելով եկեղեցւոյ նշանաբանէն` «Հաւատք, կամք, ծառայութիւն», եւ նկատի ունենալով իր մարդասիրական առաքելութիւնը, ուզած է կազմակերպել ձեռնարկ մը եւ անոր հասոյթը տրամադրել ազգի կարօտեալ զաւակներուն` աւելցնելով, որ ներկայիս երկրի տնտեսական դժուար պայմանները զիրենք կը դնեն յաւելեալ պարտաւորութեան դիմաց` նեցուկ կանգնելու ազգի զաւակներուն: Ան յայտնեց, որ յարմար գտած են, որ սոյն ձեռնարկը ընդգրկէ զոյգ սրբազան տարեդարձներու` Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակին եւ Արցախի ազատագրական շարժման 30-ամեակին դրոշմը: Եզրափակելով իր խօսքը` տոքթ. Ճորճ Կիւլեսերեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան եւ յատկապէս Մեսրոպ Ա. քհնյ.  Քէրքէզեանին, առանց որուն կարելի պիտի չըլլար իրականացնել սոյն ձեռնարկը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան հետեւեալ արուեստագէտները` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ իր նուագախումբին. Մարալ Շաննագեան-Ադամեան, որ մեկնաբանեց «Մարտիկի երգը», «Կռունկ գնա՛» եւ «Ղարաբաղ» երգերը,  Կարինէ Աբրահամեան-Անդրանիկեան` «Բարի Արագիլ», «Հայաստան աշխարհ», «Երեւան իմ մայր քաղաք» եւ «Արփա-Սեւան» երգերը, Ղազար Քէօշկերեան` «Տուն իմ հայրենի» երգը, Յովիկ եւ Ղազար Քէօշկերեաններ միասնաբար մեկնաբանեցին «Պիտ պաշտպանեմ» եւ «Երկիր նայիրեան» երգերը, Շուշան Սարգիսեան` «Երեւան» երգը, Արմիկ Քէրքէզեան` «Երազ իմ երկիր», «Իմ Անի», «Աշտարակ», «Պիտի գնանք» եւ «Հսկայ երկիր էր» երգերը:

Կարճ դադարէ մը ետք Լիւսի Չամսարեան ջութակի վրայ նուագեց «Պատերազմ ենք գնում», «Աղբերս ու ես» եւ «Արցախ» (Արա Գէորգեան) երաժշտական կտորները, Մինաս Ադամեան մեկնաբանեց «Երեւանս», «Լեռներ հայրենի», «Բարեւ Հայաստան», «Կենաց երգ», «Անցնինք Սասուն» երգերը, Շաքէ Պաղտասարեան` «Ղարաբաղ», «Հայոց աշխարհ», «Քէլէ լաօ-Մշեցու զաւակ», «Պատերազմ ենք գնում» եւ «Հզօր Հայաստան» երգերը, Նժդեհ Պոտրումեան` «Ղարաբաղցին», «Աղբերս ու ես», «Հայ հերոսների երգը», «Գետաշէն» եւ «Արդեօք ովքե՞ր են» երգերը:

Աւարտին, փոխան փակման խօսքի, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ    Ա. քհնյ.  Քէրքէզեան  ասմունքեց «Հայրենի տուն» քերթուածը` տուտուկի ընկերակցութեամբ Գրիգոր Ֆէնէրճեանի:

Ձեռնարկի եզրափակիչ բաժինով բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ Հայաստանի եռագոյն դրօշը, իսկ յայտագիրին մասնակցող բոլոր արուեստագէտներն ու ներկայ հանդիսատեսները մեկնաբանեցին «Սարդարապատ» յաղթերգը, մինչ սրահին մէջ կը ծածանէին եռագոյն դրօշները:

 

Նախորդը

«Ի՜նչ Անեմ… Հայութիւնն Առկայ Է Իր Ծիներում». Թուրքիայի Համշէնահայ Պլոկըրի Անդրադարձը` ՏՆԹ Քննութիւններին Եւ Իր Հայկական Արմատներին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?