Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբի լիագումար նիստը, հինգշաբթի, 21 յունիսին վաւերացուց 2019-ի պետական ամավարկին մէջ արտաքին օժանդակութեանց առնչուող տեղեկագիրը, որուն մէջ ներառուած է Արցախին աջակցելու ծերակուտական Քրիս Վան Հոլընի առաջարկը:
Արդարեւ, վաւերացուած տեղեկագիրին մէջ կը շեշտուի, որ Արցախի գծով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շարունակուող եւ երկարաձգուող տագնապին պատճառով, կենսական իմաստ ունի աջակցութիւն տրամադրել յատկապէս Արցախի մէջ վերականգնողական ջանքերուն, որոնցմէ մէկն է Քոքսի անուան Ստեփանակերտի կեդրոնը, որ վերջին 20 տարիներուն աջակցած է աւելի քան 15 հազար վիրաւորներու:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ողջունեց ծերակուտական Վան Հոլընի այս քայլը, որ Արցախի ժողովուրդին համար ամերիկեան յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու նորագոյն ջանքին նախաքայլը կը հանդիսանայ:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը վերջին քանի մը տարիներուն Արցախի աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով` շեշտը դրած է Արցախը ականազերծելու եւ վերականգնողական ջանքերուն վրայ: Այս տարուան ամավարկին համար, Հայ դատի յանձնախումբը Արցախի համար առաջարկած է առնուազն 6 միլիոն տոլարի աջակցութիւն, որ մաս կը կազմէ «Խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում» խորագիրին տակ ներկայացուած համապարփակ ծրագիրի մը` ուղղուած Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց: Մանրամասնութեան ծանօթանալու համար այցելել` https://anca.org/press-release/anca-backs-targeted-70-million-peace-prosperity-aid-package-artsakh-armenia կայքը:



