Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Դատախազին Հետ

Յունիս 26, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ օրերս ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան հանդիպում ունեցած են Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Արթուր Դաւթեանի հետ:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են, որ աւելի քան հինգ տարի տեւող նախաքննութեան ընթացքին այդպէս ալ տակաւին բացայայտուած չէ Պռօշեանի համայնքապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան գործը:

Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազը վստահեցուցած է, որ նախաքննութեան ընթացքին ձեռնարկուած են օրէնքով նախատեսուած բոլոր միջոցառումները Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան դէպքի հանգամանքներու բազմակողմանի, լրիւ եւ առարկայական քննութեան համար, յառաջ մղուած եւ ստուգուած են շարք մը վարկածներ, ձեռնարկուած են բազմաթիւ հետախուզական միջոցառումներ, սակայն մինչեւ այսօր, ցաւօք, յանցագործութիւնը բացայայտուած չէ:

Դաւթեան վստահեցուցած է նաեւ, որ հետեւողական պիտի ըլլայ գործի բացայայտման հարցին մէջ եւ տեղեկացուցած, որ արդէն  համապատասխան յանձնարարական տուած է ո՛չ միայն գործող քննիչին, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր ոստիկանութեան` հետախուզական միջոցառումները շարունակելու համար:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները նշած են, որ կ՛ակնկալեն գործի շուտափոյթ բացայայտում եւ յոյս յայտնած են, որ իրաւապահ մարմիններու  հետեւողական ջանքերը արդիւնք կու տան:

 

 

Նախորդը

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Ձերբակալեց Նախկին Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թիկնազօրի Նախկին Պետ Վաչագան Ղազարեանը

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանը

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?