Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Ամառնային Դպրոցի Պաշտօնական Բացման Հանդիսութիւն

June 27, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 26 յունիս 2018-ին արտակարգ եռուզեռ կը տիրէր Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի շրջափակին մէջ: «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը, համաձայն իր աւանդութեան մանուկներու յատուկ ամառնային դպրոցի մեկնարկը կը կատարէր: Դպրոցին բակը աշակերտները  ուրախ ժպիտով կ՛ընդունէին դպրոցի առաջնորդները: Անոնք կը դիմայարդարէին աշակերտները եւ կը սպասէին պաշտօնական հիւրերու ժամանումին:

Քրիստին Սարգիսեան
Սերոբ Օհանեան

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ժամանումով ընթացք առաւ բացման հանդիսութիւնը: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի պատասխանատու Քրիստին Սարգիսեան: Ան նշեց, որ 12-րդ տարին ըլլալով բացումը կը կատարուի ամառնային դպրոցի ծրագիրին: 12 տարիներէ ի վեր այս դպրոցը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` հայ մանուկներու փոխանցելով գիտելիքներ, արտադասարանային դաստիարակիչ պտոյտներ կազմակերպելով եւ ընկերային նոր մթնոլորտ ստեղծելով: Քրիստին Սարգիսեան ուրախութիւն եւ պատիւ նկատեց արժանի ժառանգորդը դառնալու հարիւր տարի առաջ վաղամեռիկ Հաուըրտ Գարակէօզեանի հօր` Միհրան Գարակէօզեանի կտակին, եւ խոստացաւ շարունակել նոյն երթը հայ ազգի մանուկներուն առողջապահութեան, դաստիարակութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ օգտակար դառնալու առումով:

Իր սրտի խօսքը արտասանեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ամառնային դպրոցի բացման: Սերոբ Օհանեան նշեց, որ աւելի քան 280 աշակերտներ եօթը շաբաթներու վրայ պիտի հետեւին «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի 2018-ի ծրագիրին: Ամառնային դպրոցի ծրագիրին համար պատասխանատու կազմի կողքին իբրեւ մէկ սիրտ պիտի գործեն 25 առաջնորդներ` մանուկներուն տրամադրելով հաճելի պահեր եւ օգտաշատ գիտելիքներ: Ան յայտնեց, որ այս տարին յատուկ տարի է «Գարակէօզեան» հաստատութեան համար, որովհետեւ Հաուըրտ Գարակէօզեանի անժամանակ մահուան հարիւրամեակն է, եւ մենք Գարակէօզեան ընտանիքի կտակին շնորհիւ է, որ այսօր հոս ենք: Մեր ամբողջ աշխատանքն ու առաքելութիւնը հայ մանուկին հոգատարութիւնն է:

Ազատուհի Սիմոնեան
Շահէ եպս. Փանոսեան

«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան վարչութեան անունով խօսք առաւ Ազատուհի Սիմոնեան: Ան նկատեց, որ ամառնային այս ծրագիրը իր բազմաբնոյթ դաստիարակիչ կողմերը ունի: Ազատուհի Սիմոնեան նշեց, որ անցեալին մանուկները փողոցը կը խաղային, եւ ատիկա ապահով վայր կը սեպուէր, իսկ հիմա պայմանները փոխուած են: Ահա Գարակէօզեան հաստատութիւնը 12-րդ տարին ըլլալով ամառնային դպրոցի այս ծրագիրով իր նպաստը կը բերէ` ծառայելով մեր փոքրիկներուն: Ազատուհի Սիմոնեան իր երախտապարտութիւնը յայտնեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան` այլ ծրագիրներու կողքին այս օգտաշատ ծրագիրին իրագործումին համար: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հոյլ մը երիտասարդ առաջնորդներուն, որոնք իրենց թանկագին ժամանակը կը տրամադրեն հայ մանուկներուն տրամադրելով լաւագոյն պահեր:

Փակման խօսքը կատարեց  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան մանուկներու հաղորդական ոճով զրուցեց անոնց հետ: Ապա առաջնորդ սրբազանը ամառնային դպրոցի աշակերտներուն հետ միասնաբար աղօթեց Տէրունական աղօթքը: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ ուրախութեամբ կը մասնակցի ամառնային դպրոցի բացման հանդիսութեան: Ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց ի տես «Գարակէօզեան» հիմնարկի ծրագրած հայ մանուկներուն համար ամառնային այս շինիչ ծրագիրին իրագործումին: Անհրաժեշտ է, որ քաղքենի այս պայմաններուն մէջ ամառը մեր ժողովուրդի զաւակները քով-քովի ըլլան, քիչ մը իրարմով զօրանան, եւ մեր հայկականութիւնը աշխուժանայ իրենց հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ: Ան մաղթեց, որ այս աշխատանքը յարատեւէ եւ իբրեւ որակ բարգաւաճի մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ այս աշխատանքին կարիքը պիտի ունենանք յառաջիկայ տարիներուն եւս:

Ապա առաջնորդ սրբազան հօր հետ «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի կազմի խմբանկար մը  առնուեցաւ:

Այնուհետեւ ամառնային դպրոցի առաջնորդները երգերով, պարերով ու խաղերով ուրախութեան ժպիտ ուրուագծեցին աշակերտներու դէմքերուն: Աւարտին աշակերտները ստացան հիւրասիրութեան ծրարիկներ, տրամադրուած` «Գարակէօզեան» հաստատութեան կողմէ:

 

Նախորդը

Ի Սրտի Խօսք` Հայրենապաշտ Երաժիշտ Գէորգ Հաճեանին (Նոր Հրատարակուած Ձայնասկաւառակի Մը Առիթով)

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.