Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են ոռոգման շրջանի հրատապ լուծում պահանջող խնդիրները:
Վարչապետը նախ անդրադարձած է ոռոգման հետ կապուած առկայ կարիքներուն, նախապէս ներկայացուած կանխատեսումներուն եւ ընդգծած. «Ընդհանրապէս, Սեւանայ լիճի այսօրուան իրավիճակը մեզ կը ստիպէ արձանագրել, որ պէտք է դադրեցնենք Սեւանին հետ վերաբերիլ իբրեւ խաղալիք կամ ջրաման: Ատիկա բացարձակապէս անթոյլատրելի է, եւ Սեւանին իբրեւ ջրաման վերաբերելու գործելակերպը, ցաւօք, արդէն երկար ժամանակ Հայաստանի մէջ վերածուած է պետական քաղաքականութեան, եւ անոր հետեւանքները մենք այսօր կը տեսնենք: Յոյս ունիմ, որ ներկաները այս տրամադրութեամբ եւ տրամադրուածութեամբ եկած են այսօրուան քննարկումին: Մենք պէտք է այս փակ ու անցանկալի շղթան ի վերջոյ ճեղքենք»:
Այնուհետեւ պատասխանատուները ներկայացուցած են ջրամբարներու լեցուած ըլլալու մակարդակի, ոռոգման շրջանը լիարժէք փակելու համար անհրաժեշտ ջուրի քանակի, ճեղքուածքը լրացնելու հաւանական ձեւերուն եւ այլն: Տեղի ունեցած է միտքերու շահագրգիռ փոխանակում, ներկայացուած են տարբեր առաջարկներ` ոռոգման խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ: