Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Օսիպեանի. Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Օրինականութեան Մակարդակը Աննախընթաց Պիտի Ըլլայ

August 8, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6 օգոստոսին Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Վալերիյ Օսիպեան խորհրդակցութիւն կազմակերպած է ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան եւ ենթակայ ստորաբաժանումներու ղեկավար կազմին հետ:

Խորհրդակցութեան նպատակն էր անգամ մը եւս յստակացնել, թէ որո՛նք են ոստիկանութեան գործողութիւնները Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն ընդառաջ, ինչպէս նաեւ` ընտրութեան ընթացքին:

Վալերիյ Օսիպեան նշած է, որ բաւական աշխատանք կայ կատարելիք: Ան յիշեցուցած է ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան տարածած յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, որոշ քաղաքացիներ, փոխելով բնակութեան վայրի հասցէն, չեն ներկայացած նոր բնակութեան վայրին մէջ հաշուըւելու համար: Ատիկա սրբագրելու համար ոստիկանները կ՛այցելեն բնակարաններ եւ նման դէպքերու պարագային կը յորդորեն սեփականատէրը` դիմել անձնագրային ծառայութիւն` նախկին բնակիչին հաշուառումէն իրենց անունը վերցնելու եւ նորին մէջ նկատի առնուելու համար:

Ոստիկանապետը շեշտած է, որ ընտրացանկերուն մէջ պէտք չէ ըլլան մահացածներու անուններ, ինչպէս նաեւ այլ անճշդութիւններ` աւելցնելով, որ յառաջիկայ ընտրութիւնները օրինականութեան տեսանկիւնէ պէտք է աննախընթաց մակարդակ ունենան:

Վալերիյ Օսիպեան ընդգծած է, որ համայնքային ոստիկաններուն պէտք է աջակցին նաեւ միւս ստորաբաժանումները:

Անդրադառնալով ընտրութիւններու կազմակերպման մէջ ոստիկանութեան անմիջական մասնակցութեան` Օսիպեան յստակ եւ վճռական դիրքորոշում դրսեւորած է, որ անհանդուրժելի պիտի ըլլայ ընտրական կեղծարարութեան որեւէ դրսեւորում: Ան ոստիկանութեան ծառայողներէն պահանջած է զգօն ըլլալ` նմանօրինակ դրսեւորումներու չէզոքացման նպատակով, եւ ընդգծած է, որ այս առումով համապատասխան աշխատանք չտանող ոստիկաններուն նկատմամբ պատիժ պիտի սահմանուի:

«Թաղային հեղինակութիւնները ոչ մէկ ձեւով պէտք է ազդեն ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ: Եւ այս առումով ոստիկանները պէտք է գործեն վստահ ու համարձակ», շեշտած է ան:

 

Նախորդը

Արցախի Խումբ Մը Պատգամաւորներ Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Են Ռոպերթ Քոչարեանի Խափանման Միջոցը Փոխելու Հարցով

Յաջորդը

Նազարպայեւ-Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.