Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Ահմետ Հաժ Իպրահիմի հետ: Հանդիպումին մասնակցած է Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան Միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Արմէն Այվազեան:
Արծուիկ Մինասեան ողջունած է դեսպանը, անդրադարձած երկու բարեկամ երկիրներու առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն, նշած, որ անհրաժեշտութիւն կայ զանոնք բարձրացնելու քաղաքական եւ բարեկամական յարաբերութիւններու մակարդակին: Նախարարը կարեւոր նկատած է հայ-սուրիական միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի աշխատանքներուն նոր թափ հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ զգալիօրէն պիտի աշխուժացնէ առեւտրական եւ տնտեսական կապերը` նպաստելով անոնց ընդլայնման: Նախարար Արծուիկ Մինասեան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու ընթացքը, անդրադարձած սուրիացի գործարարներու համար դէպի Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Եւրոպական Միութեան շուկաներ Հայաստանը իբրեւ հարթակ դիտարկելու կարելիութեան:
Իր կարգին, դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնելով հանդիպումին համար, խօսած է տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման սուրիական կողմէ տրուող արտօնութիւններու, ինչպէս նաեւ հայկական արտադրանքը Սուրիոյ միջոցով արաբական երկիրներու շուկաներուն մէջ ներկայացնելու կարելիութեան մասին: Դեսպանը նոյնպէս կարեւոր նկատած է միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքը, ինչ որ պիտի նպաստէ բազմաթիւ հարցերու լուծման:
Հանդիպումին խօսուած է ներդրումներու խթանման, միացեալ արտադրութիւններու հիմնումին, ազատ տնտեսական գօտիներու մէջ գործունէութիւն ծաւալելու եւ շարք մը այլ հարցերու մասին: Դեսպանը յայտնած է յառաջիկային հայաստանցի լրագրողներու Սուրիա նախանշուող ճանաչողական այցելութեան մասին, ինչ որ զբօսաշրջութեան զարգացումը պիտի խթանէ, ինչպէս նաեւ տեղեկացուցած է Հայաստանի մէջ սուրիական արտադրանքի ցուցահանդէս կազմակերպելու նպատակայարմարութեան մասին, ինչ որ, թերեւս, կարելիութիւն կու տայ հետագային Հայաստանի ազատ տնտեսական գօտիներուն մէջ ունենալու մնայուն ցուցադրութիւն:
Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է յագեցած օրակարգի եւ բազմաթիւ հարցերու ներկայացման համար` նշելով, որ անոնց լուծման համար պիտի ստեղծուի աշխատանքային խումբ:
Հանդիպումի աւարտին կողմերը վերահաստատած են համագործակցութեան ընդլայնման իրենց պատրաստակամութիւնը:



