Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համբարձումեան. «Նոր Հայաստանի Մէջ Արդարադատութիւնը Որեւէ Պարագայի Պէտք Չէ Կողմնակալ Ըլլայ»

Օգոստոս 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի 45 պատգամաւորներ անձնական երաշխաւորութիւն յայտնած են` Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանքը փոխելու համար:

Այս գծով Դաշնակցութեան տեսակէտը ունենալու նպատակով «Երկիր»-ը զրուցած է ՀՅԴ  Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանին հետ, որ պատասխանած է. «ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը որեւէ անպատեհութիւն չի տեսներ, որ Դաշնակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւորները միանան Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու ստորագրահաւաքին: Այս մօտեցումը մեր յայտարարութեան տրամաբանութեան պարունակին մէջ է», ըսած է Համբարձումեան:

Ըստ անոր, մարտի 1-ի գործը պէտք է բացայայտուի ամբողջութեամբ` առարկայական, անաչառ եւ համակողմանի քննութեամբ, այդ իրադարձութիւններուն առնչուած անխտիր բոլոր կողմերուն ներգրաւումով եւ ոչ  միայն մէկ կողմի:

«Այս առումով Ռոպերթ Քոչարեանի եւ օրուան շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու առաջադրուած մեղադրանքները եւ ընտրուած խափանման միջոցները կու տան ընտրովի արդարադատութեան եւ կողմնակալ քննութեան տպաւորութիւն: Եւ ասիկա մտահոգիչ է: Խնդիրը Ռ. Քոչարեանի եւ միւսներուն մեղաւոր կամ անմեղ ըլլալը չէ: Օրէնքին առջեւ բոլորն ալ հաւասար են: Եւ մեղաւորութեան ապացուցման պարագային բոլորը պէտք է պատժուին, բայց նոր Հայաստանի մէջ արդարադատութիւնը որեւէ պարագայի պէտք չէ կողմնակալ ըլլայ», եզրափակած է Արսէն Համբարձումեան:

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան Ցաւակցագիր Յղած Է Նախագահ Փութինին

Յաջորդը

ՖԻՖԱ-ի Մրցաշարքերուն «Անհետացող Փրփրուր»-ի Կիրարկումը Կրնայ Արգիլուիլ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?