ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն, մտահոգուած ըլլալով Հայ ազգային քոնկրես կուսակցութեան անդամ Զոյա Թադեւոսեանի 31 յուլիսին «Հայելի» ակումբին մէջ կատարած հակասահմանադրական արտայայտութիւններուն առիթով, իսկոյն հրաւիրած էր խորհրդակցութիւն եւ քննարկումներու ընթացքին եկած այն համոզումին, որ Զ. Թադեւոսեանի յայտարարութիւնները ըստ Արցախի Հանրապետութեան գործող օրէնսդրութեան` քրէօրէն պատժելի արարք են, քանի որ այդպիսով հարցականի տակ առնուած է Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն այս առնչութեամբ իրաւական գործընթացի սկսած է:
«Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան հաղորդած է, որ 8 օգոստոսին Կեդրոնական կոմիտէն առերեւոյթ կատարուած յանցագործութեան փաստի վերաբերեալ հաղորդում ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան դատախազութեան: Հաղորդումին պատճէնը ներկայացուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահին:
Այն հարցումին, թէ արդեօք Զոյա Թադեւոսեանի ներողութիւնը չի՞ բաւարարեր ՀՅԴ-ին, Դաւիթ Իշխանեանը պատասխանած է. «Պէտք է նկատի ունենալ, որ Զոյա Թադեւոսեանը չէ վարկաբեկած որեւէ անհատ: Այդ պարագային ներողութիւնը, ափսոսանքը կրնային նշանակութիւն ունենալ: Տուեալ անձնաւորութիւնը այս պարագային շատ աւելի բարձր արժէքներ ոտնահարած է, ինչ որ կը պահանջէ պետական մակարդակով իրաւական գնահատական: Համոզուած ենք, որ իրաւական ճիշդ գնահատականը նախադէպ պիտի ըլլայ բացառելու այլ անձերու կամ կազմակերպութիւններու կողմէ նմանօրինակ արարքներու կատարումը կանխելու համար»:



