Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գարակէօզեան» Ամառնային Դպրոցի Եզրափակիչ Ձեռնարկին. Շահէ Եպս. Փանոսեան Եւ Երեսփոխան Բագրատունի Իրենց Այցելութեամբ Գօտեպնդեցին Աշակերտները

Օգոստոս 10, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 9 օգոստոս 2018-ն յիշարժան օր մը եղաւ «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի աշակերտներուն համար` երկակի իմաստով: Նախ առիթը ունեցան վայելելու Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ներկայութիւնը, երկրորդ` «Գարակէօզեան ամառնային դպրոցը եզրափակեցին «Հայ մշակոյթի օր» խորագրեալ իւրայատուկ յայտագիրով:

Արդարեւ, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի շրջափակին մէջ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ զետեղուած կրպակներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ուրֆայի եւ Տիգրանակերտի հայրենակցական միութիւնները, «Պատկեր» մշակոյթի կեդրոնը,

«Փուռ Ղազար»-ը. յատուկ կրպակ յատկացուած էր հայկական թռչնագիրերով դիմայարդարման եւ Հայաստանէն յատուկ բերուած հայկական լաւաշ հացին եւ Լոռիի պանիրի համտեսումին: Աշակերտները մերթ գունաւորեցին Հայաստանի զինանշանը եւ Արցախի խորհրդանիշ պապիկն ու մամիկը, մերթ սփռուող հայկական երաժշտութեան ունկնդրութեամբ հայկական մշակոյթի գոհարներու ծանօթացան եւ ըմբոշխնեցին ու համտեսեցին այս առիթով պատրաստուած հայկական համեղ ուտելիքները: Նշենք, որ ի պատրաստութիւն «Հայ մշակոյթի օր»-ուան, քանի մը օրէ աշակերտներէն իւրաքանչիւրը պատրաստեց հայկական եռագոյնով ապարանջան:

Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ այցելեցին Շահէ եպս. Փանոսեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որոնք իրազեկ դարձան «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի հսկայածաւալ եւ մարդասիրական աշխատանքին:

Այնուհետեւ հիւրերը քոլեճի սրահին մէջ ներկայ գտնուեցան աշակերտներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրին, որ ձօնուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին: Բեմը հայկականութիւն կը բուրէր, այդտեղ զետեղուած էին Մարաշի հայրենակցական միութեան կողմէ տրամադրուած Մարաշի աւանդական տարազն ու եռագոյն փուչիկներ: Յայտագիրը սկիզբ առաւ նախակրթարանի երգչախումբին կողմէ Հայաստանի քայլերգին երգեցողութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկան վեցերորդ դասարանի աշակերտներէն Քաթրին Թորոսեան եւ Անժելինա Քեքլիքեան: Անոնք յայտնեցին, որ այս համեստ յայտագիրը եւ «Հայ մշակոյթի օր»-ը կը ձօնեն Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին` քաջ գիտակցելով, որ արժանի ժառանգորդներն են անկախութեան սերունդին եւ արթուն պահակը հայ մշակոյթին: Արդարեւ, Մայիս 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի «Երեւանը չենք դատարկի» պատգամը օրին գօտեպնդեց հայ ժողովուրդը: Այսօր 100 տարիներ ետք Արամ Մանուկեանի խօսքերը կը հնչեն նոյնքան ուժեղ եւ կը քաջալերեն տէր կանգնելու մեր հայրենիքին, դրօշակիրը դառնալու մեր մշակոյթին եւ անաղարտ պահելու հայոց լեզուն:

Աշակերտութեան անունով անոնք երախտագիտութիւն յայտնեցին Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեանին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան եւ ամառնային դպրոցի տնօրէնութեանց իրենց հոգածու վերաբերումին ու հետաքրքրութեան համար: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ուրֆայի, Տիգրանակերտի եւ Մարաշի հայրենակցական միութիւններուն, «Պատկեր» մշակոյթի կեդրոնին, «Փուռ Ղազար»-ին եւ բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք Հայ մշակոյթի օր»-ուան յաջողութեան մէջ իրենց ներդրումը ունեցան:

Գեղարուեստական յայտագիրի ընթացքին ելոյթ  ունեցաւ նախակրթարանի երգչախումբը` փունջ մը հայերէն երգեր հրամցնելով ներկաներուն, ինչպէս` «Հայկական բանակ», «Սարդարապատ», «Ես կամ»: Տեղի ունեցաւ քոնկ ֆու շոյի ներկայացում, նուագ դաշնակի վրայ` Աւօ Թորոսեան, ասմունք` Գէորգ Պալեան, հայկական երկու շուրջպար:

Ապա «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի տնօրէն Քրիստին Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք եօթը շաբաթներու ընթացքին սրտանց, ուրախութեամբ, համբերութեամբ եւ ծառայութեան սիրով տարուած ամառնային դպրոցի ծրագիրը յաջողութեամբ պսակեցին: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ներկայութեան համար: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ երեսփոխան Բագրատունի ստանձնած էր այդ օրուան  աշակերտներուն կէսօրուան ճաշին ծախսը:

Իր սրտի եւ գոհունակութեան խօսքը արտասանեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես այս սքանչելի եւ ընտանեկան միջավայրին մէջ ամառնային դպրոցի կայացման: Այս  ամառնային հանդիպումները, որ «Գարակէօզեան» հիմնարկը կը կազմակերպէ,  անմոռանալի վայրկեաններ կը տրամադրեն մեր մանուկներուն: Ան իր մտածումները փոխանցեց աշակերտներուն` յայտնելով, որ դուք բախտաւոր էք, որ այսքան հայ աշակերտ քով- քովի կու գաք լաւ ժամանակ անցընելու իրարու հետ` նոր բարեկամութիւններ հաստատելով եւ երկրորդ` հայկական միջավայրի մէջ մնացիք: Այս օրերուն երբ ամէն տեղէ հով-փոթորիկ կու գայ, որ մենք իբրեւ հայ աշակերտներ ձգենք մեր հայութիւնը, երթանք ուրիշ տեղ, փորձենք ըլլալ ուրիշ բան, չկարենանք ըլլալ մենք զմեզ` հայ ընտանիքներու զաւակներ, դուք եկաք այս միջավայրին մէջ ձեր հայկականութիւնը պահելու, իսկ երրորդ` պէտք է փառք տալ Աստուծոյ, որ ձեր այս ամառնային հանդիպումներուն մասին մտածողներ կան եւ այդ մտածողներուն խորագիրը «Գարակէօզեան» հաստատութիւնն է, որ տարիներու ընթացքին բազմատեսակ ծրագիրներու ճամբով մեր ժողովուրդին օգտակար կ՛ըլլայ: Ան նշեց, որ չի բաւեր հաստատութեան անունը ունենալ. անունները կը տրուին, բայց անունները կը պահուին գործով եւ ամէնօրեայ ներկայութեամբ: Դուք եղաք «Գարակէօզեան» հաստատութեան բարիքները արդարօրէն վայելող եւ արժանի աշակերտներ: Ան գնահատեց «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնութեան եւ կամաւոր ուսուցիչներուն աշխատանքը:

Երեսփոխան Բագրատունի իր խօսքը եզրափակեց նշելով, որ աշակերտները պէտք չէ մոռնան, թէ երբ ազգը, ժողովուրդը, հաստատութիւնները ուրախացուցած են զիրենք, օգնած են, ուրեմն երբ մեծնան պէտք է փոխադարձել կամաւոր աշխատանքով, նիւթապէս, բարի կամեցողութեամբ օժանդակութիւն ընել, որպէսզի սերունդներ շարունակեն իրարու օգնել եւ մնալ մէկ ազգ, մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք, զօրաւոր հայութիւն:

Օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան գնահատեց ուսուցիչներուն կամաւոր եւ նուիրեալ աշխատանքը: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ առանց ամառնային դպրոցի այս երեխաները փողոցը պիտի մնային` լուսարձակի տակ առնելով «Գարակէօզեան»  հաստատութեան մարդասիրական եւ առանցքային դերը: Ան մաղթեց, որ հաստատութիւնը առաւել եռանդով աշխատի` նկատի ունենալով, որ այս գործը երախտաւոր գործ է: Ինչ որ կ՛ընենք Հայաստանի սիրով եւ հայութեան պահպանութեան համար կ՛ընենք եւ կը փորձենք այս երեխաներուն մէջ հայրենասիրութեան նուազագոյն սերմը հաստատել` յուսալով, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ այդ սերմը կ՛աճի եւ մեր ժողովուրդի զաւակները կը դառնան իսկապէս հայրենիքի նուիրեալներ:

Ապա աշակերտները միաբերան աղօթեցին Տէրունական աղօթքը, եւ Շահէ սրբազանին աղօթքով վերջ գտաւ «Հայ մշակոյթի օրը»:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Հարկադիր Եւ Անախորժ Ընտրանքը

Յաջորդը

Դէպի Ամբողջական Արդարութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Խմբագրական  «Փիս Էքթ»-ը  Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական «Փիս Էքթ»-ը Չի Կրնար Թերթել Արցախի Էջը

Հոկտեմբեր 17, 2025
«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան.   Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 81-րդ Առցանց Լսարան. Հայ-Ճափոնական Պատմամշակութային Կապերը

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?