Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութիւնը մերժած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը անձնական երաշխաւորութեամբ փոխարինելու վերաբերեալ Հայաստանի Ազգային ժողովի 45 պատգամաւորներու ներկայացուցած միջնորդութիւնը: Այս տեղեկութիւնը «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց դատախազութեան հանրային կապերու բաժանմունքի պետ Արեւիկ Խաչատրեան:
Նշենք, որ Քոչարեանի կալանաւորման որոշումին դէմ ներկայացուած բողոքը Հայաստանի Հանրապետութեան վերաքննիչ քրէական դատարանին մէջ պիտի քննուի այսօր: Ներկայացուած բողոքին կցուած է նաեւ պատգամաւորներու երաշխաւորութեան վերաբերեալ փաստաթուղթը:
Նախապէս տեղեկացուցած ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը անձնական երաշխաւորութեամբ փոխարինելու վերաբերեալ փաստաթուղթին տակ ստորագրած է Ազգային ժողովի 45 պատգամաւոր, այդ կարգին` Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանն ու երկու փոխնախագահները: