Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսէն Համբարձումեան. «Անկախ Գործադիր Իշխանութեան Մէջ Ըլլալ-Չըլլալէ, Մենք Ազատ Ենք Կարծիք Ու Տեսակէտ Արտայայտելու Հարցով»

Օգոստոս 9, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Առաւօտ» oրաթերթը կը գրէ. «ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան կը յորդորէ` ո՛չ Դաշնակցութեան յայտարարութիւնը, ո՛չ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներու, ոչ ալ Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Ավինեանի խօսքը բովանդակութենէն  անջատել ու փորձել տարատեսակ մեկնաբանութիւններու առարկայ դարձնել:

Պատասխանելով «Առաւօտ»-ի հարցումին, թէ արդեօք իրեն համար հասկանլի՞ է այն, որ Տիգրան Ավինեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ֆէյսպուքեան ասուլիսին ժամանակ յայտարարեց, որ անոր համար անհասկնալի է ՀՅԴ-ի` Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցը փոխելու վերաբերեալ յայտարարութիւնը, Արսէն Համբարձումեանը պատասխանեց.

«Այս առումով յստակ արձանագրենք` Դաշնակցութեան յայտարարութեան, դաշնակցականներու կողմէ կատարուած  տեսակէտներու մէջ որեւէ տեղ դուք չէք կրնար հանդիպիլ միտքի կամ արտայայտութեան մը, որ Դաշնակցութիւնը որեւէ ձեւով մեղադրանք կը  հնչեցնէ օրուան իշխանութիւններու հասցէին կամ կասկածի տակ կը դնէ գործադիր իշխանութեան եւ իրաւապահ մարմիններու  յարաբերութիւններուն առնչութեամբ մօտեցումները: Մենք արտայայտած  ենք մեր կարգ մը մտահոգութիւնները եւ զանոնք արտայայտելու համար ունեցած ենք որոշակի հիմքեր»:

«Առաւօտ»-ի այն յիշեցումին, թէ Տիգրան Ավինեանը նշած է, որ Դաշնակցութիւնը, որ հիմա մաս կը կազմէ կառավարութեան, պէտք է շատ յստակ գիտնայ, թէ ինչպիսի փոխյարաբերութիւններ կան գործադիր եւ դատական իշխանութիւններուն միջեւ, եւ արդեօք կա՞ն ճնշումներ դատական իշխանութիւններուն վրայ, թէ՞ չկան, Արսէն Համբարձումեան այսպէս արձագանգած է. «Մենք ատիկա աւելի քան կը հասկնանք եւ հասկնալով հանդերձ, եթէ այս կամ այն հարցերուն հետ կապուած չունինք յստակ պայմանաւորուածութիւններ համաձայնական կառավարութեան  գործընկերներու հետ, մենք մեր գործողութիւններուն եւ քայլերուն մէջ ազատ ենք:

«Կը կարծեմ` անկախ գործադիր իշխանութեան մէջ ըլլալ-չըլլալէ, մենք ազատ ենք, եւ կը կարծեմ ատիկա մեր երկրի ամէնէն կարեւոր ձեռքբերումը պիտի ըլլայ, որ քաղաքական գործիչները ազատ ըլլան կարծիք ու տեսակէտ արտայայտելու հարցով: Ասիկա պէտք չէ կապել համաձայնական կառավարութեան գործընկերութեան հետ: Մենք մեր արտայայտութիւններուն եւ ձեւակերպումներուն մէջ եղած ենք շատ յստակ եւ խօսած ենք միայն մտահոգութիւններու մասին»:

Թէ ան ինչպիսի՞ գնահատական կու տայ այն փաստին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր դատախազութիւնը մերժեց Ռոպերթ  Քոչարեանի կալանքը փոխելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը, Արսէն Համբարձումեան նշեց.

«Իրենց իրաւասութիւնն է մերժել կամ ընդառաջել: Այս պահուն ձեռնպահ կը մնամ որեւէ ձեւով արձագանգելէ: Կ՛ուզեմ յատուկ շեշտել ու կրկնել, որ որեւէ քաղաքական գործիչի` անկախ անոր ունեցած վաստակէն, պատասխանատուութեան ենթարկելու հետ կապուած թապու չկայ, այդ կարգին Ռոպերթ Քոչարեանի պարագային: Մենք որեւէ մէկուն պաշտպանը կամ փաստաբանը ըլլալու ցանկութիւն եւ անհրաժեշտութեան խնդիր չունինք: Միայն կ՛ըսենք, որ նոր Հայաստանի մէջ արդարադատութիւնը որեւէ պարագայի պէտք չէ կրկնէ նախորդ ժամանակահատուածին կատարուած սխալները, եւ վստահութիւնը, որ կը ձեւաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արդարադատութեան հանդէպ, որեւէ պարագայի կասկածի տեղիք պէտք չէ տայ: Այս տրամաբանութեան մէջ ընտրովի արդարադատութեան որեւէ դրսեւորման հաւանականութիւն պէտք է բացառուի: Մեր ըսածին իմաստն ու տրամաբանութիւնը այս էր»: Անդրադառնալով 1 մարտի  դէպքերուն` Արսէն Համբարձումեան շեշտեց. «Բոլորս ալ գիտենք` 1 մարտի դէպքերուն առնչութեամբ կայ երկու կողմ, եւ մեղադրանք  ներկայացուած է մէկ կողմի ներկայացուցիչներու նկատմամբ: Մենք կողմնակից ենք 1-2 մարտի դէպքերու լիարժէք, ամբողջական բացայայտման, որ մէկընդմիշտ բոլոր հարցականները` այդ իրադարձութեան հետ կապուած, ստանան իրենց պատասխանը եւ հետագայ շահարկումներու տեղիք չտան եւ որեւէ ձեւով 1-2 մարտի  դէպքերը ազդեցութիւն չունենան Հայաստանի ներքաղաքական զարգացումներուն վրայ»:

Նախորդը

Ազրպէյճանական Դիրքերէն Մէկուն Մէջ Ուժգին Պայթում Եւ Կրակոցներ

Յաջորդը

Ուսմանով Պիտի Վաճառէ Արսենալի Իր Բաժնետոմսերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?