Նախագահ Աուն Ներկայ Գտնուեցաւ Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Պատրիարքարանի Բացման Արարողութեան Եւ Մատուցուած Պատարագին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Աթշանէ-Պիքֆայա շրջանին մէջ ներկայ գտնուեցաւ ասորի ուղղափառ համայնքի նորակառոյց պատրիարքարանի բացման արարողութեան: Ասորի ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին կողքին, պատրիարքարանի բացման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ղպտի ուղղափառ համայնքի Թէոդորոս Բ. պապը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, կաթողիկէ հայոց Գրիգորիս - Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, Անտիոքի եւ...




















