Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Փաշինեան. «Չեմ Հաւատար,  Որ Ռուսիան Կրնայ Իր Լծակները Օգտագործել  Պատերազմ Թոյլ Տալու Համար»

Ակնարկ. Միջազգային Փաստաթուղթերով Նշուած Հայկական Ամրագրումներ

Լրագրողներուն հետ վարչապետ Փաշինեանի  ունեցած հանդիպումը շօշափեց հարցերու լայնածիր շրջագիծ: Եթէ լուսարձակի տակ առնենք արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ վարչապետին կատարած պարզաբանումները, ապա այնտեղ կը նկատենք երանգային որոշ շեշտադրումներ, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ կը պահեն իր կատարած յայտարարութիւններու հետեւողականութիւնը: Այսպէս. նախ բառացի մէջբերենք այս պարագային պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը պարզաբանող վարչապետին խօսքը. «Առանց Արցախի ժողովուրդի մասնակցութեան Արցախի հարցի լուծում չի կրնար կայանալ: Բոլոր...

ՄԱՀԱԶԴ

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոն խոր վշտով տեղեկացնում է, որ 22 յուլիսին սրտի կաթուածից իր մահկանացուն կնքեց վաստակաշատ ընկեր, ՀՅԴ Բիւրոյի Երեւանի գրասենեակի երկարամեայ պատասխանատու, Բիւրոյի գործավար (աշխատակազմի ղեկավար)` ԸՆԿ. ՎԱՀԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի անունից մեր վշտակցութիւնն ենք յայտնում ընկ. Վահէ Յարութիւնեանի ընտանիքին, հարազատներին ու ընկերներին: ՀՅ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ 22 յուլիս 2018 Երեւան

Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է  Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Կեդրոնական Անձնակազմի Ղեկավար Կազմին Հետ

Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Կեդրոնական Անձնակազմի Ղեկավար Կազմին Հետ

Նախագահ Բակօ Սահակեան 20 յուլիսին հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի ղեկավար կազմի եւ արտերկրի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչներու հետ` արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Քննարկուած է հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի դիւանագիտական առաքելութիւններու գործունէութեան  վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Նախագահը յանձնարարականներ տուած է արտաքին...

Ռուսիան Հայաստանին Տրամադրած Է Վարկային  Համաձայնագիրով Նախատեսուած Սպառազինութիւնը

Ռուսիան Հայաստանին Տրամադրած Է Վարկային Համաձայնագիրով Նախատեսուած Սպառազինութիւնը

Ռուսիան ամբողջութեամբ Հայաստանին տրամադրած է 200 միլիոն տոլարի վարկային համաձայնագիրներով նախատեսուած սպառազինութիւնը: Այս մասին 22 յուլիսին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան  նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: «200 միլիոն տոլարի դիմաց տրամադրած զէնք-զինամթերքը  ժամանակակից,  արդիական, նոյնիսկ Ռուսիոյ  սպառազինութեան մէջ  չգտնուող սպառազինութիւն է», ըսած է Դաւիթ Տօնոյեան: 2015-ին Ռուսիան եւ Հայաստանը վաւերացուցած են վարկային համաձայնագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ Ռուսիան...

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադիրներու  Յուշաքանդակներու Բացումէն Ետք.  Հայութեան «Կամաւոր Բանակ»-ը Խրոխտ Ու  Առինքնող Շարքերով Կը Տողանցէ Երեւանի Մէջ,  Կ’այցելէ Եռաբլուր, Արամ Մանուկեանի Արձան  Եւ Վազգէն Սարգսեանի Անուան Զօրանոց

ՀՄԸՄ-ի Հիմնադիրներու Յուշաքանդակներու Բացումէն Ետք. Հայութեան «Կամաւոր Բանակ»-ը Խրոխտ Ու Առինքնող Շարքերով Կը Տողանցէ Երեւանի Մէջ, Կ’այցելէ Եռաբլուր, Արամ Մանուկեանի Արձան Եւ Վազգէն Սարգսեանի Անուան Զօրանոց

Նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները մեծ խանդավառութեամբ շարունակուեցան Հայաստանի մէջ: Տեղի ունեցաւ 100-ամեակի փառաւոր տողանցք, Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն եւ Արամ Մանուկեանի արձան այցելութիւն, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնին առջեւ միութեան հիմնադիրներու յուշաքանդակներու զետեղում եւ «Վարդան Բախշեան գրադարան-ընթերցարան»-ի բացում, այն պահուն, երբ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումի մասնակիցները, իրենց կարգին, ունեցան ազգային յայտագիրներով լեցուն երկու օր: Արդարեւ, 1200 բանակողները, 100-ամեակի տողանցքէն ետք, շաբաթ երեկոյեան այցելեցին...

Ակնարկ.  Մընպեժ, Իտլիպ Եւ Հելսինքի

Ակնարկ. Մընպեժ, Իտլիպ Եւ Հելսինքի

Սուրիական պատերազմին հետ կապուած զինուորական ուժերու տեղաբաշխման գործընթացը կը յուշէ ուրուագծուող ազդեցութեան գօտիներու աշխարհագրական սահմանագծումներու ընդհանուր պատկերի մը մասին: Այս տեղաշարժերը սկսած են աւելիով առարկայանալ Թրամփ-Փութին հելսինքեան հանդիպումէն ետք: Եթէ նկատի ունենանք  Անգարան շահագրգռած ազդեցութեան գօտիները, կը կեդրոնանանք հետեւեալ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ Անգարայի կատարած հրապարակային յայտարարութիւններուն վրայ: Վերջերս, Մընպեժի զինուորական խորհուրդը յայտարարեց, թէ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու վերջին խումբը, «մարզումի եւ...

«Խորհրդարանը Թափուր Դրութեան Ենթարկելու Եւ Ներկայ Օրէնքին Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւն Կատարելու Միջեւ Որոշում Մը Տալու Պարագային` Կը Զօրակցիմ Ընտրութիւններու Կայացման»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հաշիշի Մշակման Օրինականացման Շուրջ. Զգո՛յշ, Չիյնանք Թակարդին Մէջ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Հանդարտ, բայց ըստ էութեան ծրագրուած նախապատրաստութիւններէ ետք, վերջին օրերուն հրապարակ նետուեցաւ հաշիշի մշակումը օրինականացնելու գաղափարը եւ շատ արագ կերպով արտայայտութիւն գտաւ թէ՛ քաղաքական շրջանակներու մօտ, թէ՛ լրատուական միջոցներու եւ թէ՛ ընկերային ցանցերու վրայ: Տասնամեակներ ամբողջ այս բոյսին եւ անոր արտադրութիւններուն վնասակար բնոյթը մոռացութեան տալով` այսօր յանկարծ անոր մշակումն ու բժշկական նպատակներով գործածութեան արդիւնաւէտութիւնը հրապարակ նետելով տարբեր շրջանակներ հազարումէկ...

Վարչապետ Փաշինեան. «Չեմ Հաւատար,  Որ Ռուսիան Կրնայ Իր Լծակները Օգտագործել  Պատերազմ Թոյլ Տալու Համար»

Վարչապետ Փաշինեան. «Չեմ Հաւատար, Որ Ռուսիան Կրնայ Իր Լծակները Օգտագործել Պատերազմ Թոյլ Տալու Համար»

Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը լրագրողներու հետ: Լրագրողներէն մէկը նշեց, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդներու  քարտուղարներու հանդիպումէն պարզ դարձաւ, որ Ռուսիան կը փորձէ վերակենդանացնել Լաւրովեան ծրագիրը եւ Հայաստանին պատերազմով կը սպառնայ: Ի պատասխան` վարչապետ Փաշինեան նշեց, որ համաձայն չէ լրագրողի գնահատականին, քանի որ պատերազմի վերսկսման վտանգը միշտ առկայ եղած է, եւ մենք պէտք է պատրաստ...

«ՀՅԴ-ի Նպատակը Արտահերթ  Ընտրութիւնները Ձգձգելը Չէ»  Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

«ՀՅԴ-ի Նպատակը Արտահերթ Ընտրութիւնները Ձգձգելը Չէ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ-ի նպատակը արտահերթ ընտրութիւնները ձգձգելը չէ: Այս մասին երէկ` 20 յուլիսին Ազգային ժողովին մէջ Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու հարցով Ազգային ժողովի 4 ուժերու  ներկայացուցիչներէ կազմուած աշխատանքային խումբի նիստին յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` մեկնաբանելով «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեանի դիտարկումը, որ ՀՅԴ-ի առաջարկած ընտրակարգը աւելի պիտի ձգձգէ  ընտրութիւնները: «Մենք կողմ ենք արտահերթ ընտրութիւնները կարելիին չափ սեղմ ժամկէտներու մէջ կազմակերպելուն, իսկ...

100-ամեակի Ջահավառութիւն, Ծառատնկում Եւ Ցուցահանդէս` Ծիծեռնակաբերդի  Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրին Մէջ

100-ամեակի Ջահավառութիւն, Ծառատնկում Եւ Ցուցահանդէս` Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրին Մէջ

Երէկ Հայաստանի մէջ շարունակուեցան ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ոգեկոչումները` Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ կազմակերպուած դրօշակի արարողութեամբ, ջահավառութեամբ, 100-ամեակի ծառատնկումով եւ հայ մարմնակրթութեան նուիրուած ցուցահանդէսի բացումով: Դրօշակի Հանդիսաւոր Արարողութիւնը 100-ամեակի երէկուան ոգեկոչումներուն շարքը սկսաւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր-թանգարանի մուտքին կազմակերպուած դրօշակի արարողութեամբ` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, միութեան հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թոռ` տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանի,...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ-ն իր ամբողջական զօրակցութիւնն է յայտնում Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցուն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իր անհանգստութիւնն ու մտահոգութիւնն է յայտնում Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հրաժարականի պահանջի պատրուակով հանդէս եկող «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութեան անդամների գործողութիւնների, անվայել պահուածքի կապակցութեամբ: Եկեղեցու «բարենորոգման» կարգախօսներով հանդէս եկող խմբի սադրիչ եւ սանձարձակութեան հասնող պահուածքն ու գործողութիւնները, ըստ էութեան, վերածուել են ո՛չ միայն Հայ առաքելական եկեղեցու նուիրապետի, այլեւ եկեղեցական հաստատութեան նկատմամբ բացայայտ ոտնձգութեան, ինչն...

Հրանդ Մարգարեան. «Կուտակայինի  Հարցով Մենք Պահանջատէր Ենք»

Հրանդ Մարգարեան. «Կուտակայինի Հարցով Մենք Պահանջատէր Ենք»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան կը կարծէ, որ իշխանութիւնները պէտք է պատշաճօրէն արձագանգէին եկեղեցւոյ շուրջ կատարուող գործընթացներուն: Ինչպէս յայտնի է` երկար ժամանակ է, որ  Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը կարգալոյծ ընելու համար պայքար կը տարուի: «Եկեղեցւոյ հետ կապուած հարցերը անընդունելի են, մենք ինչո՞ւ զուսպ կը մնանք, չեմ հասկնար, այսպիսով հասարակութիւնը կը մղենք առճակատումի: Իշխանութիւնները երկրին մէջ պէտք է կարգ ու...

Վարչապետ Փաշինեան. «Դժգոհ Ենք,  Որ Պիելոռուսիան Ազրպէյճանին Զէնք Կը Վաճառէ»

Վարչապետ Փաշինեան. «Դժգոհ Ենք, Որ Պիելոռուսիան Ազրպէյճանին Զէնք Կը Վաճառէ»

Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիելոռուսական «Եւրոռատիօ» լրատուամիջոցին հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձած է Պիելոռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին վաճառուող զէնքի նիւթին: Փաշինեանի համաձայն, Պիելոռուսիոյ կողմէ «Փոլոնեզ» զինատեսակի վաճառքը Ազրպէյճանին լարուածութիւն կը մտցնէ Մինսքի ու Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ: «Մեզ կ՛անհանգստացնէ Պիելոռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին զէնքի վաճառքը, ատիկա խնդիր պիտի դառնայ մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Ես այդ մասին ըսած եմ Պիելոռուսիոյ...

100-ամեակի Յուշաքանդակի Բացում Եւ ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Ընդհանուր Բանակումի Մեկնարկ` Բիւրականի Մէջ

100-ամեակի Յուշաքանդակի Բացում Եւ ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Ընդհանուր Բանակումի Մեկնարկ` Բիւրականի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 19 յուլիսին, Բիւրականի մէջ, Հայաստան, ընթացք առին ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւնները` միութեան 110 մասնաճիւղերուն նուիրուած յուշաքանդակի բացումով եւ համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ ընդհանուր բանակումի մեկնարկով: Յուշաքանդակի Բացումը ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ 110 մասնաճիւղերուն նուիրուած յուշաքանդակին բացումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, միութեան Բիւրականի բանակավայրի մուտքին` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի, փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի, Կոտայքի եւ Արագածոտնի մարզպետներ Ռոմանոս Պետրոսեանի...

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն.  «Արամի Ճամբով, Արցախեան Ոգիով» Գործուղում

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութիւն. «Արամի Ճամբով, Արցախեան Ոգիով» Գործուղում

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը  յաջորդաբար 14-րդ տարին ըլլալով կազմակերպեց իր տարեկան գործուղումը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` «Արամի ճամբով, արցախեան ոգիով» նշանաբանը ունենալով: Երէկ` հինգշաբթի, 19 յուլիս 2018-ի առաւօտեան ժամերուն, զաւարեանական 15 ընկերներ ուղղուեցան հայրենիք` գործելու եւ ծառայելու, հայ պատանիին հետ ապրելու ու անոր նեցուկ կանգնելու եւ մանաւանդ հայրենիք-սփիւռք կապերը զարգացնելու նպատակով: 15 ընկերներ պիտի բաժնուին երեք  խումբերու, որոնք պիտի գործեն...

Ակնարկ.  Արժանի Ըլլալու Համար` Պէտք Է Լիարժէք  Ճանչնալ Արամն Ու Բոլոր Պետականակերտ Դէմքերը

Ակնարկ. Արժանի Ըլլալու Համար` Պէտք Է Լիարժէք Ճանչնալ Արամն Ու Բոլոր Պետականակերտ Դէմքերը

Արամ Մանուկեանի արձանի ոդիսականը կը թուի, որ աւարտած է: Կը թուի, որովհետեւ կայքերու թէ ընկերային ցանցերու ճամբով տակաւին կը շարունակուի արծարծուիլ արձանի գեղագիտական բաժինը, տեղադրումի իրաւական ընթացակարգը, տեղադրումի վայրին նպատակայարմարութիւնը, անձին դերակատարութիւնը, կուսակցական պատկանելիութիւնը եւ ընդհանրապէս նման արձան կանգնեցնելու արարքին իմաստը: Կարելի է ըսել, որ ընդհանրապէս, շատ քիչ բացառութիւններ զանց առնելով, միանշանակ չեն ընկալուած որեւէ արձանի տեղադրումի որոշումը, քանդակագործի գեղագիտական...

Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատը Համաձայնութիւն  Տուած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն  Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած  Գործընկերութեան Համաձայնագիրին

Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատը Համաձայնութիւն Տուած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրին

Բրիտանիոյ Լորտերու պալատը համաձայնութիւն տուած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան` յղում կատարելով Լոնտոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան: Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատը 11 յուլիսին ընդունած էր Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը` փոխանցելով  Լորտերու պալատին` վերջնական վաւերացման համար:

Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ն Ընտրութիւններուն  Պիտի Մասնակցի Առանձին, Իր Ծրագիրով»

Համբարձումեան. «ՀՅԴ-ն Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի Առանձին, Իր Ծրագիրով»

17 յուլիսին Երեւանի կեդրոնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի բացումը: «Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման նախաձեռնութիւնը ՀՅԴ-ինն է, բայց դիրքի որոշումը տրուած է համապատասխան պատկան մարմիններու հետ քննարկումներէ, խորհրդակցութիւններէ ետք», «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան: «Մենք ըսած ենք, որ մեր պատկերացումով` Արամ Մանուկեանի արձանի տեղադրման ճիշդ վայրը Հանրապետութեան...

Բալայեան. «Հայաստանի Եւ Արցախի Միջեւ  Պէտք Է Ստորագրուի Ռազմաքաղաքական  Համագործակցութեան Համաձայնագիր»

Բալայեան. «Հայաստանի Եւ Արցախի Միջեւ Պէտք Է Ստորագրուի Ռազմաքաղաքական Համագործակցութեան Համաձայնագիր»

Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ պէտք է մշակուի եւ ստորագրուի ռազմաքաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիր: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան: «Որպէսզի 2 երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը իրաւական հիմքերու վրայ դրուի, կը կարծեմ, որ նման համաձայնագիրի անհրաժեշտութիւն կայ: Այդ համաձայնագիրը պէտք է ներառէ Հայաստանի ու Արցախի պարտաւորութիւնները, համաձայնութիւնները, քաղաքական համագործակցութեան բնոյթը պատերազմի պայմաններու մէջ, խաղաղութեան ժամանակ...

«Միջեկեղեցական Ու Միջկրօնական Յարաբերութիւնները Մեր Ս. Աթոռին Առաքելութեան Կարեւոր Բնագաւառները Կը Կազմեն» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Միջեկեղեցական Ու Միջկրօնական Յարաբերութիւնները Մեր Ս. Աթոռին Առաքելութեան Կարեւոր Բնագաւառները Կը Կազմեն» Արամ Ա. Կաթողիկոս

-------------- Անցնող քանի մը շաբաթներու ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործօն մասնակցութեամբ, միջեկեղեցական ու միջկրօնական կարեւոր հանդիպումներ տեղի ունեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Այս մասին օրին մամուլի ճամբով հակիրճ տեղեկութիւններ տրուեցան: Սակայն, նկատի ունենալով յիշեալ հանդիպումներուն քննարկուած նիւթերուն կարեւորութիւնը, կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթը խնդրեց Արամ Ա. կաթողիկոսէն, որ իր արժեւորումի մասին խօսի մեր ժողովուրդի զաւակներուն` իր առաջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումներուն մասին: ---------------...

Page 548 of 797 1 … 547 548 549 … 797

Արխիւներ