Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքայէլ Մանուկեան. «Մենք 128 Տարուան Պատմութիւն Ունինք, Եւ Չկայ Գործ Մը, Որուն Համար Մեր Գլուխները Կախենք»

September 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 15 սեպտեմբերին ՀՅ Դաշնակցութեան ցուցակով քաղաքապետի թեկնածու Միքայէլ Մանուկեան այցելած է «Վերնիսաժ»` քննարկելու թէ՛ տեղւոյն վրայ առկայ, եւ թէ՛ Երեւանի` մարդիկը յուզող խնդիրները:

Մանուկեանի համաձայն, երեւանցիներուն հետ հանդիպումներու ընթացքին  քաղաքացիները հիմնականին մէջ կը բարձրաձայնեն հրատապ խնդիրներու մասին` աղբահանութիւն, կանաչապատում, երթեւեկութիւն, բնակարանաշինութիւն: Ըստ անոր, շատ կարեւոր է ընտրութիւններէն  ետք բոլորին ծրագիրները համադրելը: «Ես, օրինակ, Նուպարաշէն վարչական շրջանին մէջ տուն մը տեսայ, եւ երբեք չէի պատկերացներ, որ կարելի է նման տուն գոյութիւն ունենայ 21-րդ դարուն: Անիկա  ամբողջութեամբ փայտէ կառուցուած էր: Տունը այն վիճակին մէջ է, որ քիչ մը յարաբերական է ըսել` այնտեղ ապրողները տուն ունի՞ն, թէ՞ ոչ: Անկախ անկէ, թէ  քաղաքապետ կ՛ընտրուի՞մ, թէ՞ ոչ, գոնէ մեր առաջարկը պիտի ներկայացնենք քաղաքապետարանին, որ այս խնդիրը լուծուի», ըսաւ քաղաքապետի թեկնածուն:

Երեւանի քաղաքապետարանը, Մանուկեանի գնահատումով, արդէն ինչ-ինչ խնդիրներ լուծած է, օրինակ` բաւական միջոցներ գործադրած է` փորձելով լուծել երթեւեկութեան խնդիրը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կ՛առաջարկէ ՀՅԴ-ն, որ միւս կուսակցութիւնները չունին իրենց ծրագիրին մէջ, ան ըսաւ, թէ նախ եւ առաջ, քաղաքապետական ոստիկանութեան ստեղծման անհրաժեշտութիւն իրենք կը տեսնեն եւ կը ծրագրեն: «Քաղաքապետական  ոստիկանութիւնը պէտք է զբաղի համայնքի գոյքի պահպանութեամբ, մեր քաղաքացիներու  անվտանգութեամբ, պէտք է ըլլայ քաղաքացիի կողքին գործող ոստիկանութիւն: Բացի ատկէ, մենք մեր ծրագիրին մէջ  ունինք համահայկական մայրաքաղաքի դրոյթը, ըստ որուն` հայութեան ներուժը պէտք է օգտագործել յանուն Երեւանի», նշեց Մանուկեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ յաղթելու իր առիթները, ան  ըսաւ` բարձր, քանի որ ՀՅԴ-ն պատմութիւն ունեցող կուսակցութիւն է եւ միշտ ժողովուրդի կողքին եղած է: «Մենք 128 տարուան պատմութիւն ունինք, եւ չկայ գործ մը, որուն համար մեր գլուխները կախենք», աւելցուց թեկնածուն: Մանուկեանի կարծիքով` այսօր երեւանցին, առհասարակ` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին, շատ բարձր ինքնագիտակցութիւն ունի եւ կը հաւատայ, որ պէտք է ինք որոշէ իր եւ երկրին ապագան:

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստան Ինքնիշխան Պետութիւն Է, Եւ Իմ Կառավարութիւնս Հանդէս Կու Գայ Բացառապէս Մեր Ժողովուրդի Եւ Մեր Երկրի Շահերէն Մեկնած»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.