Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան. «Հայաստան Ինքնիշխան Պետութիւն Է, Եւ Իմ Կառավարութիւնս Հանդէս Կու Գայ Բացառապէս Մեր Ժողովուրդի Եւ Մեր Երկրի Շահերէն Մեկնած»

September 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի վարած արտաքին քաղաքականութեան` ընդգծելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ:

Լրագրողը լուսարձակի տակ առած է այն, որ վարչապետ ընտրուելէն ի վեր Փաշինեան երեք անգամ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահին հետ` հարցնելով, որ Հայաստան արդեօք կրնա՞յ լիովին անկախ քաղաքականութիւն վարել:

«Մենք ո՛չ ռուսամէտ ենք, ո՛չ հակառուս, ո՛չ ամերիկամէտ, ո՛չ եւրոպամէտ, ո՛չ իրանամէտ: Հայաստան ինքնիշխան պետութիւն է, եւ իմ կառավարութիւնս հանդէս կու գայ բացառապէս մեր ժողովուրդի եւ մեր երկրի շահերէն մեկնած: Ասիկա պարզ էր Ռուսիոյ նախագահին հետ իմ ունեցած առաջին բանակցութիւններէս ետք, որոնք կը ներառէին անոր յարգանքը մեր ազգային ինքնիշխանութեան` սեփական արտաքին քաղաքականութիւն վարելու իրաւունքին նկատմամբ: Երբ ես ընդդիմութիւն էի, ան չմիջամտեց` կանխելու մեր յեղափոխութիւնը: Ան չմիջամտեց նաեւ յետոյ, երբ ես դարձայ վարչապետ: Մեր յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի վրայ», պատասխանած է Նիկոլ Փաշինեան:

«Շենգաւիթ» բժշկական կեդրոնի նոր մասնաշէնքի բացման արարողութենէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արձագանգած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, թէ` «Նիկոլ Փաշինեան դեռ պիտի զղջայ, որ իրեն հետ գլուխ դրած է»:

Փաշինեան ըսած է, որ այդ յայտարարութիւններով Քոչարեան ցոյց կու տայ իր քաղաքական ընկալումներուն եւ ըմբռնումներուն մակարդակը: «Ասիկա իրենց թաղի կռիւը չէ, ուր պարտուողները հեռանալու ատեն կ՛ըսեն` «դուն դեռ պիտի զղջաս», ըսած է Փաշինեան:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ Ռոպերթ Քոչարեան նաեւ ըսած է, թէ իշխանութիւնները իր մէջ սպառնալիք կը տեսնեն, Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց. «Քոմերսանթ» թերթը ինծի հարցում ուղղած էր, որ կ՛ըսեն, թէ դուք ատիկա կ՛ընէք քաղաքական գործօնը չէզոքացնելու համար: Ես ըսած եմ եւ հիմա ալ կ՛ըսեմ` Ռոպերթ Քոչարեան անունով քաղաքական գործօն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գոյութիւն չունի»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ էրտողանի հետ որեւէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն չէ եղած, երէկ ի պատասխան «Ազատութեան» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեանը:

Երէկ թրքական «Հիւրրիեթ» պարբերականը հրապարակած էր յօդուած մը, ըստ որուն, Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանի վարչապետին զանգահարած է` ապօրինաբար հայ-թրքական սահմանը անցած 16-ամեայ Ումութ Ալին ազատ արձակելու խնդրանքով:

«Եթէ որեւէ խօսակցութիւն տեղի ունենայ, մեր հանրութիւնը պիտի տեղեկանայ մեզմէ», աւելցուց վարչապետ Փաշինեան:

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին, Ումութ Ալի Էօզմեն 45 օր է կը պահուի հայկական բանտին մէջ` 24 յուլիսին Կարսի մէջ որսի ժամանակ հայ-թրքական սահմանը հատելու պատճառով:

Նախորդը

Միքայէլ Մանուկեան. «Մենք 128 Տարուան Պատմութիւն Ունինք, Եւ Չկայ Գործ Մը, Որուն Համար Մեր Գլուխները Կախենք»

Յաջորդը

Ակնարկ. Սահմանահատումներ Եւ Տեղեկատուական Խաղեր

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.