Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2018-2022 Քառամեակի Ա. Լիակազմ Ժողով

September 15, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

8, 9 եւ 10 սեպտեմբեր 2018-ին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան 2018-2022 քառամեակի Ա. լիակազմ ժողովը:

Օրակարգի առաջին բաժինով, ժողովը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեանց տեղեկագրական զեկուցումները եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Համազգայինի նորաստեղծ կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ կը մեծնայ, եւ երիտասարդ համազգայնականներուն թիւը, յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններուն մէջ, կը բազմանայ: Աշխուժ գործունէութիւն ունին Հիւսիսային Ամերիկայի երեք եւ Միջին Արեւելքի Շրջանային վարչութիւնները, ու ժրաջանօրէն եւ նոր թափով աշխատանքի լծուած է Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը. միւս կողմէ սակայն, դժուարութիւններ կը յամենան Եւրոպայի կարգ մը կառոյցներուն եւ Հարաւային Ամերիկայի շրջաններուն մէջ, որոնք յաւելեալ կազմակերպական ճիգ եւ ուշադրութիւն կը պահանջեն: Անոնց վերակազմակերպումը Կեդրոնական վարչութեան օրակարգի կարեւոր խնդիրներէն պիտի ըլլայ քառամեայ գործունէութեան ընթացքին:

Այս գլուխին տակ, ժողովը տեղեկացաւ շրջաններուն մէջ ծրագրուող եւ ընթացքի մէջ եղող Համազգայինի 90-ամեակի նշման ձեռնարկներուն մասին, որոնք պիտի կայանան յաջորդ քանի մը ամիսներուն: Այդ շարքին մեկնարկը եղաւ 9 սեպտեմբերի մեծաշուք հանդիսութիւնը` Երեւանի Սունդուկեան Ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ:

Յաջորդաբար, ժողովը զբաղեցաւ մայիսին Երեւանի մէջ կայացած Համազգայինի Ը. Պատգամաւորական ժողովի բանաձեւերով, որոնք կը գծեն մեր միութեան յառաջիկայ քառամեակի գործունէութեան ուղիները: Այսպէս, կրթական խնդիրներու գլխուն տակ, ժողովը քննեց Կեդրոնական վարչութեան հովանիին տակ գործող կրթական հաստատութիւններու վարչական եւ ուսումնական խնդիրները: Տեղի ունեցաւ Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան, Մարսէյի եւ Սիտնիի Ա. եւ Ս. Գոլստըն Ճեմարաններու հայեցի դաստիարակութեան հարցերու քննութիւնը եւ այդ հաստատութիւններու տնօրէններու աշխատանքներուն գնահատականը: Գնահատուեցաւ Համազգայինի Պէյրութի «Ռաֆֆի եւ Անելկա  Արսլանեան Մանկամսուր»-ի նորակառոյց շէնքի ամբողջացումը եւ սեպտեմբեր 2018-ին արդէն իսկ մանուկներ ընդունելու իրողութիւնը: Ժողովը յատուկ ուշադրութիւն դարձուց Իսիլեմուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի գործունէութեան եւ որոշեց շարունակել իր յանձնառութիւնը այդ հաստատութեան նկատմամբ:

Անդրադառնալով սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի դասաւանդ ապագայ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրին, ժողովը որոշեց թափ տալ Երեւանի պետական համալսարանին հետ գործակցութեամբ իրականացուող Համազգայինի հայագիտութեան մագիստրոսական ծրագիրի քարոզչութեան: Այս ծրագիրը արդէն իսկ սկսած է տալ շօշափելի արդիւնքներ, որով իրենց հայագիտութեան մագիստրոսական ուսումը աւարտող երիտասարդներ այժմ կը պաշտօնավարեն սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ: Նոյնպէս, սփիւռքի տարածքին գործող հայկական վարժարաններուն համար տնօրինական մասնագիտացած անձնակազմ պատրաստելու միտումով, ժողովը հաստատեց դպրոցական վարչագիտութեան մագիստրոսութեան ծրագիրին յաւելեալ քարոզչութիւն կատարելու աշխատանքին կարեւորութիւնը:

Ժողովը առանձնաբար քննեց նաեւ Համազգայինի այլ հաստատութիւններուն` «Վահէ Սէթեան» տպարանին, հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին անցնող տարուան գործունէութեան համարատուութիւնը եւ կարեւոր նկատեց հրատարակչական մարզին մէջ արդիականացման միջոցներու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս օրինակ ելեկտրոնային գրադարանի յառաջացումը, հրատարակութիւններու որակի բարձրացումը եւ ցուցասրահի նորովի գործունէութեան կարելիութիւնները: Անդրադառնալով «Բագին» գրական հանդէսին` ժողովը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ խմբագիրին ու խմբագրական խորհուրդին  աշխատանքներով «Բագին»-ը ներգրաւած է երիտասարդ գրողներու զգալի թիւ մը:

Կազմակերպական գրասենեակներու օրակարգով, ժողովը քննեց Պէյրութի, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի գրասենեակներու գործունէութիւնը: Քննութեան կեդրոնացումը կատարուեցաւ յատկապէս նորաստեղծ գրասենեակներուն վրայ, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ Համազգայինի գրասենեակի գործունէութեան ծիրը ընդլայնելու, անոնց միջոցով տեղական մշակութային կեանքի զարգացման մէջ Համազգայինի դերակատարութեան կարելիութիւնները ընդլայնելու հեռանկարով:

«Լալան ու Արան» մանկական խաղերու պատրաստութեան աշխատանքներու յաջողութիւնը գնահատելով` ժողովը որոշեց ծաւալել աշխատանքը, արագացնել ելեկտրոնային նոր խաղերու եւ «Լալան ու Արան» առարկաներու արտադրութիւնները:

Քննուեցաւ «Հ-Բեմ» համացանցային երիտասարդական հարթակի աշխատանքներու տեղեկագրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ ծրագիրը փութով երիտասարդութեան տրամադրելի դարձնելու յաջորդ փուլերու ճշդումը: Անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ այս նախաձեռնութեան հիմնական կարեւորութիւնը` սփիւռքեան մաշումին ենթակայ նորահաս սերունդները հայ մշակոյթի ոլորտին մէջ պահելու մեր առաքելութիւնը արդիւնաւէտ կերպով գործնականացնելու տեսանկիւնէն:

Ապա ժողովը անդրադարձաւ սփիւռքի հայ երիտասարդութիւնը իր ինքնութեան եւ մշակոյթին հաղորդ դարձնելու Համազգայինի երեք ծրագիրներուն` Ուսանողական հաւաքին (Ֆորում) Հայաստանի մէջ, ԱրթԼինքս երիտասարդական ցանցին` Հիւսիսային Ամերիկա եւ նորաստեղծ Եութլինքսին` Եւրոպայի մէջ: Ժողովը եզրակացուց, որ այս հաւաքները կ՛արդիւնաւորուին անով, որ մասնակցող երիտասարդներու թիւը կ՛աճի տարուէ տարի, եւ երեք ծրագիրներն ալ հայ երիտասարդութիւնը յաջողապէս կ՛առնչեն Հայաստանին, հայկական մշակոյթին եւ ինքնութեան: Առ այդ, ժողովը որոշեց ճիգ ու միջոցներ չխնայել, որ այդ ծրագիրները առաւել յաջողութեամբ պսակուին:

Օրակարգի քարոզչական հարցեր գլուխին տակ, ժողովը անդրադարձաւ Համազգայինի գործունէութեան քարոզչութեան թափ տալու անհրաժեշտութեան, եւ առ այդ որոշումներ կայացուց մեր միութեան աշխատանքներուն մասին հանրութիւնը շարունակականօրէն իրազեկ դարձնելու համար:

Ժողովի աւարտին, Կեդրոնական վարչութիւնը իր լրիւ կազմով այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին: Նոր նշանակուած նախարարը ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան մօտեցումները գաղութներու հետ յարաբերութեան` մասնաւորաբար հայեցի կրթութեան ոլորտին մէջ նախարարութեան կողմէ տրամադրելի նոր միջոցներու եւ օժանդակութեան մասին: Իր կարգին, Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհաւորեց նախարարի նշանակումը եւ ներկայացուց Համազգայինի կրթական եւ երիտասարդական ծրագիրները: Ապա տեղի ունեցաւ մտքերու շահաւէտ փոխանակում Համազգայինի եւ նախարարութեան յառաջիկայ գործակցութեան կարելիութիւններուն մասին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 13 սեպտեմբեր 2018

Նախորդը

«Վանայ Ձայն»-ի Կալա-Ընթրիքին 73 Հազար Տոլարի Հանգանակութիւն

Յաջորդը

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Ընդունեց Պաշտօնական Անձնաւորութիւններու Շնորհաւորութիւնները

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.