15 սեպտեմբերին, «Հրապարակ» կայքը տարածած է տեղեկութիւն, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն ու իր շրջապատը որոշում տուած են սատարելու ՀՅԴ-ին եւ անոր թեկնածու Միքայէլ Մանուկեանին:
Հերթական անգամ ստայօդ տեղեկութեամբ փորձ կը կատարուի Դաշնակցութեան գործունէութիւնն ու քայլերը կապել այլ քաղաքական ուժերու եւ գործիչներու, տուեալ պարագային Ռոպերթ Քոչարեանին հետ:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն բացարձակապէս կը յենի իր ներուժին, կառոյցին եւ համակիրներու լայն շրջանակին վրայ եւ որեւէ քաղաքական ուժի կամ գործիչի հետ չունի պայմանաւորուածութիւն` ընտրութիւններուն կուսակցութեան սատարելու հարցով:
ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
15 սեպտեմբեր 2018


