Երեւանի Մէջ Պաշտօնական Եւ Ժողովրդային Բացում` Արամ Մանուկեանի Արձանին
Վարչապետ Փաշինեան. «Արամ Մանուկեանը Մեր Նորագոյն Պատմութեան Մեծագոյն Առաքեալներէն Մէկն Է» Կիրօ Մանոյեան. «Արամի Արձանը Կանգնեցնելով Մենք Կը Յարգենք Մեր Պետականութիւնը Վերականգնած Ամբողջ Սերունդը» Երէկ` երեքշաբթի, 17 յուլիս 2018-ին Երեւանի կեդրոնը` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետական, հասարակական գործիչ, հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադիր, դաշնակցական գործիչ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան...




















