Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 103-րդ Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 79-ամեակի Ժողովրդային Տօնախմբութիւն

Սեպտեմբեր 17, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսա լերան հերոսամարտի 103-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 79-ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտին` կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան:

Առաջնորդ սրբազանը անդրադառնալով անցեալի պատմութեան խաչափայտին խորհուրդը փոխանցեց եւ անդրադարձաւ Մուսա լերան  հերոսներու միասնակամ զոհաբերութեան` յանուն Մուսա լերան եւ ժողովուրդի փրկութեան:

Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ապա սրբազան հայրը եւ գիւղի հոգեւոր հայրերը միասնաբար կատարեցին մատաղի օրհնութիւնը:

Այնուհետեւ օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք վերադարձան իրենց տուները` վերանորոգուած եւ ներշնչուած Մուսա լերան նահատակներուն հերոսական ոգիով:

Շաբաթ, 15 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, հայրենակիցներու հոծ բազմութիւն մը` հետեւելով ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին,  ուղղուեցաւ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ ժողովրդային եւ պաշտօնական դիմաւորութիւն Լիբանանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեանի:

Այնուհետեւ բազմութիւնը ուղղուեցաւ դեպի Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիր, ուր պաշտօնական հիւրերը ծաղկեպսակ զետեղելով յարգեցին յիշատակը Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն, ապա տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 103-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 79-ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա Զուարթ Քէշիշեան արտասանեց տօնակատարութեան բացման խօսքը:

Զուարթ Քէշիշեան նախ բազմութիւնը հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն, ապա ըսաւ. «Մենք եկած ենք հաւաքաբար վկայելու եւ հաստատելու, որ հայ ժողովուրդը ո՛չ միայն պիտի շարունակէ ապրիլ, այլեւ իր զաւակներու աննկուն կամքին շնորհիւ` հաստատ կամքով ու ինքնավստահութեամբ պիտի կերտէ ու նուաճէ իր ամբողջական երազներու իրականացումը»: Ան աւելցուց. «Այսօր` հոս, այս խորհրդաւոր եկեղեցւոյ կից ու հերոսամարտի կերտիչներու ոգեղէն արձաններուն դիմաց պատահականօրէն չէ, որ մէկտեղուած ենք: Մենք պարզ ու սովորական հանդիպման մը կարգավիճակէն բոլորովին անկախ դրդապատճառով հոս ենք»:

Ապա գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցան Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտները`  ներկայացնելով « Վեր կաց եղբայր իմ» երգը:

Օրուայ պատգամախօս, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը նշեց.  «Հաւաքուած ենք այսօր նշելու Մուսա լերան հերոսամարտի 103-ամեակը եւ Այնճար հայաւանի հիմնադրութեան 79-ամեակը: Կը հասկնանք, որ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները պահպանելը կենսական նշանակութիւն ունին ժողովուրդի ազգային նկարագիրի կերտումին մէջ, բայց եկէք ընդունինք, որ այդ մէկը ոչ մէկ ատեն կրնայ բաւարարել մեր հաւաքական պատասխանատուութեան ու գիտակցութեան ամրակայման հոլովոյթը: Այսօր Լիբանանի տարբեր շրջաններէն հաւաքուած ենք այս եզակի հայաւանին մէջ եւ բնականաբար կը հասկնանք, որ ընկերային ու ընտանեկան ջերմ միջավայր ստեղծելու առիթը առկայ է: Արդարօրէ՛ն ուրախանանք, որ տակաւին հայրենիքի թէ Հայաստանի մէջ ու տարբեր ցամաքամասերու վրայ կը նշուի հայութեան հատուածի մը այս հերոսական սխրանքը»: Պատգամախօսը շարունակեց ըսելով. «Եկէք պահ մը, մոռնալով տօնական եւ խնճոյքային մթնոլորտը, կեդրոնանանք այն խնդիրներուն վրայ, որոնց լուծման համար բոլորս ալ ունինք շատ յաճախ համահաւասար, թերեւս երբեմն ալ տարբեր հանգամանքներու բերումով պարտաւորութիւններու ու պատասխանատուութիւններու տարբեր բաժին մը, բայց բոլորս անպայմա՛ն ունինք պատասխանատուութիւն: Այնճար հայաւանի ստեղծումն ու զարգացումը միշտ ալ առաջնորդուած է իւրաքանչիւր գիւղացիի պատասխանատուութեան ամբողջական դրսեւորումով, եւ այս մտածողութիւնը իր խոր արմատները հաստատած է այս հողին վրայ.  այլապէս շատոնց արդէն այս գիւղը մատնուած պիտի ըլլար ոչ նախանձելի կացութեան»:

Ան անդրադարձաւ այն մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին Այնճարն ու այնճարահայութիւնը:

Անդրադառնալով Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ տիրող կացութեանց, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն` Հաւաթեան  ըսաւ. «Ակներեւ է, որ Լիբանանի ապրած քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժամը, եւ այդ պատճառով ստեղծուած խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները իրենց ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան քաղաքացիի առօրեային վրայ` զայն դնելով բազում դժուարութիւններու դէմ յանդիման: Անշո՛ւշտ իրերու այս կացութեան մէջ անմիջականօրէն հրաշք լուծումներ կարելի պիտի չըլլայ ակնկալել, սակայն համայնքի ազգային, քաղաքական, բարեսիրական եւ կրթական մարմիններն ու կառոյցները գիտակից են ստեղծուած կացութեան եւ ճիգերու ամբողջական լարումով կ՛անսան լիբանանահայ անհատի կարիքներուն: Բնական է, որ այս կացութեան մէջ դառնանք մտահոգ եւ ապրինք յուսաբեկման պահեր, սակայն ոչ մէկ ատեն իրաւունք ունինք դրսեւորելու պարտուողական կեցուածք ու մտածողութիւն, որովհետեւ ասկէ շատ աւելի դժուարին պայմաններուն մէջ լիբանանահայութիւնը դրսեւորած է կացութիւնները յաղթահարելու ուժ ու վճռակամութիւն եւ արժանապատիւ կերպով պահած սփիւռքի կեդրոնական գաղութի նշանակալից եւ պատմական դերակատարութիւնը»: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ. «Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի կայունացումը, ժողովրդավարութեան լիիրաւ կենսագործումը, ազատ, սակայն միաժամանակ պատասխանատու եւ նաե՛ւ անկաշկանդ խօսքի ու արտայայտութեան առողջ ու հարազատ դաշտի ձեւաւորումը, անխուսափելի անհրաժեշտութիւններ են: Հայ ժողովուրդի վերջին պատմութեան երեսնամեակին արձանագրած նուաճումներու ամրակայումը, արցախեան հիմնախնդիրին նկատմամբ ցուցաբերուելիք զգաստ վերաբերմունքը, սփիւռքեան գաղութներու` աւանդական ու նոր կազմակերպուող, աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու որակական նոր դիմագիծ ու կշիռ տալու առաջադրանքը` պատասխանատուութիւնն են Հայաստանի պետութեան, այնտեղ գործող ընդդիմութեան, ինչպէս նաեւ հայ կեանքի ղեկավարման պատասխանատուութիւնը ստանձնած սփիւռքեան բոլոր կառոյցներուն եւ հատուածներուն»:

Յակոբ Հաւաթեանի խօսքէն ետք հայրենասիրական եւ ժողովրդային երգերով ելոյթ ունեցաւ թենոր Գէորգ Հաճեան:

Ապա հայկական պարով մը ելոյթ ունեցան Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի աշակերտուհիները:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, որ գնահատեց պատգամախօսը եւ հայրենակիցները: Ան ըսաւ, թէ միասնակամ պէտք է ըլլանք տէրը կանգնելու Այնճարին եւ անոր բոլոր կարիքներուն:

Տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերով` կատարողութեամբ թենոր Գէորգ Հաճեանի:

Տօնակատարութիւնը աւարտեցաւ Մուսա լերան աւանդական թմբուկ-զուռնայով եւ շուրջպարով` Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:

Նախորդը

Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցին Կը Խզէ Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարքութեան Հետ Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Կազմելու Արտակարգ Իրավիճակի Չէզոք Կառավարութիւն Մը` Պահպանելու Համար Լիբանանը

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?