ՀՄԸՄ Լիզպոնի Գործողութեան 35-ամեակը Երեւանի Մէջ Կը Նշէ Գառնիկ Սարգիսեանի Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Ելոյթով
Երէկ, ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութիւններու նախավերջին օրը, աշխարհի 26 երկիրներէն Երեւան եկած բազմահազար ՀՄԸՄ-ականներ Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 35-ամեակը նշեցին Գառնիկ Սարգիսեանի ազգային-յեղափոխական երգերու ելոյթով, որ տեղի ունեցաւ Օփերայի Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած այս տպաւորիչ ու եզակի ելոյթին բացման խօսքը արտասանեց եւ Լիզպոնի գործողութեան խորհուրդը փոխանցեց ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, թէ...




















