Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան – Մաքրոն Հանդիպում. «Մեր Հանդիպումը Նոր Որակ Պիտի Հաղորդէ Մեր Առանձնաշնորհեալ Յարաբերութիւններուն»

Սեպտեմբեր 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Ֆրանսայի նախագահը կարեւոր նկատած է այս այցելութիւնը` համոզում յայտնելով, որ անիկա պիտի նպաստէ ու նոր թափ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ աշխուժացման: Ան ընդգծած է, որ իր երկիրը պատրաստ է շարունակելու բարեկամ Հայաստանի հետ սերտ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած ջանքերը` տարբեր ոլորտներու մէջ: Նշելով, որ ընդամէնը մէկ ամիս ետք պետական այցելութեամբ պիտի գտնուի Հայաստան` Էմանուէլ Մաքրոն վստահութիւն յայտնած է, որ Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովը Երեւանի մէջ պիտի կայանայ բարձր մակարդակով:

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, թէ իրենց արդէն երկրորդ հանդիպումը կը վկայէ, որ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները ապահով ձեռքերու մէջ են եւ պիտի շարունակուին ընդարձակուիլ ու խորանալ` ի շահ երկու երկիրներուն: Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր նախորդ տարիները յատկանշուած են հայ-ֆրանսական կապերու խորացումով եւ համոզում յայտնած է, որ անոնք կը շարունակեն վերընթաց զարգանալ բոլոր ոլորտներուն մէջ` քաղաքական կանոնաւոր երկխօսութիւն, միջխորհրդարանական աշխուժ կապեր, ապակեդրոնացեալ աշխուժ յարաբերութիւններ, տնտեսական համագործակցութիւն, մշակութային, կրթական, գիտական, առողջապահական եւ այլ բնագաւառներու մէջ ծրագիրներու իրականացում, բաւական ընդգրկուն իրաւապայմանագրային դաշտ: «Համոզուած եմ, որ մեր հանդիպումը նոր որակ պիտի հաղորդէ մեր առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններուն, որոնք հիմնուած են դարաւոր պատմական բարեկամութեան վրայ», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: Վարչապետը կարեւոր նկատած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսախօսութեան վեհաժողովին կայացումը եւ աւելցուցած, որ  Հայաստանի անկախութենէն ի վեր անիկա Երեւանի մէջ կայացող կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկն է: Կառավարութեան ղեկավարը վերահաստատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն լիակատար յանձնառութիւնը` վեհաժողովին յաջողութիւնը ապահովելու առումով եւ վստահութիւն յայտնած, որ անիկա կը նպաստէ ֆրանսախօսութեան հեղինակութեան եւ ազդեցութեան հետագայ բարձրացման:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ եւ կարեւոր նկատած անոր լուծումը բացառապէս խաղաղ ուղիով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջանակին մէջ: Ան բարձր գնահատած է համանախագահ երկիրներուն, որոնց կարգին Ֆրանսայի ջանքերը` ուղղուած Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման: Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստան յանձնառու է շարունակելու բանակցութիւնները` տագնապի խաղաղ լուծման հասնելու համար:

Էմանուէլ Մաքրոնն ու Նիկոլ Փաշինեանը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են` հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու համընդգրկուն օրակարգը աւելի մանրամասնօրէն քննարկելու Ֆրանսայի նախագահին Հայաստան կատարելիք պետական այցելութեան ընթացքին:

Վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է նաեւ անդամներուն հետ «Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու շարժում» կազմակերպութեան (MEDEF), որ կը միաւորէ Ֆրանսայի շուրջ 7200 ընկերութիւններ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր ոլորտներու մէջ եւ կ՛օժանդակեն վերջիններուն դուրս գալ արտասահմանեան շուկաներ:

Կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահ Ֆիլիփ Տելէօր համոզում յայտնած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ ու պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման` դիտել տալով, որ երկու երկիրներուն դարաւոր բարեկամութիւնները կը քաջալերեն տնտեսական համագործակցութեան զարգացման, ընդարձակման, երկու երկիրներու գործարար շրջանակներուն միջեւ կապերու խորացման եւ աշխուժ գործունէութեան:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ նշած է, որ Հայաստան հարուստ է մարդուժով` հաստատելով, որ Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներուն ատեն այս հանգամանքէն կարելի է մեծապէս օգտուիլ:

Վարչապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է վերջին զարգացումներուն եւ ըսած, թէ կարեւոր է նաեւ Հայաստանի մէջ տնտեսական յեղափոխութիւն կատարել: Այս առումով ալ կարեւոր նկատած է յստակ կանոններու ճշդումը` հաստատելով, որ այդ կանոնները բազմիցս յայտարարուած են, թէեւ, տնտեսական աւանդութեան բերումով բոլորը չէ, որ կը հաւատան անոր:

Անդրադառնալով կառավարութեան տնտեսական տեսլականին` Նիկոլ Փաշինեան ըսած  է, թէ գործադիրին նպատակն է Հայաստանը գիւղատնտեսական երկրէն վերածել բարձր արհեստագիտութեան երկրի: «Ասիկա պարզապէս ձգտում չէ, որովհետեւ Հայաստանը ճանչցողները գիտեն, որ այդպիսի կառուցուածք ունեցող տնտեսութեան համար մարդկային մեծ ներուժ կայ, եւ ասոր նախադրեալները ստեղծուած են», դիտել տուած է Փաշինեան` աւելցնելով, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը Հայաստանի մէջ աշխուժ կերպով կը զարգանայ, արդէն իսկ տարբեր ընկերութիւններ հետաքրքրութիւն ունին գործունէութիւն ծաւալելու այս բնագաւառին մէջ: «Մենք բոլոր ներդրողները կը հրաւիրենք մասնակցելու այն թռիչքին, որուն կը պատրաստուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը», ըսած է վարչապետը` երաշխաւորելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հակուած է բոլոր խնդիրները լուծել բաց, անկեղծ, ազնիւ երկխօսութեան պայմաններու մէջ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ տնտեսական որեւէ գործունէութեան յաջողութիւնը Հայաստանի կառավարութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին յաջողութիւնն է:

Աւարտին վարչապետը պատասխանած է MEDEF-ի անդամներուն հարցումներուն, որոնք կը վերաբերին շրջանային տնտեսական իրավիճակին, առկայ ենթակառոյցներուն, Հայաստանի մէջ ուժանիւթի, ճանապարհաշինութեան, սնունդի արդիւնաբերութեան, դեղագործութեան, աղբի վերամշակման եւ այլ ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալելու կարելիութիւններուն եւ հեռանկարներուն:

 

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Կռփամարտ. Պաչքով, Յովհաննիսեան Եւ Մանասեան Նուազագոյնը Ապահովեցին Պրոնզ Մետալներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?