Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վանեցեանի Եւ Խաչատրեանի Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը Գաղտնալսելու Հարցով. Խուզարկութիւն` «Երեւան Թուտէյ» Թերթի Խմբագրատան Մէջ

September 18, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէի Յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան գլխաւոր վարչութեան վարոյթով կը շարունակուի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի եւ  Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան գաղտնիութիւնը խախտելու` զայն ձայնագրելու եւ տարածելու դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:

«Հաշուի առնելով հանրութեան հետաքրքրութիւնը`  քննութեան ծիրին մէջ, օրէնքով սահմանուած կարգով, քանի մը հասցէներու մէջ կը կատարուին խուզարկութիւններ: Քրէական գործով այլ մանրամասնութիւններ հրապարակման ենթակայ չեն», ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէի տարածած յայտարարութեան մէջ:

Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ խուզարկութիւններ տեղի ունեցած են «Երեւան թուտէյ»  թերթի խմբագրատան մէջ: Հայաստանի քննչական մարմինը մէկ այլ հաղորդագրութեան մէջ հաստատեց լուրը եւ տեղեկացուց, որ ի թիւս այլ հասցէներու` գործող քննչական խումբը  այցելած է նաեւ «Երեւան թուտէյ» տեղեկատուական հարթակի խմբագրութիւն` օրէնքով սահմանուած կարգով խուզարկութիւն կատարելու համար:

«Կը հաստատենք, որ խմբագրութեան մէջ կատարուող խուզարկութիւնը որեւէ առնչութիւն չունի իրականացուող լրագրողական գործունէութեան հետ, այլ բացառապէս ուղղուած է ապահովելու քրէական գործով բազմակողմանի, առարկայական եւ լրիւ քննութիւնը, ստուգելու քրէական գործով ձեռք բերուած նախնական տուեալները, պարզելու երկու իրաւապահ մարմիններու ղեկավարներու հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը գաղտնի ձայնագրելու ու տարածելու եղանակը եւ էական նշանակութիւն ունեցող շարք մը հանգամանքներ», յայտնեցին քննչական կոմիտէէն:

Նախորդը

«Մենք Միտումնաւոր Չենք Արձագանգած Փաշինեանի Յայտարարութեան» «Նիուզ»-ին Կ՛ըսէ Վիքթոր Սողոմոնեան

Յաջորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Քննարկած Է Պաշտպանութեան Բանակի Ուսումնավարժական Հաւաքներու Ընթացքը

RelatedPosts

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը  Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 24, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ  Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Թրամփի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

September 24, 2026
Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան  «Յաջող Քննարկումներ»
Գլխաւոր լուրեր

Նիւ Եորքի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան «Յաջող Քննարկումներ»

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.