Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքայէլ Մանուկեան. «Աշխատող Մարդը Պէտք Է Լաւ Ապրի Ու Ինքզինք Լաւ Զգայ Մեր Քաղաքին Մէջ»

September 19, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւանի քաղաքապետի ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածու Միքայէլ Մանուկեան երէկ այցելեց «Աշխատանքային իրաւունքներու  պաշտպանութեան գրասենեակ»` ծանօթանալու ինչպէս գրասենեակի աշխատանքներուն, նաեւ գրասենեակ դիմող քաղաքացիներու հիմնական խնդիրներուն:

Մանուկեանի համաձայն, աշխատող մարդը շատ կարեւոր է իրենց համար: «Քարոզարշաւի մեր ծրագիրը կը ներառէ բոլոր ուղղութիւնները` փոխադրամիջոցներու հարց, կանաչապատում, սակայն ես կը կարծեմ, որ միայն լաւ  փոխադրամիջոց եւ կանաչապատ Երեւան ունենալով չէ, որ քաղաքացին ինքզինք լաւ պէտք է զգայ: Աշխատող մարդը նախ եւ առաջ պէտք է լաւ  ապրի ու ինքզինք լաւ զգայ մեր քաղաքին մէջ, իւրաքանչիւրը պէտք է աշխատանք ունենայ, եւ իր աշխատանքային իրաւունքները պէտք է պաշտպանուած ըլլան», ըսաւ Մանուկեան:

Ըստ Մանուկեանի, կարեւոր է վարչական շրջաններուն մէջ նման գրասենեակներ ունենալ, քանի որ իւրաքանչիւրի աշխատանքային իրաւունքները պէտք է պաշտպանուած ըլլան:

Գրասենեակի փաստաբան Էտկար Կոտոյեան նշեց, որ իրականութեան մէջ գրասենեակը իրաւաբանական ծառայութիւններ կը  մատուցէ քաղաքացիներուն ո՛չ միայն աշխատանքային իրաւունքներու  վերականգնման, այլ նաեւ ընկերային իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ: «Կը փորձենք նաեւ աշխատատեղ գտնել: Այս պահուն մեր շահառուներու թիւը 160-է աւելի է, իսկ գործերու 30 առ հարիւրէն աւելին դատական քննութեան փուլին մէջ կը գտնուի», ըսաւ Կոտոյեան:

Գրասենեակի ղեկավար Թադեւոս Աւետիսեանի համաձայն, քաղաքացիները գրասենեակ այցելելով անվճար ծառայութիւններ կը ստանան, կը տեղեկանան իրենց իրաւունքներու մասին: Ըստ Աւետիսեանի, շատ յաճախ միայն իրազեկումն ու խորհրդատուութիւնը բաւարար կ՛ըլլայ, որ աշխատողը իր խախտուած իրաւունքներու հարցով դիմէ գործատուին եւ իր խնդիրները լուծէ:

 

Նախորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Շնորհաւորէ Մխիթարեան Միաբանութեան 300-Ամեակը. «Մխիթար Աբբահօր Ջահը Թող Շարունակէ Լուսաւորել Հայ Ազգի Փշոտ Եւ Ծաղկուն Ճամբան»

Յաջորդը

Անդրադառնալով Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնը Լքելու Մասին Լուրերուն` «Ասիկա Հերթական Ապատեղեկատուութիւնն Է» Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.