«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ քանի մը օրէ ի վեր Պուրճ Համուտի քաղաքապետական ոստիկանութիւնը սկսած է գործադրել 2017-ին աշխատանքի նախարար Մոհամետ Քապպարայի հրապարակած հրամանագիրը, որ կը վերաբերի օտար աշխատաւորներուն համար արտօնուած աշխատանքի տեսակներուն: Այս գծով Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին պարզաբանեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան առած քայլը չի վերաբերիր միայն սուրիացի աշխատաւորներուն, այլեւ` ընդհանրապէս բոլոր օտար աշխատաւորներուն: Գրիգորեան աւելցուց, որ ոստիկանութիւնը կը շրջի Պուրճ Համուտի խանութները եւ կը ստուգէ, թէ տուեալ խանութին մէջ ամէն ինչ օրինաւո՞ր է, թէ՞ ոչ, յատկապէս վարձքի համաձայնագիրի օրինական արձանագրութեան պարագան: Եթէ խանութի մը մէջ աշխատողին փաստաթուղթերը օրինական են, ոչ մէկը անոր կրնայ որեւէ բան ըսել, իսկ եթէ անօրինականութիւն կայ, ապա խանութները կը փակուին: Եւ ասիկա կապ չունի ցեղային խտրականութեան հետ: