Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Նիստը  Տեղի Պիտի Ունենայ Այսօր.  Վարչապետ Փաշինեան Հրաժարական Պիտի Տայ

Կառավարութեան Նիստը Տեղի Պիտի Ունենայ Այսօր. Վարչապետ Փաշինեան Հրաժարական Պիտի Տայ

16 հոկտեմբերին` ժամը 11:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի  Հանրապետութեան կառավարութեան արտահերթ նիստը, կը յայտնէ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Օրեր առաջ վարչապետ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ դեկտեմբերին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ իրականացնելու նպատակով մտադիր է հրաժարական տալ 16 հոկտեմբերին, եւ ըստ մօտաւոր հաշուարկներու` ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 9 դեկտեմբեր 2018-ին:

Նախագահ Սարգսեան.  «Նախագահ Բակօ Սահակեանին  Հետ Քննարկեցինք  Հարցերու Լայն Շրջանակ»

Նախագահ Սարգսեան. «Նախագահ Բակօ Սահակեանին Հետ Քննարկեցինք Հարցերու Լայն Շրջանակ»

«Չէի ուզեր Արցախ իմ այցելութիւնս առանձնացնել իբրեւ հերթական պաշտօնական այցելութիւն». այս մասին  Շուշիի կերպարուեստի թանգարան կատարած այցելութեան «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան: Արցախ կատարած այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, Շուշիի կերպարուեստի թանգարանին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի...

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Գրիգոր Պետրոս  Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Այցելեց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը`  գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի, այցելեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին: Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց պատրիարք հօր` միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն իր ներկայացուցիչը առաքելուն համար: Ապա, պատրիարք հօր յանձնուեցաւ 100-ամեակի ժամացոյցն ու 100-ամեակի նուիրուած դրոշմաթուղթի յատուկ օրինակը: Իր կարգին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը Հայրը դրուատեց միութեան 100-ամեակի իրականացած ձեռնարկներն ու տարողութիւնը` յաջողութիւն մաղթելով յառաջիկայ...

«Դաշնակցութիւնը Եղած Է, Է, Եւ Կը Մնայ Անպաշտօն  Եւ Լրացուցիչ Դիւանագիտութիւն Հայաստանի Համար»  Շեշտեց Մուրատ Փափազեան

«Դաշնակցութիւնը Եղած Է, Է, Եւ Կը Մնայ Անպաշտօն Եւ Լրացուցիչ Դիւանագիտութիւն Հայաստանի Համար» Շեշտեց Մուրատ Փափազեան

Օրեր առաջ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկիրն այսօր» յայտագիրին հիւրը եղած է Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, որ նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին ներկայ գտնուած Ֆրանսայի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամ էր: Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Փարիզի մէջ Դաշնակցութեան սփիւռքեան կազմակերպութիւններուն հե՞տ հանդիպած է, Մուրատ Փափազեան յայտարարեց, թէ Փաշինեան հանդիպած է ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն...

Նախագահ Սարգսեան Հրաժեշտի Հանդիպում  Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Դեսպան Ռիչըրտ Միլզի Հետ

Նախագահ Սարգսեան Հրաժեշտի Հանդիպում Ունեցած Է Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Ռիչըրտ Միլզի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթ, 13 հոկտեմբերին հրաժեշտի հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզի հետ, որ կ՛աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ: Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին` պաշտօնավարման ընթացքին հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու  ամրապնդման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար եւ յաջողութիւն մաղթած հետագայ գործունէութեան մէջ: Դեսպան Միլզ ըսած է, որ միշտ...

Տեղի Ունեցաւ Երեւանի Քաղաքապետ  Հայկ Մարութեանի Երդմնակալութեան  Արարողութիւնը

Տեղի Ունեցաւ Երեւանի Քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի Երդմնակալութեան Արարողութիւնը

Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Երեւանի նորընտիր քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի երդմնակալութեան արարողութիւնը: Խորհրդանշական լանջաշղթան քաղաքապետին յանձնեցին աւագանիի  անդամ Արթուր Իսպիրեանը եւ Երեւանի պատուոյ քաղաքացի Տիգրան Մանսուրեանը: Հնչեց Երեւանի քայլերգը: Մարութեան նշեց, որ պատասխանատուութեան զգացումը մեծ է: «Կանգնած եմ այստեղ, քանի որ այդպէս որոշած է ժողովուրդը: Ես մէկ առ մէկ կը յիշեմ բոլոր այն խոստումները, որոնք տուած եմ երեւանցիներուն: Իր քաղաքն ու...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Ընդունած Է Եւրոպական Խորհրդարանի  Երեսփոխան Եարոմիր Շթեթինան

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարը Ընդունած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխան Եարոմիր Շթեթինան

Շաբաթ, 13 հոկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Եարոմիր Շթեթինան: Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են Արցախ-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Մասիս Մայիլեան ընդգծած է Արցախի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ուղղակի  կապերու հաստատման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ փոխադարձ գործակցութեան կարելի ուղղութիւններ նշելով ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդումը, կրթութեան, գիտութեան եւ առողջապահութեան մարզերը: Այս ծիրին մէջ արտաքին...

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Կ՛ընդունի  ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Կ՛ընդունի ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը

Շաբաթ, 13 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի: Հանդիպումը նախ եւ առաջ կեդրոնացաւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն վրայ: Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` միութեան 100-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկներուն իր հովանաւորութիւնը շնորհելուն եւ յղած կոնդակին համար: Ապա, Կեդրոնական վարչութիւնը վեհափառ հօր յանձնեց միութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշանուէրները` 100-ամեակին ժամացոյցը, յուշանուէրը,...

Խմբագրական.  «Ապրիլ Միասին»- ի Առաջադրանքն  Ու Զայն Արգելակողները

Խմբագրական. «Ապրիլ Միասին»- ի Առաջադրանքն Ու Զայն Արգելակողները

(Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովին Առիթով) Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի Երեւանի մէջ կայացումը նախ կը տեղաւորուի ֆրանսերէնի պահպանման համար պաշտօնական Փարիզի կիրարկած լեզուամշակութային քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ: Լեզուի, լեզուամշակոյթի ու ընդհանրապէս լեզուամտածողութեան պահպանումը եւ տարածումը ինքնին շեշտակիօրէն քաղաքական երանգներ, լուռ ենթանպատակներ կը ներառեն եւ ըստ էութեան տարբեր աշխարհագրական միջավայրերու մէջ պետութիւններու ներկայութեան եւ արմատաւորման նպաստող կարեւորագոյն ազդակ են` պատմական ժամանակներէն...

ՀՅԴ 21-րդ Գերագոյն  Ժողովի Յայտարարութիւնը

Հաղորդագրութիւն

11 հոկտեմբերի 2018-ին կայացել է Հայաստանի Հանրապետութեան  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ  Փափազեանի, Սպարտակ Սէյրանեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի հանդիպումը: Քննարկուել են Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, առաջիկայ զարգացումներին վերաբերող հարցեր: Պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել առաջիկայ օրերին շարունակել հանդիպումները: ՀՅԴ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ 12 հոկտեմբեր 2018    

Երեւանի Մէջ Աւարտեցան Ֆրանսախօս Երկիրներու  17-րդ Վեհաժողովի Աշխատանքները.  Ընդունուած Է Երեւանեան Հռչակագիրը

Երեւանի Մէջ Աւարտեցան Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ Վեհաժողովի Աշխատանքները. Ընդունուած Է Երեւանեան Հռչակագիրը

Երեւանի մէջ երէկ աւարտած են Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի աշխատանքները: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ  վեհաժողովի փակման նիստին ընդունուած է Երեւանեան հռչակագիրը: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան արդիւնքները, որոնց համաձայն, այդ պաշտօնին ընտրուած է Ռուանտայի արտաքին գործոց նախարար Լուիզ Միւշիքիուապոն: Վարչապետ Նիկոլ...

Նախագահ Աուն Մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս  Երկիրներու Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովին  Եզրափակիչ Նիստին Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ  Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոնի Հետ

Նախագահ Աուն Մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովին Եզրափակիչ Նիստին Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոնի Հետ

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովը երէկ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց իր աշխատանքները: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն առաւօտեան ժամը 9:00-ին ներկայ գտնուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովի երկրորդ լիագումար նիստին` ներկայութեամբ վեհաժողովին մասնակցող բոլոր նախագահներուն եւ վարչապետներուն: Նախագահ Աունի կողքին վեհաժողովին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, մշակոյթի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ջերմօրէն Կ՛ողջունէ  Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ  Վեհաժողովի Գումարումը Երեւանի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ջերմօրէն Կ՛ողջունէ Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ Վեհաժողովի Գումարումը Երեւանի Մէջ

Երէկ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ողջունեց ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին գումարումը Հայաստանի մէջ եւ այս առիթով ըսաւ. «Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին գումարումը Երեւանի մէջ կը նկատենք կարեւոր դէպք մը եւ միաժամանակ եզակի իրագործում մը Հայաստանի համար` դիւանագիտական, քաղաքական, մշակութային ու տնտեսական մարզերուն մէջ: Մեծապէս կը գնահատենք վեհաժողովին կազմակերպուածութիւնը եւ հիւրերուն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ հիւրասիրութիւնն ու բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւնը: Նաեւ ջերմօրէն...

«Ապրիլ Միասին» Կարգախօսին Ներքեւ  Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ Վեհաժողովի  Հանդիսաւոր Բացում` Երեւանի Մէջ

«Ապրիլ Միասին» Կարգախօսին Ներքեւ Ֆրանսախօս Երկիրներու 17-րդ Վեհաժողովի Հանդիսաւոր Բացում` Երեւանի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2018-ին, Երեւանի մէջ սկսաւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անոր տիկինը` Աննա Յակոբեան, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանը եւ անոր ամուսինը մինչեւ վեհաժողովի պաշտօնական բացումը Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ դիմաւորած են Հայաստան հասած ֆրանսախօս երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է  պատուիրակութիւններու ղեկավարներու  լուսանկարահանման արարողութիւն: Ըստ Հայաստանի...

Երեւանի Մէջ.  «Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան  Նպատակն Է Քաղաքակրթութիւններուն Միջեւ  Երկխօսութիւնը Խորացնել. Այսօր Անկէ Կը Պահանջուի  Միասին Ապրելու Իր Պատգամը Ընդգծել»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Երեւանի Մէջ. «Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Նպատակն Է Քաղաքակրթութիւններուն Միջեւ Երկխօսութիւնը Խորացնել. Այսօր Անկէ Կը Պահանջուի Միասին Ապրելու Իր Պատգամը Ընդգծել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող եւ «Ապրիլ միասին» կարգախօսը կրող Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ արտասանեց Լիբանանի պաշտօնական խօսքը: Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան առաքելութեան համընկնող Լիբանանի իրականութեան ծիրին մէջ նախագահ Աուն անդրադարձաւ խաղաղութեան հաստատումի կարեւորութեան, ժողովրդավարական արժէքներու տարածման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, կրթութեան խթանումին, ինչպէս նաեւ մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան աշխուժացման ու կազմակերպութեան...

ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է Չճանչցուած  Պետութիւններու Մէջ Մարդու Իրաւունքներու  Մնայուն Հսկողութեան Բանաձեւը

ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է Չճանչցուած Պետութիւններու Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Մնայուն Հսկողութեան Բանաձեւը

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) 39 թեր եւ 7 դէմ ձայներով որդեգրած է գերմանացի ընկերվարական Ֆրանք Շվապէի պատրաստած բանաձեւը, որ կը վերաբերի չճանչցուած պետութիւններու կամ այսպէս կոչուած «գորշ գօտիներու մէջ» մարդու իրաւունքներու մնայուն հսկողութեան: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է Հայաստանի Ազգային ժողովի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան, ԵԽԽՎ-ի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ Սամուէլ Ֆարմանեան: «Տեւական, համակարգուած ու խմբային աշխատանքի...

Փոմփէօ. «Սուրիոյ Վերաշինութիւնը  Պիտի Չֆինանսաւորենք,  Եթէ Իրանեան Ուժերը Այդտեղ Մնան»

Փոմփէօ. «Սուրիոյ Վերաշինութիւնը Պիտի Չֆինանսաւորենք, Եթէ Իրանեան Ուժերը Այդտեղ Մնան»

Սուրիոյ կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներէն ոչ մէկ տոլարի օժանդակութիւն պիտի ստանայ երկրի վերաշինութեան համար, այնքան ատեն որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումները չեն լքած անոր տարածքը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն` Ամերիկայի ազգային անվտանգութեան հրէական հիմնարկ ոչ կառավարական կազմակերպութեան մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ: «ՄԱԿ-ի մէջ մենք փոխադարձ համաձայնութեան կոչ կ՛ուղղէինք այն...

Սպառնալիքներով, Պարտադրանքներով Քաղաքական  Գործընթացներ Իրականացնելը Երկիրը Լաւ Տեղ Չի Տանի

Սպառնալիքներով, Պարտադրանքներով Քաղաքական Գործընթացներ Իրականացնելը Երկիրը Լաւ Տեղ Չի Տանի

«Երկրի Հարցը» Հաղորդման Հիւրն Է ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մէկ կարեւոր ճշդում, ուզում եմ հասկանալ, ի վերջոյ, ազգային համերաշխութեան կամ համաձայնութեան կառավարութիւնը Դաշնակցութեան լքելու մասին որոշումը կայացրել է վարչապետ Փաշինեա՞նը, թէ` դուք: Համարեա միաժամանակ այդ երկու հաղորդագրութիւնները տարածուեցին: Եղաւ ձեր հաղորդագրութիւնը եւ գրեթէ այդ րոպէներին վարչապետը Գիտութիւնների ակադեմիայի դիմաց յայտարարեց եւ ստորագրեց հրապարակայնօրէն նախարարներին աշխատանքից ազատելու հրամանը:...

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը` Ֆրանսախօս  Երկիրներու Տնտեսական Ֆորումի Բացումին.  «Մենք Ոչ Միայն Պատմութիւն, Մշակոյթ  Ունեցող, Այլեւ Առեւտուրով  Զբաղուող Ժողովուրդ Ենք»

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը` Ֆրանսախօս Երկիրներու Տնտեսական Ֆորումի Բացումին. «Մենք Ոչ Միայն Պատմութիւն, Մշակոյթ Ունեցող, Այլեւ Առեւտուրով Զբաղուող Ժողովուրդ Ենք»

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ մասնակցած է Ֆրանսախօս երկիրներու տնտեսական ֆորումի բացումին: Ֆորումը կը կազմակերպուի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ` հանրապետութեան նախագահին հովանաւորութեամբ: Իր խօսքին մէջ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանին եւ կազմակերպիչներուն, անդրադարձած է տնտեսական ֆորումի Հայաստանի մէջ կազմակերպման կարեւորութեան` շեշտելով, որ Հայաստանը իւրայատուկ վայր է եւ մենք, իբրեւ պետութիւն,...

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Ազգային  Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութեան Անդամ Սպարտակ Սէյրանեանը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Ազգային Ժողովի ՀՅԴ Խմբակցութեան Անդամ Սպարտակ Սէյրանեանը

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խմբակցութեան անդամ Սպարտակ Սէյրանեանը: Քննարկուած են երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցեր: Նախագահ Սարգսեան անգամ մը եւս ընդգծած է վիճայարոյց բոլոր հարցերը երկխօսութեան միջոցով եւ Սահմանադրութեան ու օրէնքներու  շրջագիծին մէջ լուծելու անհրաժեշտութիւնը:  

Page 532 of 797 1 … 531 532 533 … 797

Արխիւներ