Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանավիճային Մշակոյթի Էական Բաժինը

December 8, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Աւարտած է արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պիտի ուղղուի դէպի ընտրատեղամաս եւ դէպի քուէատուփ` կատարելու համար իր քաղաքացիական իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը` ընտրելու համար զինք ներկայացնող խորհրդարանը:

Շուտով ձեւաւորուելիք խորհրդարանի բաղադրութեան, բաղադրատարրերու իւրայատկութեան եւ ընդհանրապէս զայն բաղկացնող ուժերու դաւանած աշխարհահայեացքին, գաղափարաբանութեան եւ քաղաքական դիրքորոշումներուն մասին այժմէն կանխատեսումնային պատկերացումներ փոխանցելը ճիշդ չէ: Որքան ալ վիճակագրական տուեալներ ընդհանուր պատկերացումներ փոխանցեն, որքան ալ քաղաքական սթափ գնահատականը որոշակի պատկերացում տայ յստականալիք խորհրդարանի ձեւաւորման մասին, այսուհանդերձ կանխորոշման գործօնի բացարձակութեամբ պէտք չէ առաջնորդուիլ: Ժողովրդավարական երկիրներու յարիր չեն բացարձակ կանխորոշումները: Ընտրութեան արդիւնքները ժողովրդավարական հասկացողութեամբ իսկ պէտք է ունենան որոշակիօրէն եւ իրենց չափով` յանկարծակիութեան գործօնի կարելիութիւնը:

Տրուած ըլլալով սակայն, որ աւարտած է նախընտրական քարոզարշաւը, կարգ մը դիտարկումնային արձանագրումներ կարելի է նշել:

Նախ անշուշտ պէտք չէ ժխտել, որ բանավիճային մշակոյթը, թէկուզ ոչ ակնկալուած տարողութեամբ, այսուհանդերձ համարձակ քայլերով ինքզինք զգալի դարձուց հանրապետութեան մէջ: Յատկապէս հեռուստաբանավիճային հաղորդումները նպաստեցին քաղաքացիի տեղեկացուածութեան աստիճանաչափի բարձրացման: Հեռատեսիլի կայաններէն ետ չմնացին նաեւ ելեկտրոնային այն կայքերը,   որոնք համացանցային հեռատեսիլի դրոյթներ հաստատած էին որոշ ժամանակ առաջ եւ աշխուժօրէն քայլ պահեցին ընտրական մշակոյթի նորարար ոճի առարկայացման ընթացքին:

Բնականաբար թէ՛ հեռատեսիլի  եւ թէ՛ կայքերու այս արտադրանքներու հասանելիութիւնները բազմապատկուեցան ընկերային ցանցերու միջոցով` ո՛չ միայն առաջին անգամ հետեւելու կարելիութեան ընձեռումով, այլ վերադիտումներու առիթ տալով: Այստեղ արդէն քաղաքացին կամ օգտատէրը կրաւորական հետեւողէն անցում կատարեց դէպի քննարկողի, տեսակէտ յայտնողի կարգավիճակ:

Լեզուակռիւը, հռետորական փոխհրաձգութիւնը շատ մը պարագաներու տիրական երեւոյթի վերածուեցան այս քննարկումներուն ընթացքին. գաղափարականութիւնն ու ծրագրայնութիւնը յաճախ զիջեցան առաջին երեւոյթին: Այսուհանդերձ նկատելի պարագաներու,  ինչպէս ներքին, ներհայաստանեան  հարցերու, այնպէս նաեւ համահայկական գործընթացներու մասին բոլոր ուժերը կարելիութիւն ունեցան պարզաբանելու իրենց նախընտրական ծրագիրներուն մէջ ներառուած հիմնադրոյթները:

Եկամտահարկէն մինչեւ  հարկելու կամ չհարկելու համար աշխատավարձերու կամ շահոյթներու շեմերու ճշդումի պահանջներ, ներդրումային դաշտի կայացման համար տարբեր պատկերացումներ, կրթակարգի վերաբերող խնդիրներ, առողջապահութեան, թոշակի եւ քաղաքացիի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ միջոցառումներ` կազմեցին ներհայաստանեան խնդիրներու արծարծման առանցքները: Մինչ արցախեան հակամարտութեան, պաշտպանութեան խնդիրներու ՀԱՊԿ-ի, ՕԹԱՆ-ի եւ ԵՄ-ի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու ելեւէջները արտաքին քաղաքականութեան այն գերակայ ուղղութիւններն էին, որոնց շուրջ ընթացան թէժ բանավէճերը:

Ժողովրդավարական կարգերու աւանդութիւն կերտած երկիրներու պարագային բանավէճերուն առընթեր, անմիջականօրէն, գրեթէ ժամանակի իմաստով առընթեր տեղի կ՛ունենան մասնակցող ուժերու վարկանիշերու նոր գրանցումներ: Այնտեղ տատանումները ակներեւ են եւ իւրաքանչիւր բանավէճ նկատելի ազդեցութիւն կ՛ունենայ տուեալ ուժի վարկանիշի բարձրացման կամ անկման վրայ:

Այստեղ է, որ քաղաքացիական տեղեկացուածութիւնն ու դատողութիւնը իբրեւ նախընտրական մշակոյթի կարեւոր բաղադրիչ անհրաժեշտ է, որ աշխատի նպատակային: Եթէ զգալի ըլլայ մասնակցողի մը գաղափարաքաղաքական գերակայութիւնը իր մրցակիցին հանդէպ կամ յաւելեալ տեղեկացուածութիւնն ու պատրաստուածութիւնը, եւ երբ իբրեւ արդիւնք վարկանշային աստիճանաչափերու կտրուկ տատանումներ տեղի չեն ունենար, այդ կը նշանակէ կանխորոշման կարծրատիպի ամուր նստուածք:

Պարզ է միաժամանակ, որ ամէն ինչ հանգրուանային ու փուլային է. նաեւ` այս պարագային: Բանավէճերը կ՛իմաստաւորուին,  եթէ յաջողին քանդել կարծրատիպերը, փոխուի ամէն գնով ընդդէմի համոզուածութեամբ դիրքորոշուելու մօտեցումը եւ հետզհետէ սկսին զանգուածայնանալ բանավէճերու առընթեր վարկանիշերու եւ  քարացած իրավիճակի փոփոխութեան միտումները: Իսկ այդ վարկանիշերու բարձրացումն ու անկումը ժողովրդավարական հասկացողութեամբ եւ 21-րդ դարու տեղեկացուած քաղաքացիական հասարակարգի համարժէք` անմիջականօրէն առնչութիւն ունին կուսակցութիւններու, քաղաքական ուժերու ներկայացուցած հայեցակարգերու գաղափարայնութեամբ եւ ծրագրայնութեամբ ելեւէջող նշաձողերուն հետ:

Նախորդը

Ընտրական Լուրերուն Հետեւիլ «Ազդակ»-ի Արագ Լրահոսով

Յաջորդը

Հոգեհանգիստ Հայաստանի Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Առիթով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.