Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Հիմնադրութեան 35-ամեակի Համերգ` Կատարողութեամբ Քոլեճի Ուսուցիչներուն

Դեկտեմբեր 5, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն, երէկ` երեքշաբթի, 4 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 35-ամեակին նուիրուած համերգ` կատարողութեամբ քոլեճի ուսուցիչներուն:

«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան հայերէնով եւ անգլերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ քոլեճի 35-ամեակը նշել կը նշանակէ նշել յիշատակը եւ յիշել վաստակը անոր հիմնադիրներուն, Համազգայինի իրերայաջորդ շրջանային վարչութիւններուն ու խնամակալութիւններուն, նախկին տնօրէններուն եւ նախկին ուսուցիչներուն, որոնցմէ շատեր այսօր հեռացած են այս աշխարհէն, սակայն անոնց աշխատանքն ու վաստակին պտուղը ահա կենդանի կը մնան 35 տարիէ ի վեր: Էմմիեան յայտնեց, որ երաժշտական քոլեճը հիմնուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի` համատարած աւերի, քանդումի, սպանութեան, քաոսի, այլ խօսքով` անստոյգ ապագայի օրերուն եւ կը շարունակէ իր երթը տնտեսական պատերազմի ներկայ օրերուն:

«Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը կը շարունակէ գործել ի խնդիր նոր սերունդի հոգեմտաւոր աշխարհի հարստացման ու զարգացման: Այո՛, քաջ գիտենք, որ մեր բոլոր աշակերտները արհեստավարժ երաժիշտներ պիտի չըլլան, սակայն նաեւ գիտենք, որ այդ արհեստավարժ երաժիշտները կարիքը ունին արհեստավարժ երաժշտասէրներու, այսինքն` ունկնդիրներու, որոնք գիտեն լաւը վատէն, գեղեցիկը տգեղէն, արժէքաւորը անարժէքէն զանազանել, այլ խօսքով` օժտուած են ճշգրիտ կերպով կողմնորոշուելու եւ գնահատելու գիտելիքներով ու մշակուած ճաշակով: Ահա այս է մեր 35-ամեայ հաւատամքը եւ առաքելութիւնը, ահա այս է մեզի փոխանցուած ջահը», եզրափակեց Վահրամ Էմմիեան:

Այնուհետեւ, մօտ երկու ժամ տեւողութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի վաստակաւոր ուսուցիչները գեղեցիկ կատարողութեամբ գեղարուեստական վայելքի պահեր նուիրեցին հանդիսատեսներուն:

Շողիկ Թորոսեան

Յայտագիրը սկսաւ Խաչատուրեանի «Օրօր» եւ «Սուրերու պար» ստեղծագործութիւններով` կատարողութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի` դաշնակ, Յովհաննէս Գարախանեանի` ջութակ եւ Նայիրի Ղազարեանի` թաւջութակ, ապա հնչեց Կոմիտասի «Կանչէ կռունկ»-ը եւ Մարչելլոյի «Զիս բոցավառող կրակը»` մեկնաբանութեամբ Քլարա Ալիխանեան-Ադամեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Նարէ Աղասարգիսեանի: Մկրտիչ Միքայէլեան եւ Եսայի Սաքայեան կիթառի վրայ նուագեցին «Էլ վիթօ» եւ «Մալակենիա» ստեղծագործութիւնները, իսկ Զաքար Քէշիշեան շուիի եւ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան դաշնակի վրայ նուագելով ներկայացուցին Մանասեանի «Էրզրումի շորոր»-ը եւ Կոմիտասի «Նուագաշար»-ը: Այնուհետեւ յայտագիրը իր ընթացքը առնելով հնչեցին Մենտելսընի «Վերիէյշըն»-ը` կատարողութեամբ Նայիրի Ղազարեանի` թաւջութակ եւ Նարէ Աղասարգիսեանի` դաշնակ, Կոմիտասի «Երգաշար»-ը մեկնաբանեց Շողիկ Թորոսեան` ընկերակցութեամբ Յովհաննէս Գարախանեանի` ջութակ, Յասմիկ Գասպարեանի` դաշնակ: Շողիկ Թորոսեան մեկնաբանեց նաեւ Կունոյի «Ռոմէօ եւ Ժիւլիեթ» օփերայէն «Կ՛ուզեմ ապրիլ»-ը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Հենրի Իշխանեանի, իսկ Յովհաննէս Գարախանեան (ջութակ) եւ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան (դաշնակ) ներկայացուցին Պաղտասարեանի «Ռափսոտի»-ն:

Յայտագիրի վերջին բաժնով ներկայացուեցան «Ռոմանս տել տիապլօ»-ն եւ «Մանտրիա»-ն` կատարողութեամբ Միքայէլ Աշճեանի` դաշնակ, Յովհաննէս Գարախանեանի` ջութակ, Նայիրի Ղազարեանի` թաւջութակ, Կարօ Սվաքճեանի` սրինգ, Աշճեանի «Ֆոր տը պիութի աֆ եուր լաւ»-ը` կատարողութեամբ Նայիրի Ղազարեանի` թաւջութակ եւ Միքայէլ Աշճեանի` դաշնակ եւ Խաչատուրեանի Դիմակահանդէս պալէ-էն «Վալս»՝ կատարողութեամբ Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի` դաշնակ, Յովհաննէս Գարախանեանի` ջութակ եւ Նայիրի Ղազարեանի` թաւջութակ:

Ելոյթի աւարտին հանդիսատեսները բարձր գնահատեցին զիրար գերազանցող սքանչելի կատարումները եւ երկարատեւ ծափահարութիւններով յայտնեցին իրենց գոհունակութիւնն ու գնահատանքը:

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբին. Տօնավաճառ` Ի Նպաստ «Օգնէ՛ Եղբօրդ» Բարեսիրական Ծրագիրին

Յաջորդը

Իրանին Իր Ուժը Ցուցադրելու Համար Ուաշինկթըն Հիւլէական Ուժանիւթով Բանող Օդանաւակիր Ուղարկած Է Արաբական Ծոց

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?