Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետի Պաշտօնակատար  Նիկոլ Փաշինեան Այսօր Լիբանան Կը Հասնի

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Այսօր Լիբանան Կը Հասնի

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 20 հոկտեմբերին երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան կը հասնի: Այցելութեան ծիրին մէջ, Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրիի հետ: Նախատեսուած են նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումները Լիբանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն Պէյրութի...

Վենետիկի Յանձնաժողովը Յայտարարութիւն  Ընդունած Է Հայաստանի Ընտրական  Օրէնսգիրքի Նախագիծի Վերաբերեալ

Վենետիկի Յանձնաժողովը Յայտարարութիւն Ընդունած Է Հայաստանի Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծի Վերաբերեալ

Վենետիկի յանձնաժողովի 116-րդ նստաշրջանին Վենետիկի յանձնաժողովի եւ Հայաստանի առաջին փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեանի միջեւ տեղի ունեցած քննարկումներէն ետք յանձնաժողովը ընդունած է  Հայաստանի  ժողովուրդին` երկրին մէջ խաղաղ ուղիով փոփոխութիւններ կատարելու նպատակով  որդեգրած եղանակը եւ աջակցութիւն յայտնած անոր: Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճանի Պուքիքիոն Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծին վերաբերեալ հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակած է. «Լաւատեղեակ ենք Հայաստանի մէջ տիրող առանձնայատուկ իրավիճակին, որ կը պահանջէ...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն  Հանդիպումներ Ունեցաւ Հարիրիի Եւ Պասիլի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Հանդիպումներ Ունեցաւ Հարիրիի Եւ Պասիլի Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի  ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցչութեան կապուած հարցեր: Հանդիպումէն ետք Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու: Ապա Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը այցելեց...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Ազգային Կեդրոնական  Վարչութեան Քաղաքական Ժողով

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողով

Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, գումարուեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի լիակատար նիստը: Ժողովի ընթացքին յաջորդաբար լայն քննարկումի նիւթ դարձան կաթողիկոսարանի կալուածներու եւ շինարարութեան առնչուած աշխատանքներ ու ծրագիրներ, շահարկման ու տնտեսական հարցեր, թեմերու վերակազմակերպումի հոլովոյթին հետ աղերս ունեցող աշխատանքներ, յարաբերութիւն ու գործակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի հետ, կաթողիկոսարանի հովանաւորութիւնը վայելող ընկերային ու մարդասիրական հաստատութիւններու հետ...

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Գործնական Կապ Հաստատած Են

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարին ու Ազրպէյճանի նախագահին միջեւ գործնական կապ ստեղծուած է: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` 18 հոկտեմբերին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին նշած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան: «Ազրպէյճանական կողմին հետ, ինչպէս պայմանաւորուած ենք, հաստատուած է յուսալի գործնական կապ, եւ կրնանք ըսել, որ փոխադարձաբար որեւէ տեղեկատուութիւն կէս ժամուան ընթացքին  կը հասնի Ազրպէյճանի նախագահին եւ, եթէ...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի  Ազատամարտիկներու Յանձնախումբը  Կը Դատապարտէ Միլզի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ազատամարտիկներու Յանձնախումբը Կը Դատապարտէ Միլզի Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ազատամարտիկներու յանձնախումբը երէկ դատապարտեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռիչըրտ Միլզի «Ի.Վի. Էն. Ռիփորթ»-ի  հետ զրոյցին արտայայտած տեսակէտը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չի կրնար լուծուիլ առանց «գրաւեալ տարածքներու որոշակի մասի վերադարձին»: Ազատամարտիկներու յանձնախումբը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորաբար նշեց. «Թէ՛ քաղաքական, թէ՛ պատմական եւ թէ՛ իրաւական առումներով խնդրոյ առարկայ տարածքները որեւէ պարագայի չեն կրնար դիտարկուիլ...

2019-ի Ընթացքին Ստուերային  Տնտեսութեան  Զգալի Նուազում Կամ Հարկային  Վարչարարութեան Աճ Պիտի Չըլլայ

2019-ի Ընթացքին Ստուերային Տնտեսութեան Զգալի Նուազում Կամ Հարկային Վարչարարութեան Աճ Պիտի Չըլլայ

«2019-ի պետական պիւտճէն կարելի է բնորոշել իբրեւ համեստ կամ գոյատեւման, նախկին վարկերը փակելուն ուղղուած պիւտճէ», երէկ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու, տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեան: Ան նշեց, որ 2019-ի ծախսային մասը կը կազմէ 1 եռիլիոն 614 միլիառ դրամ, որ նախորդ տարուան համեմատ աւելի է 149 միլիառ դրամի չափով կամ 10 առ հարիւրի չափով: Տնտեսագէտը...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հինգշաբթի, 18 հոկտեմբերի կէսօրին, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ժողով մը գումարեցին Ազգային առաջնորդարանին մէջ` քննելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ հայութեան ներկայացուցչութեան հարցը: Ժողովականները ողջունեցին կառավարութեան կազմութեան համար ի գործ դրուող ճիգերը` յուսալով, որ անոնք կ’արդիւնաւորուին ամէնէն արագ միջոցին` երկիրը դուրս բերելով քաղաքական ներկայ տագնապէն: Անոնք նաեւ շեշտեցին անհրաժեշտութիւնը ազգային համախոհութեան եւ համայնքային հաւասարակշռութեան հիմերով կառավարութեան մը կազմութեան, ուր յարգուած...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ  Կրօնական Ժողովի Հանդիպում

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Կրօնական Ժողովի Հանդիպում

Հինգշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2018-ին, ամբողջ օրը, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի լիակատար հանդիպումը: Հանդիպումի ընթացքին զեկուցումներ ներկայացուեցան եւ լայնօրէն քննարկուեցան կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած հետեւեալ մարզերը. քրիստոնէական դաստիարակութիւն, երիտասարդութիւն, միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւն, դպրեվանք, տեղեկատուական աշխատանքներ, կրօնական ու դաստիարակչական հրատարակութիւններ, ՀԱՍԿ պաշտօնաթերթ, ընկերաբարոյագիտական հարցեր, հայրապետական ու հանրապետական մաղթանքներու...

Ակնարկ.  Ուաշինկթընի Հետեւողական Պահուածքը Խնդրոյ Առարկայ Է

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Հետեւողական Պահուածքը Խնդրոյ Առարկայ Է

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին կատարած յայտարարութիւնը թէ՛ պատմական եւ թէ՛ քաղաքական ու իրաւական տուեալներով կարելի է հակափաստարկել: Բնականաբար նաեւ շատ համոզիչ ձեւերով պարզել, թէ ինչո՛ւ այդ մասին քննարկումներ չկան հայկական դաշտին մէջ, երբ յատկապէս ի սպառ կը բացակային քննարկումները Պաքուի մէջ անցեալին վերադարձը բացառելու եւ Արցախի ժողովուրդի կամարտայայտութեան փաստին հետ հաշուի նստելու: Որուն համար զարմանք չի յայտներ ամերիկացի...

Տեղի Ունեցած Է Նախագահ Արմէն Սարգսեանի  Եւ Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպումը

Տեղի Ունեցած Է Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Եւ Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպումը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ  տեղի ունեցած է նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ  վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ  բանբեր Արման Եղոյեան: Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահին եւ անդրադարձած ընթացիկ քաղաքական իրավիճակին, սպասուող զարգացումներուն: Նախագահ Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ կառավարութիւնը կարելի բոլոր միջոցները եւ անհրաժեշտ գործունէութիւնը...

ՀՅԴ-ն Վարչապետի  Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի. Գործող Ընտրական Օրէնսգիրքին Հետ Բաղդատելով` Առաջարկուող Ծրարին Մէջ Դրական Փոփոխութիւններ Կան

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութիւնը գործող Ընտրական օրէնսգիրքի առաջարկուող տարբերակին մէջ դրական փոփոխութիւններ կը տեսնէ` գործող օրէնսգիրքին հետ բաղդատած: Առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանի, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանի եւ Դանիէլ Իոաննիսեանի` ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ Ազգային ժողովին մէջ կայացած քննարկումներէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին յայտարարած է խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «Հանդիպումը օգտակար էր: Մենք նախապէս...

«30 Նախարար Հաշուող Կառավարութեան Մէջ  Հայ Համայնքը Կը Ներկայացուի Երկու Նախարարով»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«30 Նախարար Հաշուող Կառավարութեան Մէջ Հայ Համայնքը Կը Ներկայացուի Երկու Նախարարով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմելով կը գտնուի Ժընեւ, անդրադարձաւ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ Լիբանանի կառավարութեան մէջ լիբանանահայութեան պատկանող երկու նախարարներէն մէկը խլելու փորձեր կը կատարուին: Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ «նկատի ունենալով այս լուրերը` առ որ անկ է կ՛ուզեմ իբրեւ պատգամ յիշեցնել բոլորին, թէ կառավարութեան մէջ հայ...

Մեր Կորուստները.  Մահացած Է Պոլսահայ Յայտնի  Լուսանկարիչ Արա Կիւլերը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Պոլսահայ Յայտնի Լուսանկարիչ Արա Կիւլերը

Պոլսոյ մէջ 90 տարեկանին մահացած է յայտնի պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերը, այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիեթ» պարբերականը: Արա Կիւլեր տեղափոխուած էր հիւանդանոց, ուր  քիչ անց մահացած է: Արա Կիւլեր ծնած է 16 օգոստոս 1928-ին, Պոլիս:  1950-էն սկսած է աշխատիլ «Նոր Սթամպուլ» թերթին մէջ` զուգահեռ ուսանելով Պոլսոյ համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքին մէջ: Որոշ ժամանակ անց տեղափոխուած է «Հիւրրիեթ» թերթի...

Ակնարկ.  Կառավարութեան Կազմութեան  Շարժիչ Գործօններ

Ակնարկ. Կառավարութեան Կազմութեան Շարժիչ Գործօններ

Ներլիբանանեան համեմատական լաւատեսութիւնը` կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ ըլլալուն մասին, քաղաքական տրամաբանութեամբ կը յուշէ, որ իրադարձութիւններուն հետեւողը սկսի փնտռել շարժիչ գործօններ` արտալիբանանեան, տարածաշրջանային-միջազգային գործընթացներու մէջ: Իտլիպի ճակատագիրի համաձայնեցուած ճշդումը, բայց մանաւանդ Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ Ժապեր-Նասիպ սահմանային անցքի բացման որոշումը հանգուցալուծման միտումներու մասին կը խօսին: Նկատենք, որ Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի հարաւ-արեւմուտքին մէջ գործող զինեալ ծայրայեղականներու մէկ մասը յայտարարած էր իր համաձայնութիւնը միանալու...

Ընդունելով ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները`  «Բարձր Կը Գնահատեմ  ՀՅԴ-ի Գործունէութիւնն Ու Դերը»  Շեշտեց Վարչապետ Փաշինեան

Ընդունելով ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները` «Բարձր Կը Գնահատեմ ՀՅԴ-ի Գործունէութիւնն Ու Դերը» Շեշտեց Վարչապետ Փաշինեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը, խմբակցութեան անդամ Սպարտակ Սէյրանեանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը: Իր խօսքին մէջ վարչապետ Փաշինեան նշած է. «Արդէն քննարկումներու նոր փուլն է, եւ ուրախ եմ այս առիթին համար: Շատ կարեւոր կը նկատեմ այս երկխօսութիւնը եւ կ՛ուզեմ ըսել, որ բարձր կը գնահատեմ ՀՅԴ-ի գործունէութիւնն ու դերը մեր ժամանակակից...

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  Հրաժարական Տուաւ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հրաժարական Տուաւ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հրաժարական տուաւ իր պաշտօնէն: Այս մասին վարչապետը յայտարարեց Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի ուղիղ սփռումով: «Ինչպէս ես ըսած էի, այսօր հրաժարական կու տամ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնէն», նշեց վարչապետ Փաշինեան` աւելցնելով. «Այս հրաժարականի նպատակը սակայն վարչապետի պաշտօնէն հեռանալը, այսինքն` ձեր առջեւ ստանձնած պատասխանատուութենէն փախչիլը չէ, այլ ընդհակառակն` մեր միասին իրականացուցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդային յեղափոխութիւնը ...

ՀՅԴ-ն Վարչապետի  Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ

ՀՅԴ-ն Վարչապետի Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը չի պատրաստուիր Հայաստանի  վարչապետի թեկնածու առաջադրելու, քանի որ խորհրդարանին մէջ եօթը հոգիով ներկայացուած ըլլալու պայմաններուն մէջ անտրամաբանական է նման առաջադրումը, Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: «ՀՅԴ-ն վաղուց ըսած է, որ եօթը հոգիով վարչապետի թեկնածու առաջադրելը անիմաստ գործ է: Տրամաբանութիւն պէտք է գոյութիւն ունենայ. եօթը հոգիով ինչպէ՞ս...

Պատասխանելով Դեսպան Միլզին`  Արամ Համբարեան. «Միլզը Ժամկէտը Կ՛աւարտէ  Անշրջահայեաց Յայտարարութիւններով»

Պատասխանելով Դեսպան Միլզին` Արամ Համբարեան. «Միլզը Ժամկէտը Կ՛աւարտէ Անշրջահայեաց Յայտարարութիւններով»

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Հայաստանի մէջ իր ժամկէտը կ՛աւարտէ անշրջահայեաց յայտարարութիւններով: Այս մասին ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը` անդրադառնալով դեսպան Ռիչըրտ Միլզի` կատարած յայտարարութեան: «Ցաւօք, անոր պաշտօնավարումը նշանաւորուեցաւ փոփոխական նպատակներով եւ կորսուած կարելիութիւններով: Չափէն աւելի խրատներ եւ չափազանց քիչ գործողութիւններ: Ինչպէս նաեւ` ոչ մէկ կրկնակի հարկման մասին համաձայնագիր Միացեալ Նահանգներուն եւ Հայաստանի միջեւ», ըսած...

Ակնարկ.  Պրանսըն, Կիւլեն, Խաշոկճի`  Պատժամիջոցներու  Որդեգրման Պատրուակային Կերպարներ

Ակնարկ. Պրանսըն, Կիւլեն, Խաշոկճի` Պատժամիջոցներու Որդեգրման Պատրուակային Կերպարներ

Ռիատ Ուաշինկթըն - Անգարա գիծին վրայ արձանագրուող իրադարձութիւնները իրենց բնոյթով անջատ  ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգեն, սակայն միջպետական յարաբերութիւններու դիտանկիւնէն փոխկապակցուածութեան տեսութեան մասին կը համոզեն: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ընդունած էր ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընը, որ աւելի քան երկու տարի Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ մնալէ ետք, շաբաթ օր վերադարձած էր իր երկիրը: Թուրքիոյ կողմէ լրտեսութեան եւ ահաբեկչութեան...

Page 531 of 797 1 … 530 531 532 … 797

Արխիւներ