ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
7 դեկտեմբեր 1988 սովորական օր մըն էր Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն եւ սփիւռքահայութեան համար: Մեծերը իրենց աշխատանքային հոլովոյթի եւ տան պարտականութեանց հեւքին մէջ, իսկ ուսման ծարաւ երեխաները` առօրեայ դպրոցական մթնոլորտի մէջ: Յանկարծ Հայաստանէն լսուած երկրաշարժի գոյժը այս օրը դարձուց արտասովոր օրուան. տխուր գիծեր ուրուագծուեցան բոլորին դէմքերուն վրայ` մեծէն պզտիկ, խռոված սրտեր: Մենք` նախակրթարանի աշակերտներս, կը խայտայինք զբօսանքի ընթացքին, երբ անտեղի դպրոցական զանգ մը հնչեց: Մենք սկսանք հարցումներ ուղղել իրարու, թէ ինչո՞ւ մեր զբօսանքը պիտի ընդհատուի ու դասարան պիտի բարձրանանք: Երբ դասարան բարձրացանք, մեր հետաքրքրութիւնը շուտով փարատեց հայերէնի ուսուցիչը: Մենք բնաւ այդպէս տխուր ու տժգոյն չէինք տեսած զինք: Աշակերտներս քար լռութեան մէջ էինք, դասատուն յայտարարեց, որ տուն պիտի մեկնինք եւ հայ ժողովուրդը սուգի մէջ է, որովհետեւ Հայաստանի մէջ ահաւոր երկրաշարժ պատահած է, եւ հազարաւոր զոհեր կան փլատակներու տակ ու հազարաւոր անօթեւան հայրենակիցներ: Պահ մը շշմած իրարու նայեցանք եւ չկրցանք բառ մը իրարու հետ խօսիլ: Մտքիս մէջ հարցումներու շարան մը կը տողանցէր: Ինչո՞ւ հայ ժողովուրդը այսքան ցաւ պէտք էր տեսնէր, արդէն Ցեղասպանութեան ահաւոր պատմութիւններն ու մեր պապերուն վկայութիւնները մեր յիշողութեան մէջ անջնջելի դրոշմ ձգած են: Ինչո՞ւ մեզի տարեկից երեխաները ակնթարթի մը մէջ փլատակներու տակ անշնչացած մարմիններու պիտի վերածուին` առանց կերտելու իրենց ապագան: Ինչո՞ւ երեխաներ անօթեւան եւ որբ պիտի մնան: Դժբախտաբար հայուն միշտ ալ այս դառն բաժակը ըմպելու ճակատագիրը վիճակուած է:
Դեկտեմբեր ամսուան տօնական ուրախութիւնները վերածուեցան սուգի, վշտակցութեան եւ զօրակցութեան ամիսի: Մենք սփիւռքի մէջ ականատես դարձանք «Ազդակ» օրաթերթին մէջ երկրաշարժի ահաւոր տեսարաններուն, քանդումին, հազարաւոր անպատսպար հայորդիներու նկարներուն, որոնք առաւել եւս մեր պատանի հոգիները փոթորկեցուցին: Հանգանակութեան կոչեր յղուեցան գաղութի ազգային եւ կրօնական պատկան մարմիններու կողմէ, որոնք անմիջապէս արձագանգ գտան: Հայերէնի դասատուն մանրամասնօրէն պատմեց մեզի երկրաշարժին պատճառած ահաւոր աղէտին տարողութիւնը: Ինչպէ՞ս կարելի էր տօնական նուէրներ փոխանակել իրարու հետ, երբ մեզի տարեկից մեր եղբայրը ցուրտին անպատսպար է: Հայերը Լիբանանի մէջ թէ այլուր լիաբուռն նուիրատուութիւններով, դեղորայքով եւ զանազան ձեւերով իրենց անվերապահ աջակցութիւնը ցուցաբերեցին Հայաստանի հայրենակիցներուն:
Հայ ժողովուրդի անմոռաց յիշողութեան մատեանին մէջ նոր սեւ էջ մը բացուեցաւ: Դարձեալ ցասում, դարձեալ թախիծ, դարձեալ կորուստ: Կարծես հայուն վիճակուած է միշտ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ գոյատեւման բագինին իր կեանքը նուիրաբերել: 7 դեկտեմբեր 1988-ն սոսկ պարզ թուական մը չեղաւ հայ ժողովուրդին համար: Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժին պատճառած աւերը, զոհերու մեծաթիւ քանակը, անպատսպար հայորդիները արթնցուցին աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր թմբիրէն եւ Հայաստանի շուրջ համախմբուեցան անոնք` անվերապահօրէն իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու աղէտահար հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Փրկարար աշխատանքներու ընթացքին երկրաշարժէն վերապրած Մարինէ Թոռոյեան կը վկայէ, որ երբեք կարելի չէ մոռնալ երկրաշարժը եւ քանիցս երազի մէջ տեսած ու զգացած է երկրաշարժի ցնցումները: Բայց հայ ժողովուրդը իրեն վիճակուած սեւ բախտը յաղթահարած է` շնորհիւ աննկուն ու գոյատեւելու կամքին եւ փիւնիկի նման յարութիւն առած ու վերականգնած է: Աւա՜ղ, այսօր` երկրաշարժէն երեսուն տարիներ ետք, տակաւին անօթեւան երեխաներ կան Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ: Ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի հայութեան պարտաւորութիւնն է անպատսպար երեխաներուն տաքուկ հայկական օճախ յատկացնել, որովհետեւ անոնք մեր հայրենիքին ապագան պիտի կերտեն:





