Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքայի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան վաղը` հինգշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2018-ին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ:
Այս առիթով, երէկ Խմբագիրներու սենտիքայի կեդրոնին մէջ յայտարարուեցաւ «Ազատ որոշում» ընտրացանկը, որուն կը նախագահէ սենտիքայի ներկայ նախագահ Էլիաս Աուն:
«Ազատ որոշում» ընտրացանկի թեկնածուներէն է Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան: Ցանկին մաս կը կազմեն նաեւ Անտրէ Քասսաս, Մունիր Նաժժար, Հապիպ Շլուք, Ռիմա Սայրաֆի, Եուսեֆ Տիապ, Տաուտ Ռամմալ, Նաժըմ Հաշեմ, Թամամ Համտան եւ Ռամզի Մշարրաֆիէ:
«Ազատ որոշում» ընտրացանկի պաշտօնական յայտարարութեան առիթով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին շեշտուեցաւ, որ այս ընտրացանկը անկախ, անկողմնակալ եւ քաղաքական ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ գտնուող խմբագիրներու ցանկ մըն է:
Ասուլիսին ընթացքին Էլիաս Աուն ցաւ յայտնեց խմբագիրներու սենտիքայի ընտրութեան ներկայ պայմաններուն համար` նշելով, որ տիրող ներկայ պայմանները մղած են, որ մեծ թիւով խմբագիրներ նեղանան այս կացութենէն:
Էլիաս Աուն ընդգծեց խմբագիրներու սենտիքան սառած եւ ոչ ազդու սենտիքայէ մը շարժուն, գործող եւ անկախ սենտիքայի մը վերածելու անհրաժեշտութիւնը:
Աուն կոչ ուղղեց նեցուկ կանգնելու «Ազատ որոշում» ընտրացանկին` մաղթելով, որ ան կը ստանայ լիբանանցի բոլոր լրագրողներուն զօրակցութիւնը:
Իր կարգին, Անտրէ Քասսաս կարդաց «Ազատ որոշում» ընտրացանկին պաշտօնական ծրագիրը, որուն հիման վրայ աշխատանք պիտի տարուի խմբագիրներու սենտիքան վերածելու հզօր եւ գործունեայ, բոլոր խմբագիրներուն կեանքին մէջ ներկայ սենտիքայի մը, որ իր ներդրումը կ՛ունենայ լուծելով խմբագիրներուն հարցերը:
Քասսաս հաստատեց, որ սենտիքան յանձնառու պիտի մնայ խմբագիրներուն արժանապատուութեան եւ անկախ գործելու իրաւունքին` աւելցնելով, որ սենտիքան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ օժանդակելու այն թերթերուն, որոնք տնտեսական տագնապին պատճառով փակուելու սեմին կը գտնուին, ինչպէս նաեւ պիտի պաշտպանէ անարդար կերպով աշխատանքէ արձակուած խմբագիրներուն իրաւունքները:
«Մեր նպատակն է, որ բոլոր խմբագիրները յարգուած ըլլան եւ բոլոր լրագրողներուն ազատութիւնները յարգուին, որպէսզի անոնք առողջ գործունէութիւն ունենան: Սենտիքան պիտի հսկէ խմբագիրներու իրաւունքներուն` ջանալով նաեւ անոնց համար ստեղծել բժշկութեան պայմաններ եւ հատուցման սնտուկ», ըսաւ ան:
Քասսաս ընդգծեց նաեւ, որ ժամանակն է արդէն, որ սենտիքային անդամակցութեան դռները բացուին բոլոր լրագրողներուն դիմաց, պայմանով որ անդամակցիլ փափաքողները ամբողջացնեն սենտիքային ճշդած պայմանները եւ պաշտօնեայ ըլլան պետութեան մօտ արձանագրուած եւ օրինական կերպով գործող լրատուամիջոցի մը, ըլլայ ան գրաւոր մամուլ, լսատեսողական եւ ելեկտրոնային լրատուամիջոց:
Քասսաս շեշտեց, որ ընտրութիւնը` մրցակցութիւնը առողջ երեւոյթ է, հաստատելով, որ պէտք է ունենալ ազատ եւ անկախ սենտիքայ մը, որպէսզի երկրին մէջ խմբագիրը կատարէ իր առաքելութիւնն ու կոչումը:



