Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զոհրապ Մնացականեան Ֆրետերիքա Մոկերինիի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Օրակարգը

December 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4 դեկտեմբերին Պրիւքսել կատարած աշխատանքային այցելութեան  ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆրետերիքա Մոկերինիի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը եւ Ֆրետերիքա Մոկերինին քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն օրակարգի շարք մը հարցեր: Զոհրապ Մնացականեան  ընդգծեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը միշտ յայտնած է իր յանձնառութիւնը եւ քաղաքական կամքը` արդիւնաւէտօրէն կիրարկելու Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը եւ գործնական քայլեր կատարած է այս ուղղութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան  տեղեկատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն տեղեկացուցին, որ այդ առնչութեամբ զրուցակիցները կարեւոր նկատած են յունիսին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական  Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի եւ նոյեմբերին Երեւանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական  Միութիւն գործընկերութեան կոմիտէի անդրանիկ նիստերու կազմակերպումը, որոնք կարելիութիւն ընձեռեցին համաձայնագիրի կիրարկման ճամբուն վրայ քարտէսի շուրջ համապարփակ քննարկումներ ծաւալելու համար: Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական  Միութիւն  գործընկերութեան խորհուրդի յաջորդ նիստին ընդառաջ կարեւոր նկատուեցաւ ոլորտային եւ փորձագիտական մակարդակի հանդիպումներու կազմակերպումը:

Հանդիպումի ընթացքին Զոհրապ Մնացականեան նշեց, որ Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակը լաւ առիթ է գնահատելու մինչեւ այսօր  գործընկերութեան շրջագիծին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները եւ ուրուագծելու զարգացման հեռանկարները:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան` ժողովուրդին կողմէ տրուած լայն լիազօրութիւններու հիման վրայ բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ արձանագրուած ձեռքբերումները: Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն` նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ վստահելի եւ արդար ընտրութիւններու կազմակերպումը Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է: Իբրեւ Հայաստանի զարգացման օրակարգի հիմնասիւներ` նախարարի պաշտօնակատար Մնացականեանը, ի շարս այլոց, առանձնացուց բարձր արհեստագիտութեան եւ նորարարութեան, ստեղծագործ կրթութեան ոլորտները:

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան Եւրոպական Միութեան պաշտօնեային տեղեկացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման խաղաղ գործընթացին շուրջ վերջին զարգացումները եւ վերահաստատեց Հայաստանի` Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին ներքեւ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման յանձնառութիւնը:

Զրուցակիցները անդրադարձան միջազգային եւ շրջանային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերու, միտքեր փոխանակեցին Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ արձանագրուած վերջին զարգացումներու վերաբերեալ:

 

Նախորդը

Քֆարքիլան Հիւսիսային Իսրայէլի Կապող Գետնափոր Փապուղիներու Բացայայտում

Յաջորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Կարելի Չէ Այդպէս Յարձակիլ Այն Մարդոց Վրայ, Որոնք Ազատամարտէն Անցած Են»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.