Երէկ ՀՅԴ քարոզչական խումբը Վանաձոր կը գտնուէր: Մինչեւ քարոզարշաւի սկիզբը` դաշնակցականները յարգանքի տուրք մատուցեցին 7 դեկտեմբեր 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:
«Տարիներ շարունակ ձեր կողքին եղած ենք, փորձած ենք առաւելագոյնս լսել ձեր մտահոգութիւնները, կարելիութեան պարագային լուծել զանոնք: Կրնայինք աւելին ընել, սակայն Ազգային ժողովին մէջ չենք ունեցած բաւարար աջակցութիւն: Եւ այսօր ձեզմէ կախեալ է, թէ մենք միասնաբար ի զօրու պիտի ըլլանք տէր կանգնելու ձեր եւ մեր մտահոգութիւններուն, աջակցիլ երկրի տագնապներու եւ մարտահրաւէրներու լուծման: Կ՛ակնկալենք ձեր աջակցութիւնը: 9 դեկտեմբերին միասնաբար քուէարկեցէ՛ք ՀՅԴ-ի օգտին, եւ դուք կարելիութիւն պիտի ունենաք ազգային տագնապները լուծելու անվերապահ ընթացք, տէր ըլլալու Արցախի անվտանգութեան, ունենալու երկրի կայունութեան եւ երկրի տագնապները լուծելու բացառիկ կարելիութիւն», վանաձորցիներուն հետ հանդիպումին ըսաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մարզային ընտրական գրասենեակի քարոզչական պատասխանատու Գնել Տիգրանեան:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան հանդիպումի ընթացքին ներկայացուց կուսակցութեան օգտին քուէարկելու պատճառները. «Բացի այն, որ մեր ծրագրային դրոյթներուն մէկ մասը ուրիշ ոչ մէկ կուսակցութիւն ունի, ուրիշ` իբրեւ ընկերվարական միակ կուսակցութիւն: Բացի ատկէ, մենք միակ կուսակցութիւնն ենք, որ ունի 128 տարուան կեանք ու փորձ, իսկ վերջին 29 տարին` Արցախի եւ Հայաստանի մէջ գործած ենք ե՛ւ իբրեւ ընդդիմութիւն, ե՛ւ իբրեւ իշխանութիւն: Բացի ատկէ, մենք նաեւ միակ համահայկական կուսակցութիւնն ենք` իր նպատակներով եւ կառոյցով, կը գործենք աւելի քան 30 երկիրներու մէջ: Այս բոլորէն բացի կան նաեւ այլ պատճառներ, որ ճիշդ կ՛ընէք քուէարկելով մեր օգտին»:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեանն ալ ըսաւ, որ 9 դեկտեմբերին պիտի ընտրենք ո՛չ միայն խորհրդարան, այլ նաեւ այն, թէ ի՛նչ տեսակի Հայաստան կ՛ուզենք. «Այսօր գոյութիւն ունին բազմաթիւ թէ՛ ներքին, եւ թէ՛ արտաքին խնդիրներ, որոնց լուծումը նաեւ կ՛ենթադրէ ներազգային միասնականութիւն, համերաշխութիւն, կառուցողականութիւն, ոչ թէ միանձնեայ իշխանութիւն, միանձնեայ խորհրդարան, միանձնեայ քաղաքական դաշտ: Կ՛ենթադրէ համախմբուածութիւն, որ պէտք է վերածել քաղաքական լուրջ գործօնի»:
ՀՅԴ պատգամաւորութեան թեկնածու Արմենուհի Կիւրեղեանն ալ խօսեցաւ իրենց խումբի կարելիութիւններուն մասին, որոնց շնորհիւ կեանքի պիտի կոչեն շարք մը ծրագիրներ. «Այսօր մենք` ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներս եկած ենք ձեզի ըսելու, որ այո՛, մենք համամիտ ենք, որ վաղուց արդէն ժամանակն է, որ հայ մարդը ապրի արժանապատիւ, ունենայ արժանապատիւ աշխատանք, աշխատավարձ, որ հայ թոշակառուն ստանայ արժանապատիւ թոշակ եւ ունենայ արժանապատիւ ծերութիւն: Մենք եկած ենք եւ կ՛ըսենք, որ վաղուց արդէն ժամանակն է հարթակներէն խօսիլ ոչ թէ պատերուն ծեփելու, այլ պատերը շաղախով ծեփելու մասին: Եւ մենք այդ ծրագիրները կ՛ուզենք յառաջ տանիլ: Մենք եկած ենք ձեզի ըսելու, որ վաղուց արդէն ժամանակն է ոչ թէ մարդոց ասֆալտին փռելու, այլ այնպիսի ծրագիրներ բերելու, որոնք ասֆալտ պիտի փռեն»:



