Գլխաւոր լուրեր

Քանատայի Վարչապետ Ճասթին  Թրիւտօ Հասաւ Երեւան

Քանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ Հասաւ Երեւան

Երէկ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ հասաւ Երեւան` մասնակցելու Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ անոր դիմաւորեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան: Թրիւտօ «Արմենիա Մարիոթ» պանդոկին մէջ հանդիպում ունեցած է Քեպեքի վարչապետ Ֆրանսուա Լեկոյի հետ: Այնուհետեւ ուղղուած է Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր, ուր մասնակցած է Ֆրանսախօս երկիրներու ծիրին մէջ ընտանեկան լուսանկարի ստեղծման արարողութեան: Վարչապետ Թրիւտօ ելոյթ պիտի ունենայ ...

Երեւանի Մէջ.  Նախագահ Աուն Այսօր Կ՛արտասանէ Լիբանանի  Խօսքը` Ֆրանսախօս Երկիրներու  Կազմակերպութեան Վեհաժողովին

Երեւանի Մէջ. Նախագահ Աուն Այսօր Կ՛արտասանէ Լիբանանի Խօսքը` Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Վեհաժողովին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աունի եւ պաշտօնական պատուիրակութեան, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) հասաւ Հայաստան, ուր տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովը: Նախագահ Աունի պատուիրակութեան մաս կազմեցին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, որոնց այսօր պիտի միանայ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ: Նախագահ Աուն Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին...

Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եւ Սուրբ Գրոց  Ընկերութեան Ժողով` Ս. Էջմիածինի Մէջ

Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եւ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Ժողով` Ս. Էջմիածինի Մէջ

27 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Աստուածաշնչային միացեալ ընկերութիւններու միջեւ գործակցութեան միջազգային համաժողովը: Սոյն համաժողովին Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցէր Եզնիկ արք. Պետրոսեանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն Մակար եպս. Աշգարեանը, որ միաժամանակ անդամ է վերոյիշեալ համաժողովի մնայուն յանձնախումբին: Երկու եկեղեցական ընտանիքներէն եւ Աստուածաշնչային միացեալ ընկերութիւններէն կազմուած մնայուն յանձնախումբի անդամները իրենց տարեկան հանդիպումները...

Խմբագրական.  Հանգուցալուծման Միտումներ` Կառավարութեան Ծրագիրի Հիման Վրայ

Խմբագրական. Հանգուցալուծման Միտումներ` Կառավարութեան Ծրագիրի Հիման Վրայ

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման միտումներ սկսած են դրսեւորուիլ: Անկախ խորհրդարանական խմբակցութիւններուն միջեւ կայացման ընթացքին մէջ եղող բանակցութիւններու հաւանական դրական ելքի ուրուագծումէն, կ՛արժէ վերանայիլ կառավարութեան ծրագիրին: Այլ ձեւ ըսած` լուսարձակի տակ առնել այն հիմնադրոյթները, որոնց շուրջ համաձայնած են գործող խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւնները: Համաձայնած են եւ` ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւն: Այսպէս. - Ձեւաւորել նոր` իրական պատկերը արտացոլող ընտրական ցուցակներ, որոնք...

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ  Բաբլոյեանի Եւ Փաշինեանի Հետ

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Բաբլոյեանի Եւ Փաշինեանի Հետ

Վարչապետ Փաշինեան. «Կ՛ընթանանք Լարուածութիւնը Թօթափելու Ճամբով» Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ: Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութիւններով` hանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին եւ զարգացումներուն, ներառեալ` խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու իրականացման առնչուող հարցեր: «Համաձայնած էինք մեր հեռախօսազրոյցներու, նաեւ Փարիզի մէջ մեր հանդիպման ժամանակ, որ պէտք է հանդիպինք: Հանդիպած...

ՀՀԿ-ն Չունէր Եւ Չունի Մտադրութիւն  Առաջադրելու Վարչապետի Իր Թեկնածուն

ՀՀԿ-ն Չունէր Եւ Չունի Մտադրութիւն Առաջադրելու Վարչապետի Իր Թեկնածուն

Ազգային Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խմբակցութիւնը հանդէս եկած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութեամբ: Ըստ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) լրատուական ծառայութեան, ՀՀԿ խմբակցութեան յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Մենք հոգեհարազատ ենք մնում մեր որդեգրած քաղաքականութեանը եւ չենք խոչընդոտում Հայաստանի կառավարութեան աշխատանքներին: Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնների հետ կապուած բազմիցս արտայայտել ենք մեր այն դիրքորոշումը, որ դէմ չենք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններին, որի պատասխանատուութիւնն ամբողջութեամբ Հայաստանի...

Համբարձումեան. «Ոստիկանութիւնը  Պէտք Է Դուրս Բերուի Վարչապետի  Ուղղակի Ենթակայութենէն»

Համբարձումեան. «Դաշնակցութեան Օրակարգին Վրայ Վարչապետ Փաշինեանի Հետ Յուշագիր Ստորագրելու Հարց Չկայ»

Դաշնակցութեան օրակարգին վրայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ յուշագիր ստորագրելու հարց չկայ. երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան: Համբարձումեանի համաձայն, յուշագիրի ստորագրութիւնը պէտք է իմաստաւորուած ըլլայ: «Կը կարծենք, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ  փոխվստահութիւնը շատ աւելի կարեւոր է, քան որեւէ ստորագրուած փաստաթուղթ: Եթէ հետագայ քննարկումներու ընթացքին անոր անհրաժեշտութիւնը յառաջանայ, պատրաստ ենք...

Պրիւքսելի Մէջ Աշխատանքները Աւարտեց  ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական  Միութիւններու Խորհրդաժողովը

Պրիւքսելի Մէջ Աշխատանքները Աւարտեց ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու Խորհրդաժողովը

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսելի մէջ 7 հոկտեմբերին աւարտեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողովը, որուն մասնակից 40 երիտասարդները կը ներկայացնէին Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Հոլանտայի եւ Հայաստանի երիտասարդական եւ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնները: Խորհրդաժողովը կը յատկանշուէր  արտաքին-յարաբերական եւ  ընդհանուր առմամբ քաղաքական օրակարգի եւ քննարկուող նիւթերու  յագեցուածութեամբ: Խորհրդաժողովի մասնակիցները ունկնդրեցին զեկուցումներ եւ  հանգամանօրէն քննարկեցին հետեւեալ նիւթերը....

Փաշինեան – Ծառուկեան Յուշագիրի Ստորագրութիւն.  Ծառուկեանի Գլխաւորած Քաղաքական Ուժը Վարչապետի  Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ  Եւ Պիտի Չաջակցի Վարչապետի Ոեւէ Թեկնածուի

Փաշինեան – Ծառուկեան Յուշագիրի Ստորագրութիւն. Ծառուկեանի Գլխաւորած Քաղաքական Ուժը Վարչապետի Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ Եւ Պիտի Չաջակցի Վարչապետի Ոեւէ Թեկնածուի

Կառավարութեան շէնքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան-Գագիկ Ծառուկեան հանդիպումը, որուն ընթացքին  քննարկուած են դեկտեմբեր 2018-ին (հաւանական) տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ բանբեր Արման Եղոյեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ տեղեկացուց, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է. «Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր (երէկ` 8 հոկտեմբերին, «Ա.») ընդունած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը: Քննարկուած...

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են  Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի Հետ

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի Հետ

Երէկ կառավարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի  եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Սպարտակ Սէյրանեանի միջեւ: «Շահագրգիռ եւ շատ օգտակար քննարկում ունեցած ենք հարցերու լայն շրջագիծով մը: Հետագայ հանդիպումները կարելիութիւն պիտի տան ճիշդ լուծումներ գտնելու եւ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու համար: Հետագայ զարգացումներուն մասին պիտի...

Սպարտակ Սէյրանեան. «Եթէ Քաղաքական  Համաձայնութիւն Ըլլայ, ՀՅԴ-ն Դէմ Պիտի Չըլլայ,  Որ Ընտրութիւնները Տեղի Ունենան Դեկտեմբերին»

Սպարտակ Սէյրանեան. «Եթէ Քաղաքական Համաձայնութիւն Ըլլայ, ՀՅԴ-ն Դէմ Պիտի Չըլլայ, Որ Ընտրութիւնները Տեղի Ունենան Դեկտեմբերին»

Ազգային ժողովին մէջ երէկ տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Սպարտակ Սէյրանեան յայտարարած է, թէ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը խորհրդարանական մնացած ուժերուն միջեւ համաձայնութեան պարագային դէմ պիտի չըլլայ դեկտեմբեր 2018-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման: «Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութենէն ետք: Պէտք է ըլլայ նաեւ ոստիկանութեան ենթակայութեան փոփոխութիւն, ոստիկանութիւնը պէտք է ըլլայ կառավարութեան ենթակայութեան...

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Ժտէյտէի Մասնաճիւղի  Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետական Կազմին.  Պաշտօնական Վերամուտ 2018-2019 Տարեշրջանի

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Ժտէյտէի Մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետական Կազմին. Պաշտօնական Վերամուտ 2018-2019 Տարեշրջանի

Կիրակի, 7 հոկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին մեկնարկը տրուեցաւ ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղին 2018-2019 տարեշրջանին` տողանցքով, որ սկիզբ առաւ «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնէն` հասնելով մինչեւ Ամանոսի շրջանի կառատունը, առաջնորդութեամբ` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին: Պաշտօնական վերամուտի յայտագիրը հովանաւորեց ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղի վարչութիւնը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն: Ապա կատարուեցաւ փաղանգներու փոխանցումը: ՀՄԸՄ Ժտէյտէի մասնաճիւղի անդամ Երուանդ Յովհաննէսեան խնդրեց մէկ...

Այնճարի Մէջ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան  100-ամեակին Եւ Անկախութեան Վերականգնման  27-ամեակին Առիթով Ազգագրական  Եւ Ազգային Երգերու Երեկոյ

Այնճարի Մէջ. Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակին Եւ Անկախութեան Վերականգնման 27-ամեակին Առիթով Ազգագրական Եւ Ազգային Երգերու Երեկոյ

Հովանաւորութեամբ Այնճարի ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ  կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, շաբաթ, 6 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ անկախութեան  վերականգնման 27-ամեակին առիթով ազգագրական եւ ազգային երգերու երեկոն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան հայրենի երգիչներ` Գոհար Յովհաննիսեան, Ռուբէն  Սասունցի եւ Աղասի Իսպիրեան: Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով...

Ֆրանսախօս Երկիրներու Մշտական Խորհուրդի  105-րդ Նիստին Քննարկուած Են Երեւանի  Հռչակագիրի Եւ Վեհաժողովի  Այլ Փաստաթուղթերու Նախագիծեր

Ֆրանսախօս Երկիրներու Մշտական Խորհուրդի 105-րդ Նիստին Քննարկուած Են Երեւանի Հռչակագիրի Եւ Վեհաժողովի Այլ Փաստաթուղթերու Նախագիծեր

Երեւանի մէջ 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցած է Ֆրանսախօս երկիրներու  Մշտական խորհուրդի 105-րդ նիստը, որուն կը մասնակցէին կազմակերպութեան լիիրաւ, ընկերակից եւ դիտորդի կարգավիճակ ունեցող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու, Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գործընկեր կառոյցներու  շուրջ հարիւր բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Մշտական խորհուրդի նիստին բացումը կատարած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար...

Անդրադառնալով Ազգային Համաձայնութեան  Կառավարութիւնը Լքելու Մասին Լուրերուն`  «Ասիկա Հերթական Ապատեղեկատուութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Արսէն Համբարձումեան

Արսէն Համբարձումեան. «Շատ Մեծ Է Վտանգը, Որ Մենք Ունենանք Քաղաքական Մենիշխանութիւն»

2 հոկտեմբերին Ազգային ժողովին առջեւ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն եւ Հայաստանի մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակին մասին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը յայտարարութիւն մը տարածեց, ուր գնահատականներով հանդէս եկաւ իշխանութիւններու գործողութիւններուն վերաբերեալ: 6 կէտերէ բաղկացած յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Համոզուած ենք, որ իրավիճակը սրելու, պայմանաւորուածութիւնները խախտելու եւ դաւադրութիւններու  կեղծ մեղադրանքները հասարակութեան ուշադրութիւնը  ընտրութիւններու համար ազատ եւ մրցակցային պայմաններ ապահովելու հրամայականէն շեղելու փորձեր...

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Է  ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական  Միութիւններու Խորհրդաժողովը

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ Եւրոպայի Երիտասարդական Միութիւններու Խորհրդաժողովը

ՀՅԴ Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 5 հոկտեմբեր 2018-ին Պրիւքսելի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ ՀՅԴ  Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու խորհրդաժողովը: Քաղաքական եւ արտաքին յարաբերական ընդգծուած օրակարգով այս խորհրդաժողովին կը մասնակցէին շուրջ 40 դաշնակցական երիտասարդներ` Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի երիտասարդական միութիւններու  ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչը: Խորհրդաժողովին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու...

Նախարար Կիտանեան. «Իրարու Հակադրուող  Քաղաքական Ուժերը Պէտք Է Վերջ Տան Այդ Ընթացքին,  Իսկ Ժողովուրդը Պէտք Է Փողոց Իջնէ»

Նախարար Կիտանեան. «Իրարու Հակադրուող Քաղաքական Ուժերը Պէտք Է Վերջ Տան Այդ Ընթացքին, Իսկ Ժողովուրդը Պէտք Է Փողոց Իջնէ»

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, թէ ինք տեղեակ չէ, եթէ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը յօդս ցնդած են` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կատարած այն յայտարարութենէն ետք, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը միայն երեք նախարարի իրաւունք ունի, եւ թէ անոր ուժային նախարարութիւն մը յանձնելու առումով վեթօ գոյութիւն ունի: Ա. Կիտանեան անդրադարձաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւններուն, որոնք քաջալերական...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ  Հոգեհանգիստ` Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակին

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոգեհանգիստ` Շարլ Ազնաւուրի Յիշատակին

Կիրակի, 7 հոկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն, քանի մը օրեր առաջ իր հոգին աւանդած աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի հոգիին համար: Յայտնենք, որ Շարլ Ազնաւուր ամէն անգամ որ Լիբանան այցելէր, կ՛այցելէր նաեւ մայրավանք եւ հանդիպում կ՛ունենար վեհափառ հայրապետներուն հետ: Նշենք, որ երջանկայիշատակ Խորէն Ա. կաթողիկոսը Մեծի...

Խմբագրական.   Քաղաքական Հոգեհանգիստ

Խմբագրական. Քաղաքական Հոգեհանգիստ

Մեծանուն Շարլ Ազնաւուրի հոգեհանգստեան-մեծարանքի  արարողութիւնը ֆրանսական պետութեան բարձրագոյն մակարդակով նախ բնականաբար այդ պետութեան մշակութային քաղաքականութեան կարեւորագոյն յատկանիշի մասին կը խօսի` իր մշակոյթի գործիչները արժեւորելու եւ այդ գերագոյն գնահատումի օրինակով ամբողջ ազգին, մարդկութեան կարեւորագոյն ուղերձ փոխանցելու: Ուղերձ, որ արժէքներ հարուածող այսօրուան յորձանուտին մէջ իսկական մշակութային արժէքը եւ այդ արժէքաբանը գերագոյն մեծարման արժանի կը շարունակեն մնալ Ֆրանսայի պետութեան համար: Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը` պետութեամբ,...

Արմէն Ռուստամեան. «Կասկածը Լաւ Վահան Է,  Բայց Վատ Սուր, Անով Կարելի Է  Պաշտպանուիլ, Բայց Կարելի Չէ Յարձակիլ»

Արմէն Ռուստամեան. «Ինչո՞ւ Կը Փորձենք Բաց Դուռը Ջարդելով Ներս Մտնել»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Հայոց աշխարհ» օրաթերթին տուած է իր գնահատականը Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական վիճակին մասին: ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը համաձայն չէ, թէ  Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընդունուած աղմկայարոյց նախագիծը` «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ, ընդունուած է ընթացակարգային խախտումներով: Ամէն ինչ, ըստ անոր, եղած է կանոնակարգով նախատեսուած կարգաւորումներու շրջագիծին մէջ,...

Page 533 of 797 1 … 532 533 534 … 797

Արխիւներ