Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուած են համագործակցութեան հեռանկարները:
Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայաստան հետաքրքրուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) ծիրին մէջ համարկման հոլովոյթներու հետագայ խորացումով եւ պատրաստ է բոլոր ջանքերը ի գործ դնելու անոնց կատարելագործման համար:
Փաշինեան նաեւ պնդած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներուն հետ համագործակցութիւնը դարձած է Հայաստանի տնտեսութեան վրայ ազդող գլխաւոր գործօններէն մէկը:
«ԵՏՄ-ի դաշնակիցներուն հետ մեր առեւտրաշրջանառութիւնը 2018-ի առաջին հինգ ամիսներուն աւելցած է 15 առ հարիւրով` նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, արտածումը` 22 առ հարիւրով», ըսած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը` աւելցնելով. «Ասիկա կը վկայէ ո՛չ միայն եւրասիական շուկային մէջ առկայ բարենպաստ պայմաններուն, այլ նաեւ կազմակերպութեան գործիքներու արդիւնաւէտութեան մասին»:
Նշենք, որ յառաջիկայ տարի կառոյցին նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ Հայաստանը, այդ առիթով Ռուսիոյ նախագահը շնորհաւորած է եւ յաջողութիւն մաղթած հայ պաշտօնակիցներուն:



