Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ի Նահատակուած Եւ Մահացած Երախտաւորներուն Յիշատակին Հոգեհանգստեան Պաշտօն .  «Հայապաշտութեան Եւ Հայրենապաշտութեան Գիտակից Մղումով Մեր Նահատակներն Ու Նուիրեալները Կենսաւորեցին Դաշնակցութեան Գործը»   Կ՛ըսէ Յակոբ Հաւաթեան

ՀՅԴ-ի Նահատակուած Եւ Մահացած Երախտաւորներուն Յիշատակին Հոգեհանգստեան Պաշտօն . «Հայապաշտութեան Եւ Հայրենապաշտութեան Գիտակից Մղումով Մեր Նահատակներն Ու Նուիրեալները Կենսաւորեցին Դաշնակցութեան Գործը» Կ՛ըսէ Յակոբ Հաւաթեան

ՀՅԴ 128-ամեակին առիթով երէկ` կիրակի, 9 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ պանթէոնին դիմաց ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակուած եւ մահացած ընկերներու յիշատակին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Հոգեհանգստեան արարողութեան յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում: Ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՅԴ ԼԵՄ եւ ԶՈՄ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնները եւ...

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբը «Կամաւորներու Օր» Ձեռնարկով Արժանի Յարգանք Ընծայեց Բազմահարիւր ԼՕԽ-ականներուն

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախումբը «Կամաւորներու Օր» Ձեռնարկով Արժանի Յարգանք Ընծայեց Բազմահարիւր ԼՕԽ-ականներուն

Մարդկային ընկերութեան մէջ կան ծառայութիւններ, որոնք այս կամ այն ձեւով կը նպաստեն հաւաքականութեան մը կամ ժողովուրդի մը բարօրութեան: Հայ ժողովուրդի պարագային այս ծառայութիւնը առաւել եւս շեշտուած է ԼՕԽ-ի ճամբով, որ իր բազմահարիւր կամաւորներու փաղանգով կը հասնի ժողովուրդի կարիքներուն, յատկապէս տագնապալի եւ թէժ օրերուն: Արդ, մարդասիրական այս կազմակերպութեան ընձեռած բարիքներուն  իրենց անմնացորդ, նուիրեալ եւ անշահախնդիր մասնակցութիւնը կը բերեն ու ներդրում կ՛ունենան...

ՀՅԴ-ի 128-ամեակ` Ժողովրդային Խուռներամ Ներկայութեամբ .   «Երիտասարդներուն Կառուցելիք Նորը Պէտք Է Ըլլայ Նախկինէն Լաւ, Նախկինէն Ուժեղ, Նախկինէն Ամուր: Այդ Նորը Ամէն Պարագայի Պէտք Է Ըլլայ Հայադրոշմ» «Մենք ՀՅ Դաշնակցութեան Մէջ Սորվեցանք Պաշտել Հայաստանը». Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ-ի 128-ամեակ` Ժողովրդային Խուռներամ Ներկայութեամբ . «Երիտասարդներուն Կառուցելիք Նորը Պէտք Է Ըլլայ Նախկինէն Լաւ, Նախկինէն Ուժեղ, Նախկինէն Ամուր: Այդ Նորը Ամէն Պարագայի Պէտք Է Ըլլայ Հայադրոշմ» «Մենք ՀՅ Դաշնակցութեան Մէջ Սորվեցանք Պաշտել Հայաստանը». Յակոբ Բագրատունի

Նահապետեան. «Դաշնակցութեան Երիտասարդութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը Հաւատարիմ Են Հիմնադիրներու Գծած Սկզբունքային Ուղղութեան» Լուսարարեան. «Մենք Ականատես Եղած Ենք Քաղաքացիական Պատերազմի Ընթացքին Դաշնակցութեան Կատարած Պաշտպանութեան Մեծ Գործին» Դաշնակցութիւնը իր տարեդարձը երբեք չէ նշած առանձին, որովհետեւ երբեք չէ ապրած ու գոյատեւած առանձին: Դաշնակցութիւնը` 128-ամեայ, իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին անսասան եւ անկոտրում ապաւէնը եղած է իր ժողովուրդին, որմէ ստացած է իր ուժը, հաստատակամութիւնը եւ, ամէն...

Հաճիեւ. «Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Զրոյց Տեղի Ունեցաւ»

Հաճիեւ. «Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Զրոյց Տեղի Ունեցաւ»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հինգշաբթի օր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հաւաքի ծիրին մէջ զրուցած է Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս մասին ազրպէյճանական «ԱզերԹաճ» լրատու գործակալութեան յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին հարցերով բաժանմունքի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ: «Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման աշխուժ բանակցութիւններու շարունակութեան եւ զինադուլի ամրապնդման շուրջ», ըսած է Հաճիեւ:...

Մամետեարով ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ Քննարկած Է Արցախեան Հիմնախնդիրի Իրավիճակը

Մամետեարով ԵԱՀԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ Քննարկած Է Արցախեան Հիմնախնդիրի Իրավիճակը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Միլանոյի մէջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 25-րդ նիստի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը` յղում կատարելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան: Հանդիպումին ընթացքին Մամետեարով առաջարկած է Արցախի մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ գնահատման առաքելութիւն կատարել: Քննարկուած են արցախեան-ազրպէյճանական տագնապի լուծման հեռանկարները,...

Բանավիճային Մշակոյթի Էական Բաժինը

Բանավիճային Մշակոյթի Էական Բաժինը

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Աւարտած է արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պիտի ուղղուի դէպի ընտրատեղամաս եւ դէպի քուէատուփ` կատարելու համար իր քաղաքացիական իրաւունքն ու պարտաւորութիւնը` ընտրելու համար զինք ներկայացնող խորհրդարանը: Շուտով ձեւաւորուելիք խորհրդարանի բաղադրութեան, բաղադրատարրերու իւրայատկութեան եւ ընդհանրապէս զայն բաղկացնող ուժերու դաւանած աշխարհահայեացքին, գաղափարաբանութեան եւ քաղաքական դիրքորոշումներուն մասին այժմէն կանխատեսումնային պատկերացումներ փոխանցելը ճիշդ չէ: Որքան ալ...

«Դաշնակցութեան Համար Միասնականութիւնը Միայն Կարգախօս Չէ». Մ. Գարագաւորեան

«Դաշնակցութեան Համար Միասնականութիւնը Միայն Կարգախօս Չէ». Մ. Գարագաւորեան

ՀՅ Դաշնակցութեան անդամները իրաւունք ունեն մտածելու, վերլուծելու, առարկաները քննութեան յանձնելու, տեսակէտներ յայտնելու եւ վերլուծումներ կատարելուց յետոյ` որոշումներ կայացնելու: Դաշնակցութիւնն ապակենտրոն կուսակցութիւն է, իսկ ոմանք սովոր չեն դրան, քանի որ չունեն այդ կարելիութիւնն ու կենսափորձը: Այսպէս սկսեց «Երկիր»-ին հետ զրոյցը ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի անդամ Մելիք Գարագաւորեանը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Գարագաւորեան, դուք նշեցիք, որ Դաշնակցութեան մէջ մարդիկ կարող են ունենալ տարբեր տեսակէտներ,...

Խմբագրական.   Այժմու Մարտահրաւէրը` Կասեցնել Կազմակերպ Կեանքէն Արտահոսքը  (ՀՅԴ-ի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Այժմու Մարտահրաւէրը` Կասեցնել Կազմակերպ Կեանքէն Արտահոսքը (ՀՅԴ-ի Օրուան Առիթով)

Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը ձեւականօրէն հաշուետուութեան օր չէ: Դաշնակցութեան համակիրը, որ հետեւողական ներկայութիւն կ՛ըլլայ տարին անգամ մը կազմակերպուող այս ձեռնարկին, ականատես կ՛ըլլայ ո՛չ միայն մէկ տարուան կտրուածքով Դաշնակցութեան իրականացուցած համահայկական, հայաստանեան, սփիւռքեան եւ լիբանանեան գործունէութեան հանրագումարի ներկայացման, այլ նաեւ այդ առիթով հանգամանաւորապէս հնչող ինքնաքննադատութեան: Փաստօրէն այն բոլոր բացթողումները, այն բոլոր թերի կողմերը, որոնք կը ներկայացուին ընդհանրապէս հայ եւ մասնաւորաբար այս պարագային...

Յառաջիկայ Տարի Հայաստանը Կը Ստանձնէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Նախագահութիւնը

Յառաջիկայ Տարի Հայաստանը Կը Ստանձնէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Նախագահութիւնը

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուած են համագործակցութեան հեռանկարները: Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին յայտարարած է, թէ Հայաստան հետաքրքրուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) ծիրին մէջ համարկման հոլովոյթներու հետագայ խորացումով եւ պատրաստ է բոլոր ջանքերը ի գործ դնելու անոնց...

ՀՅԴ Քարոզարշաւը Վանաձորի Մէջ

ՀՅԴ Քարոզարշաւը Վանաձորի Մէջ

Երէկ ՀՅԴ քարոզչական խումբը Վանաձոր կը գտնուէր: Մինչեւ քարոզարշաւի սկիզբը` դաշնակցականները յարգանքի տուրք մատուցեցին 7 դեկտեմբեր 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի զոհերու  յիշատակին: «Տարիներ շարունակ ձեր կողքին եղած ենք, փորձած ենք առաւելագոյնս լսել ձեր մտահոգութիւնները, կարելիութեան պարագային լուծել զանոնք: Կրնայինք աւելին ընել, սակայն Ազգային ժողովին մէջ չենք ունեցած բաւարար աջակցութիւն: Եւ այսօր ձեզմէ կախեալ է, թէ մենք միասնաբար ի զօրու պիտի ըլլանք...

7 Դեկտեմբերի Երկրաշարժի 30-Ամեակ.   Գիտե՞ս` Ի՛նչ Կը Նշանակէ Փլատակներուն Տակէն Ձայներ Լսել Ու Անզօր Ըլլալ Անոնց Հասնելու Ու Կեանք Փրկելու

7 Դեկտեմբերի Երկրաշարժի 30-Ամեակ. Գիտե՞ս` Ի՛նչ Կը Նշանակէ Փլատակներուն Տակէն Ձայներ Լսել Ու Անզօր Ըլլալ Անոնց Հասնելու Ու Կեանք Փրկելու

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Նստած է դիմացս... աչքերը կ՛ուղղէ մերթ առաստաղին, մերթ ուղղակի աչքերուս... - Աղջի՛կս, կեանքը առաջին անգամ չէ, որ այսպիսի մարտահրաւէր կը կարդայ մեզի, այս քննութենէն առաջին անգամ չէ, որ կ՛անցնինք մենք. մենք նաեւ մեր պապերուն ճամբով մեր դասը շատ լաւ սորված ենք, հմուտն ու մասնագէտը դարձած ենք այս բնագաւառին... Կը լռէ պահ մը, կը մօտենայ ինծի, ձեռքս կ՛առնէ ձեռքերուն...

Հայաստանի Երկրաշարժի 30-ամեակ. Հայաստանի Անօթեւան Երեխաները Մեր Եղբայրներն Ու Քոյրերն Են

Հայաստանի Երկրաշարժի 30-ամեակ. Հայաստանի Անօթեւան Երեխաները Մեր Եղբայրներն Ու Քոյրերն Են

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ 7 դեկտեմբեր 1988 սովորական օր մըն էր Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն եւ սփիւռքահայութեան համար: Մեծերը իրենց աշխատանքային հոլովոյթի եւ տան պարտականութեանց հեւքին մէջ, իսկ ուսման ծարաւ երեխաները` առօրեայ դպրոցական մթնոլորտի մէջ: Յանկարծ Հայաստանէն լսուած երկրաշարժի գոյժը այս օրը դարձուց արտասովոր օրուան. տխուր գիծեր ուրուագծուեցան բոլորին դէմքերուն վրայ` մեծէն պզտիկ, խռոված սրտեր: Մենք` նախակրթարանի աշակերտներս, կը խայտայինք զբօսանքի ընթացքին, երբ...

Խմբագրական.  Հանրապետութեան Համաչափ  Զարգացման  Հրամայականը

Խմբագրական. Հանրապետութեան Համաչափ Զարգացման Հրամայականը

Սպիտակ-Գիւմրիի երկրաշարժի երեսնամեակին առիթով քանի մը դիտարկում կարելի է ընել քաղաքական այն հետեւանքներուն մասին, որոնք թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ հայկական առումով սուր հնչեղութիւն ունեցան: 1988-ին Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումի նախանշանային տուեալները անտեսանելի ձեւով սկսած էին ուրուագծուիլ, երբ բնական աղէտը ցնցեց մեր երկիրը: Մարդասիրական եւ ինչու չէ հայասիրական համաշխարհային շարժումը ալիքային  բարձր մակընթացութիւններ ապահովեց շատ արագ: Անշուշտ այստեղ կար պատահածին ահաւորութիւնը, զոհերուն...

Հրանդ Մարգարեան. «Չհաւատա՛ք Անոր,  Որ Ղարաբաղի Հարցով «Եթէ»-ներ Կ՛օգտագործէ»

Հրանդ Մարգարեան. «Չհաւատա՛ք Անոր, Որ Ղարաբաղի Հարցով «Եթէ»-ներ Կ՛օգտագործէ»

Երէկ Սիսիանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի քարոզարշաւը: Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը: Ան անդրադարձաւ այն փաստին, որ ներկայիս իշխանութեան ներկայացուցիչներէն շատեր խուսափած են զինուորական ծառայութենէ: «Կ՛ըսեն` հիւանդ եղած ենք, բանակ չենք գացած: Ես կը յարգեմ բոլոր` հիւանդութիւն ունեցող անձերը, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով չեն կրնար  զինուորական ծառայութիւն կատարել, բայց եթէ կազմակերպութեան մը  ամբողջ ղեկավար կազմը հիւանդ եղած է...

Արտահերթ Ընտրութիւններուն Մասնակից Քաղաքական Ուժերու Ցանկերը Գլխաւորողները Իրենց Տեսակէտը Յայտնեցին Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մասին

5 դեկտեմբերին Հ1 պատկերասփիւռի կայանէն ուղիղ սփռումով տեղի ունեցած է բանավէճ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու, դաշինքներու ցանկերը գլխաւորող թեկնածուներուն միջեւ, ինչ որ աննախընթաց է Հայաստանի ընտրական-նախընտրական մշակոյթին մէջ: Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցող բոլոր քաղաքական ուժերը վստահ են` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը երկրի կարեւոր առաջնահերթութիւններէն է: ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեան հաստատած է,...

Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

Երէկ` 6 դեկտեմբերին Միլանոյի մէջ սկիզբ առած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջը: Աւելի կանուխ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանը հանդիպում ունեցած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:

«Զիջումներով Խաղաղութիւն Առնելու Փորձն Ինքնասպանութիւն Է». Հրանդ Մարգարեան

«Զիջումներով Խաղաղութիւն Առնելու Փորձն Ինքնասպանութիւն Է». Հրանդ Մարգարեան

Դեկտեմբեր 4-ին «Մոսկուա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ընթացքին խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որուն ելոյթը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ: Յարգելի՛ ներկաներ, շա՛տ սիրելի երիտասարդներ, Ասում են` երիտասարդութիւնը տարիք չի ճանաչում, ու դրա հիման վրայ ամէն մարդ փորձում է ինքն իրեն երիտասարդ համարել: Ես նման բարդոյթ չունեմ, տարիքս առած...

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու  «Սու-25» Օդանաւ Մը Ջախջախուած Է  Մարալիկի Լեռներուն Վրայ

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու «Սու-25» Օդանաւ Մը Ջախջախուած Է Մարալիկի Լեռներուն Վրայ

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերու «Սու-25» մարտական օդանաւ մը ջախջախուած է Մարալիկի լեռնային շրջանին մէջ: Մահացած օդաչուներն են փոխգնդապետ Արմէն Բաբայեանն ու աւագ սպայ Մովսէս Մանուկեանը: Այս մասին դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան  մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան: 4 դեկտեմբերին, մօտ ժամը 10:20-ին, կորսուած է կապը ամէնօրեայ մարտական պատրաստութեան ծրագիրով ուսումնամարզական թռիչք իրականացնող Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու...

Արմէն Ռուստամեան. «Կարելի Չէ Այդպէս Յարձակիլ  Այն Մարդոց Վրայ, Որոնք Ազատամարտէն Անցած Են»

Արմէն Ռուստամեան. «Կարելի Չէ Այդպէս Յարձակիլ Այն Մարդոց Վրայ, Որոնք Ազատամարտէն Անցած Են»

Նախանցեալ օր Արմաւիր քաղաքի թիւ 1 մշակութային տան յարակից հրապարակին վրայ ՀՅԴ-ն հանրահաւաք կազմակերպած էր: «Արցախի հարցը միշտ ալ բոլոր քաղաքական ուժերու օրակարգին վրայ եղած է, բայց քարոզարշաւի ժամանակ հարցը սրած է, քանի որ երկու յայտարարութիւն կատարուեցաւ, որ ուղղակի ապշեցուց ներկաները», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեանը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ...

Զոհրապ Մնացականեան Ֆրետերիքա  Մոկերինիի Հետ  Քննարկած Է Հայաստան – Եւրոպական  Միութիւն Օրակարգը

Զոհրապ Մնացականեան Ֆրետերիքա Մոկերինիի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Օրակարգը

4 դեկտեմբերին Պրիւքսել կատարած աշխատանքային այցելութեան  ծիրին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆրետերիքա Մոկերինիի հետ: Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը եւ Ֆրետերիքա Մոկերինին քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն օրակարգի շարք մը հարցեր: Զոհրապ Մնացականեան  ընդգծեց, որ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը միշտ յայտնած է իր յանձնառութիւնը եւ...

Page 521 of 797 1 … 520 521 522 … 797

Արխիւներ