Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ազգային Միասնականութիւնը` Կարգախօսային Սահմաններէն Դուրս

Փետրուար 2, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկարատեւ պարանաձգութիւններէ, չափաբաժիններու ճշդումի համար քաղաքական առեւտուրի տարբեր փուլեր թեւակոխելէ ետք, վերջապէս կազմուեցաւ Լիբանանի կառավարութիւնը: Կառավարութիւնը կը հռչակուի իբրեւ ազգային միասնականութեան դահլիճ, կը ներառէ 18 նոր դէմքեր, որոնցմէ 4-ը` կին:

Լիբանանահայութիւնը, վերջին տասնամեակներուն, առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայանայ երեսուն հոգինոց կառավարութեան մէջ երկու նախարարական պաշտօն զբաղեցնող նախարարով: Վերջին օրերուն եւ մետասաներորդ պահուն ոչ պաշտօնական կերպով արծարծուեցաւ նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Դաշնակցութեան տրուելիք նախարարական աթոռէն այլ նախարարի վերապահելու հաւանականութիւնը: Քաղաքական աշխատանքները, որոնք մինչ այժմ կեդրոնացած էին համայնքի ամբողջական իրաւունքը պահպանելու եւ երկու նախարարով ներկայանալու սկզբունքը չզիջելու անհրաժեշտութեան վրայ, թիրախ ունեցան նաեւ նախարարութեան պաշտօնի պահպանման առաջադրանքը: Թէ՛ համայնքային եւ թէ՛ կուսակցական առաջադրանքները կատարուած կարելի է նկատել:

Ներհամայնքայինէն միջհամայնքային բազմաթիւ հանգոյցներու լուծման երկարատեւ գործընթացի վերջին փուլը` Պաապտայի եռակողմ հանդիպումն ու անկէ բխած կառավարութեան կազմը բնականաբար լաւատեսութիւն կը ներշնչեն լիբանանեան հասարակութեան մօտ: Զգուշաւոր լաւատեսութիւն անշուշտ, որովհետեւ լիբանանցի քաղաքացին փորձառութիւնը ունի յանկարծակի վերադարձներու ականատեսը ըլլալու:

Նկատենք այժմ, որ լիբանանեան կառավարութիւնը կը կազմուի Իրանի դէմ պատժամիջոցներու սաստկացման յայտարարողականութեան առաստաղի բարձրացման եւ իբրեւ կցորդ ուժ Հըզպալլայի չէզոքացման անհրաժեշտութեան միջազգային յուշումներով: Իսրայէլի մէջ ընդյատակեայ փապուղիներու բացայայտումը, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի անզիջող պատասխանը մտածել կու տային, որ կառավարութեան կազմութեան տարածաշրջանային նոր թնճուկներ կը հիւսուէին իբրեւ արգելք ընթացակարգի կայացման:

Կառավարութեան կազմութիւնը սակայն առաջին հայեացքով մտածել կու տայ, որ ներլիբանանեան քաղաքական կամքի դրսեւորումը այս փուլին յաջողեցաւ շրջանցել արտաքին իրադարձութիւններու անմիջականօրէն արգելակիչ կարմիր լոյսերը:

Մանաւանդ որ կառավարութիւնը կը կրէ ազգային միասնականութեան բնութագրումը. հետեւաբար արտաքին որեւէ ճնշումի, սպառնալիքի, հեռակառավարման փորձի դիմաց կառավարութիւնը իբրեւ մէկ միաւոր եւ ամբողջականութիւն հանդէս գալու հրամայականին դիմաց է:

Ազգային միասնականութեան անուանումը քաղաքական տրամաբանութեամբ չի յուշեր անշուշտ, որ ամէն ինչ հեզասահ պիտի ընթանայ հետագայ օրերուն: Սակայն հաւանական դժուարութիւններու յաղթահարման սկզբունքները, համատեղ, այժմէն ճշդելու անհրաժեշտութեան առջեւ է կառավարութիւնը: Ճիշդ է, որ անյապաղ գործելու ժամանակն է: Առկախուած որոշումներ, պիւտճէի վերականգնում, ժողովուրդի պահանջներու բաւարարում, մագլցողականութեամբ սրընթաց բարձրացող արտաքին պարտքի եւ տնտեսական արիւնաքամութեան կասեցման համար ծրագիրներու մշակում եւ անմիջական գործադրութիւն` նշելու համար ամէնէն առաջնային խնդիրները, այս կառավարութիւնը այդ բոլորին առընթեր եւ այդ բոլորին իբրեւ մեկնակէտ նոյնիսկ, իր վրայ վերցուցած ազգային միասնականութեան առաքելութեան իրականացման սկզբունքային կէտերը որոշելու անյետաձգելիութեան առջեւ է:

Իսկ համալիբանանեան առումով առաջադրուող ազգային միասնականութիւնը կ՛անցնի ներհամայնքային համաձայնական մթնոլորտներէ, կը հասնի միջհամայնքային համերաշխութեան, յանգելու համար կառավարական եւ խորհրդարանական միասնականութեան, ձեւական-կարգախօսային սահմաններէն դուրս բերելու եւ իրաւամբ ազգային տարողութիւն տալու միասնականութեան առաջադրանքին, որ նախապայմանային հանգամանք ունի երկրին առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին հիմնախնդիրները դիմակայելու համար:

Նախորդը

Գերմանիա. Փաշինեան – Մերքել Հանդիպումին Ընթացքին Շեշտուեցաւ Հայ-Գերմանական Յարաբերութիւնները Աւելի Եւս Սերտացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (2 Փետրուար 2019)

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?