Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «ՀՅԴ-ն Չէ Հրաժարած Իր Քաղաքական Պատասխանատուութենէն»

February 5, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ-ն չէ հրաժարած իր քաղաքական պատասխանատուութենէն, յատկապէս այն ոլորտներուն հետ կապուած, որոնք ղեկավարած է: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նման տեսակէտ յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Միեւնոյն ժամանակ ան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) հետ դաշինք ունենալը նոյնիսկ անգամ չի կրնար ժխտել, որ Դաշնակցութիւնը պահած է իր իւրայատկութիւնը, պահած է այնքան, որ այսօրուան իշխանութիւնները գնահատեն ու նշեն, որ մենք ՀՀԿ-ի ու միւսներուն նման չենք: Ան աւելցուց, որ ՀՅԴ-ն  վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ որեւէ խնդիր ու խոչընդոտ չունի` յատկապէս ազգային խնդիրները լուծելու հարցին մէջ:

Անդրադառնալով համաձայնական կառավարութիւններու մէջ ՀՅԴ-ի կազմած դաշինքներուն` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսած է. «Մենք մեր նախկին դասերէն սորված ենք, որ մենք այլեւս որեւէ գունաւորումի` ձախ, աջ, թէ այլ իշխանութեան հետ դաշինք պիտի չկազմենք, եթէ  վճռորոշ դեր չունենանք: Այսինքն` առնուազն պէտք է ըլլայ իրավիճակ, որ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւնը ըլլայ 48 առ հարիւր, իսկ 10  առ հարիւրը ըլլայ ՀՅԴ-ն, եւ 2-ը միասին ստիպուած ըլլան համագործակցիլ, որ խորհրդարանը մեծամասնութիւն ունենայ: Եթէ ոչ, ապա պիտի չկրկնուի այն, ինչ որ եղած է անցեալին: Բայց մէկ բան ըսեմ` համաշխարհային փորձառութեան մէջ շատ կան դէպքեր, որ աջ ու ձախ ուժեր իրարու հետ համագործակցած են, օրինակ` Իսրայէլը, որուն կառավարութիւնը քանի մը թեւերէ բաղկացած է` աջակողմեան, ձախակողմեան, ծայրայեղ կրօնական: Այս բոլոր կուսակցութիւնները կը համախմբէ պետական եւ համազգային շահը, թէպետ տեղ-տեղ կրնան իրարու հետ չհամաձայնիլ: Մենք նոր-ազատական չենք, եթէ «Իմ քայլը» խմբակցութեան հիմնական հատուածը աջ է, կարելի չէ ստեղծել միջավայր, թէ պէտք չէ համագործակցինք իրարու հետ»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հարցազրոյցը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային:

Նախորդը

Ֆրանսահայ Համայնքի Ընթրիքին Պիտի Մասնակցի Նախագահ Մաքրոն, Պիտի Քննարկուի Արցախեան Տագնապը

Յաջորդը

Խմբագրական. Օրհներգն Ու ՀՀ Սահմանադրութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.