Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսահայ Համայնքի Ընթրիքին Պիտի Մասնակցի Նախագահ Մաքրոն, Պիտի Քննարկուի Արցախեան Տագնապը

Փետրուար 5, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ 17 փետրուարին Ֆրանսայի հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդը պիտի ունենայ ֆրանսահայ համայնքի ընթրիք, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:  Ըստ անոր, ներկայ պիտի ըլլան նաեւ Ֆրանսայի կրթութեան նախարարը, Փարիզի քաղաքապետը, փարիզեան շրջանի մարզպետը եւ տասնեակ երեսփոխաններ, ծերակոյտի անդամներ եւ այլ նշանաւոր անձնաւորութիւններ: Այս ընթրիքին կը մասնակցին բոլոր հայկական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ այլ համայնքներէ` իսլամներ, եզիտիներ, ասորիներ եւ այլն, նաեւ` տարբեր երկիրներու դեսպաններ, մօտաւորապէս 480 հոգի:

Մուրատ Փափազեանի համաձայն, գաղութին տարեկան այս ընթրիքը շատ մեծ քաղաքական «ժամադրութիւն» է, որուն ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ բոլորին փոխանցել իրենց քաղաքական պատգամը: «Այս տարի մենք որոշած ենք մեր պատգամը կեդրոնացնել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման, անկախութեան հարցին շուրջ, որպէսզի նախագահ Մաքրոնը եւ բոլորը գիտակցին, որ սփիւռքը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը Արցախի ժողովուրդին կողքին են: Մենք հիմնականօրէն ասոր վրայ պիտի դնենք շեշտը», յայտնած է ան:

Մուրատ Փափազեան նշած է, որ հիմա արցախեան տագնապին առնչութեամբ դրական ազդակներ չեն հասնիր իրենց: «Այդ ազդակները այն մասին են, որ կրնան զիջումներ ըլլալ, որ բաւական մեծ ճնշում կը բանեցուի Հայաստանի վրայ: Դժուար եւ մտահոգիչ լուրեր կը հասնին մեզի, եւ մենք նկատած ենք, որ արդէն ժամանակն է ցոյց տալու, որ հայ ժողովուրդը միասնական է Արցախի հարցին շուրջ, եւ անիկա  մեր առաջնահերթութիւններուն մէջ առաջին դիրքին վրայ է», ըսած է ան:

Նախագահ Մաքրոնի հետ, ըստ Մուրատ Փափազեանի, արդէն քննարկուած են ընթրիքին մանրամասնութիւնները, թէ` ի՛նչ նիւթեր պիտի քննարկուին: Գաղութը նախագահէն կ՛ակնկալէ, որ ան ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի օրացոյցին մէջ յայտարարէ իբրեւ պաշտօնական օր, նաեւ Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ նոր օրէնք ունենալու վերաբերեալ իր արձագանգը ներկայացնէ:

«Երրորդ հարցը կը վերաբերի Արցախին: Անշուշտ, ռուսական եւ ամերիկեան կողմերը ԵԱՀԿ-ի համանախագահներ են, բայց մենք կ՛ուզենք, որ Ֆրանսա աւելի ազդեցիկ դեր խաղայ արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ», ըսած է ան` նկատել տալով, որ Ֆրանսայի ազդեցութեան ուժեղացումը Հայաստանի համար կրնայ դրական նպաստ բերել ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ:

Խօսելով ֆրանսահայութեան եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մասին` Մ. Փափազեան նշած է, որ գաղութը միշտ օժանդակած է Հայաստանի դիւանագիտութեան: «Մենք կապի մէջ ենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, կ՛աշխատինք Հայաստանի դեսպանութեան հետ, որպէսզի կարենանք մեր դերը խաղալ Հայաստանի զարգացման մէջ», աւելցուցած է ան:

Հայ համայնքի ընթրիքէն ետք, Մուրատ Փափազեանի համաձայն, իրենց համար լաւագոյն արդիւնքը պիտի ըլլայ այն, որ նախագահ Մաքրոն կատարէ իրենց վերոնշեալ ցանկութիւնները: «Մենք նաեւ կը փափաքինք, որ Ֆրանսան ընդունի, որ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի համանախագահ երկիր, զէնք չվաճառէ Ազրպէյճանին: Ֆրանսան պէտք է խուսափի Ազրպէյճանին զէնք վաճառելէ, որովհետեւ կարելի չէ բացառել, որ ֆրանսական զէնքերը օգտագործուին Արցախի ժողովուրդին դեմ: Պէտք է նախագահ Մաքրոն նաեւ մեզի խօսք տայ, որ Ֆրանսան 2019 թուականին ամէն ինչ պիտի ընէ, որ խաղաղութիւն հաստատուի Արցախի մէջ, եւ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովուի, Արցախի ճանաչումը, անկախութիւնը դառնան օրակարգի կարեւոր մաս», եզրափակած է Փափազեան:

 

Նախորդը

Իշխան Սաղաթելեան` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Նոր Ներկայացուցիչ

Յաջորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «ՀՅԴ-ն Չէ Հրաժարած Իր Քաղաքական Պատասխանատուութենէն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?