Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 5 փետրուարին պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեանի եւ այլ պաշտօնեաներու ընկերակցութեամբ այցելած է հանրապետութեան արեւելեան սահմանագիծի տարբեր հատուածներ, ծանօթացած տեղւոյն զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ նոյն օրը նախագահը այցելած է Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղ եւ հրաւիրած աշխատանքային խորհրդակցութեան` բնակավայրի վերականգնման առնչուող խնդիրներուն շուրջ:
Նախագահ Բակօ Սահակեան յստակ յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն` քննարկուած հարցերու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ, նշելով Թալիշի վերականգնման ծրագիրի կարեւորութիւնը Արցախի համար:
Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:



