Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ճամբադ Տանդ Պէ՛ս Պահէ» Մաքրութեան Արշաւ` Պուրճ Համուտի Մէջ

Փետրուար 4, 2019
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 3 փետրուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ը, կազմակերպութեամբ  Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երկրորդ անգամն ըլլալով տեղի ունեցաւ «Ճամբադ տանդ պէ՛ս պահէ» ընդհանուր մաքրութեան արշաւը, որուն մասնակցեցան Պուրճ Համուտի քաղաքացիներ, մարմնակրթական եւ բարեսիրական միութիւններ, կրթական հաստատութիւններ, Պուրճ Համուտի բոլոր համայնքները ներկայացնող միաւորումներ:

Այս նախաձեռնութեան առիթով «Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան այս արշաւին կարեւորութեան մասին խօսելով` յայտնեց, թէ առաջին արշաւին ատեն արդէն յայտարարուեցաւ, որ Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցող այս նախաձեռնութիւնը կոչուած է նաեւ օրինակ ըլլալու լիբանանեան միւս շրջաններուն: «Համոզումով կ՛ըսենք, որ քաղաքացին երբ իր քաղաքը, շրջանը, թաղը կը մաքրէ, ատիկա ցոյց կու տայ պատկանելիութիւն, որովհետեւ հետաքրքրուած կ՛ըլլայ ո՛չ միայն իր բնակարանով, այլ նաեւ շրջապատով: Համոզուած ենք, որ մենք` իբրեւ հայեր, ընդհանրապէս այս իմաստով նախաձեռնող եղած ենք, նախընթացը ստեղծած ենք: Բայց եւ այնպէս շարունակականութիւնը ապահովելը շատ կարեւոր է, որպէսզի այնպէս չըլլայ, որ միայն քարոզչական նպատակով եղած է: Նկատի ունենալով, որ նախորդ երկու ամիսները տօնական էին, մաքրութեան արշաւ չկատարուեցաւ, բայց եւ այնպէս քաղաքապետութեան որոշումը` ՀՅԴ-ին հետ համադրաբար, պիտի գործադրուի, մաքրութիւն կատարելը առօրեայ սովորութեան պիտի վերածուի, ուստի կարեւոր է այս արշաւին նաեւ պատասխանատուներուն մասնակցութիւնը, որպէսզի մենք ալ օրինակ ծառայենք ժողովուրդին, բայց եւ այնպէս խորքին մէջ ժողովուրդը օրինակ է մեզի, որովհետեւ ան առաւօտեան կանուխ ժամերէն կը սկսի աշխատանքի, զոր բացառիկ կերպով կը կատարէ», յայտնեց նախարար Կիտանեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր ապրած անմիջական միջավայրի մաքրութեան մասնակցիլը նաեւ պատկանելիութեան ցուցանիշ կը նկատուի՞, մանաւանդ որ լիբանանցիներուն մօտ ատիկա գրեթէ գոյութիւն չունի` Աւետիս Կիտանեան ըսաւ. «Այդպէս է, Լիբանանի մէջ պատկանելիութիւնը ընդհանրապէս համայնքին է, կուսակցութեան է: Այստեղ թէ՛ այդ պատկանելիութեան արտայայտութիւնն է, եւ թէ՛ գործակցութիւնն է տեղական իշխանութեան, որ այսօր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնն է, եւ ժողովուրդին միջեւ: Լիբանանեան շրջաններու բնակիչներու պահանջներուն գոհացում տուողը տեղւոյն իշխանութիւնն է, քաղաքապետութիւնն է, ուստի կ՛ենթադրեմ, որ երբ մասնակցութիւն կայ, ուրեմն Պուրճ Համուտի մէջ պատկանելիութեան զգացումը աւելի շեշտուած է, իսկ պատճառը այն է, որ քաղաքապետութիւնը իսկապէս կը զբաղի մարդոց առօրեայով, ուստի երբ դիմուի ժողովուրդին, ան ալ ընդառաջող կ՛ըլլայ»:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նազարէթ Ապունայեան իր կարգին հաստատեց, որ իւրաքանչիւր ամսուան առաջին կիրակի օրը տեղի ունենալիք այս արշաւին նպատակը միայն մաքրութիւնը չէ, այլ նաեւ շրջանի բնակիչները հրաւիրել գիտակցելու, որ աղբերը կարելի չէ գետին թափել, այլ պէտք է զետեղել համապատասխան վայրերու մէջ` աւելցնելով, որ քաղաքապետութիւնը այս առնչութեամբ աշխատանք կը տանի արդէն` զամբիւղներ եւ աղբամաններ տեղադրելով, որպէսզի կարելի ըլլայ շրջանը մաքուր պահելու գործնական տուեալներ ապահովել:  Ան աւելցուց, որ այս նախաձեռնութիւնը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ, կոչ պիտի ըլլայ զգաստութեան, որ քաղաքացիները եւս պարտականութիւն եւ պատասխանատուութիւն ունին Պուրճ Համուտի նկատմամբ: Ն. Ապունայեան նշեց, որ թէեւ շրջանի բնակիչներուն ընդառաջումը տակաւին ակնկալուածին չափ չէ, բայց եւ այնպէս իրենք վճռակամ են շարունակելու մաքրութեան արշաւը` հաւատալով, որ ասիկա նաեւ Լեռնալիբանանի բոլոր շրջաններուն համար օրինակ կը ծառայէ, նաեւ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներ կը ներգրաւուին անոր մէջ, որովհետեւ ծրագիրները կը յաջողին բոլորին մասնակցութեամբ:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Լեւոն Նորտիկեանը

Յաջորդը

Փութին Քիեւը Կը Մեղադրէ Եկեղեցւոյ Կեանքին Միջամտելու Համար

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?