Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Դատապարտէ. «Ապրիլ 24-ը Պիտի Դառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Ազգային Օր» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Փետրուար 7, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 5 փետրուարին Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին կազմակերպած տարեկան ընթրիքին ընթացքին դարձեալ յայտարարած է, թէ ապրիլ 24-ը պիտի դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր:

Անոր համաձայն, Ֆրանսան 1915-էն ի վեր ցեղասպանութիւնը կը կոչէ մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւն, «որ 2001 թուականին երկարատեւ պայքարէ ետք իբրեւ այդպիսին ճանչցուած է արդէն օրէնքով»:

«Ֆրանսահայերու պատմութիւնը Ֆրանսայի պատմութիւնն է: Եւ որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր յիշողութիւններուն մաս կը կազմէ, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը պէտք է յարգուի նաեւ մեր հանրապետութեան մէջ: Ձեզի հետ միասնաբար ես եւս ուժերուս ներածին չափով պիտի պայքարիմ ժխտումի որեւէ դրսեւորումի դէմ, որ կ՛անարգէ զոհերու յիշատակն ու ողջերու արժանապատուութիւնը», նշեց Մաքրոն:

«Այժմ միայն մէկ պետութեան ղեկավար` Թուրքիոյ նախագահը չի կիսեր Ֆրանսայի տեսակէտն ու մեր արժէքները տուեալ ծիրին մէջ», աւելցուցած է ան` ընդգծելով, որ Թուրքիոյ «նախագահ Էրտողան ամբողջ թուրք ժողովուրդը չէ»: Ան նաեւ խոստացած է շարունակել երկխօսութիւնը` պատմական փաստերը լսելի դարձնելու համար. «Ես յստակօրէն կ՛ըսեմ` Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի ամբողջական պատասխանատուութիւնը Թուրքիոյ նախագահը երկխօսութեան հրաւիրելն է»:

Նշենք, որ ընթրիքին Ֆրանսայի նախագահի կողքին կը մասնակցէին Ֆրանսայի կրթութեան նախարարը, Փարիզի քաղաքապետը, Ծերակոյտի անդամներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ հանրածանօթ անձնաւորութիւններ:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն անդրադառնալով Մաքրոնի յայտարարութեան յայտնեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` 24 ապրիլը ենթադրեալ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր յայտարարելը»:

«Մենք կը մերժենք Մաքրոնի կողմէ, իր երկրին դիմագրաւած քաղաքական խնդիրներէն ինքզինք փրկելու նպատակով պատմական դէպքերը իբրեւ քաղաքական նիւթ օգտագործելը», ըսաւ Քալըն` նշելով. «Ենթադրեալ Հայոց ցեղասպանութիւնը քաղաքական սուտ մըն է, որ կը հակասէ պատմական ճշմարտութեան, եւ Թուրքիան ատոր որեւէ արժէք չի տար»:

Միւս կողմէ, թրքական լրատուամիջոցները իրենց կարգին անդրադարձան Ֆրանսայի նախագահի յայտարարութեան` հիմնականին մէջ զայն որակելով «գայթակղալից»:

«Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը յիշեցուց, որ ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր հռչակելը Մաքրոնի նախընտրական խոստումներէն մէկն էր, եւ շեշտեց. «1914-1921 թուականներուն տեղի ունեցած փոխադարձ բախումներու ժամանակ մահացած են նաեւ բազմաթիւ թուրքեր»:

Թրքական ընդդիմադիր եւ ազգայնական «Սէօզճիւ» օրաթերթը օգտագործած է թրքական մամուլին մէջ տարածում ունեցող «այսպէս կոչուած ցեղասպանութիւն» եւ «1915-ի դէպքեր» եզրերը: Օրաթերթը մեղադրած է Մաքրոնը «Թուիթըր»-ի միջոցով «ցնցիչ եւ սադրիչ» հրապարակումներ կատարելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին նմանելու փորձի համար:

«ՍոնՏաքիքա» կայքը ուշադրութեան հրաւիրած է Մաքրոնի յայտարարութեան այն հատուածին վրայ, ուր Ֆրանսայի նախագահը շեշտած է, որ իր այս որոշումին մասին ան նախապէս տեղեկացուցած է նաեւ Էրտողանը:

Թրքական լրատուամիջոցները հիմնականին մէջ նաեւ մէջբերած են Մաքրոնի խօսքերը Անգարայի հետ երկխօսութեան շարունակման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, սուրիական տագնապին եւ մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու հարցին մէջ Թուրքիոյ հետ ունեցած որոշ տարակարծութիւններու մասին:

Նիւթին անդրադարձած են նաեւ թրքական յառաջատար «Ենիչաղ», «Աքշամ», «Սթար» օրաթերթերը, ինչպէս նաեւ «Կազեթետուվար», «Հապերլեր», «Պուրսահեպեր», «Կերչեքկիւնտեմ» կայքերն ու այլ լրատուամիջոցներ:

Նախորդը

Չաւուշօղլու Հայ Եկեղեցականներուն Խորհուրդ Կու Տայ Համբերել

Յաջորդը

Մուրատ Փափազեան. «Ահաւոր Է Պատկերացնել, Որ Հայեր Կը Սպաննուին Ֆրանսական Զինամթերքով»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?