Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն՝ Օրհներգի Փոփոխութեան Բանավէճի Մասին

February 6, 2019
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հ.Յ.Դ. Հանրային կապերու գրասենեակի թղթակիցը հետեւեալ հարցումով դիմած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին. – «Ի՞նչ է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի տեսակէտը Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը փոխելու շուրջ աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր ընթացող հրապարակային բանավէճի մասին»։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը տուած է հետեւեալ պատասխանը.-

«Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ընկերներ, անցնող օրերուն հրապարակաւ անդրադարձած են այս հարցին՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն։

Կրկնելու գնով ըսեմ. Հ.Յ.Դ. Բիւրոն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համաշխարհային կառոյցին անունով կը յայտնէ իր յուսախաբութիւնն ու դժգոհութիւնը այն մասին, որ ՀՀ Ազգային Ժողովի եօթերորդ գումարման առաջին նստաշրջանի բացումէն օրեր անց, Ազգային Ժողովի մեծամասնութեան որոշ ներկայացուցիչներ արտախորհրդարանական՝ ընկերային ցանցերու վրայ եւ կամ հարցազրոյցներու ընթացքին կատարուած յայտարարություններով ՀՀ օրհներգը փոխելու հարցը դարձուցին հանրային քննարկումի առարկայ։

Հաւանաբար հանրային հարթակներու վրայ այս քննարկումին անդրադառնալու անհրաժեշտութիւն չ՚ըլլար, եթէ ըստ էութեան արդէն իսկ փակուող Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ փորձ չկատարուէր այս տխրահռչակ բանավէճին մէջ ներքաշելու տարբեր շրջանակներ եւս։

Դատապարտելով ազգային-պետական արժէքներ կամ խորհրդանիշներ վարկաբեկելու, արժեզրկելու որեւէ փորձ՝ կոչ կ՚ընենք չ՚ենթարկուիլ ամէն ինչ փոխելու և վերատեսութեան ենթարկելու անառողջ գայթակղութեան։ Այսպիսի հաւակնութիւնները ինքնահաստատման լաւագույն ձեւը չեն։

Անհրաժեշտ կը գտնենք յստակ արձանագրել, որ պետական խորհրդանիշերու փոփոխութեան վերաբերեալ անհարկի քննարկումները որեւէ իրաւաքաղաքական հիմք չունին: Հայաստանի Դրօշը, Օրհներգն ու Զինանշանը մեր պետականութեան յարութեան եւ անկախութեան պատգամները նուիրականացնող սրբութիւններ են. այդ խորհրդանիշները կարելի չէ փոխել գեղագիտական նախասիրություններու եւ ճաշակի վրայ հիմնուած։

Մեր հայրենիքը ունի իսկապէս լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնք յաղթահարելու կոչուած է արտահերթ ընտրութիւններով ձեւաւորուած այս Ազգային Ժողովը եւ կառավարութիւնը»:

Նախորդը

ՀՅԴ Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Պիտի Քննարկէ Օտար Դաշտի Վրայ Կոլ Նշանակելու Օրէնքը Վերցնելու Հարցը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.