Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութիւն. Հաղորդագրութիւն

Փետրուար 6, 2019
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան հետեւեալ հաղորդագրութիւնը յղեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն:

Վերջին ժամանակաշրջանին Հիւսիսային Մեթնի ծովեզերեայ շրջաններուն եւ յատկապէս Պուրճ Համուտի եւ անոր շրջակայքին մէջ աւելցած են գարշահոտերը, ինչ որ պատճառ դարձաւ շրջանի բնակիչներուն դժգոհութեան եւ արդար բողոքին:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետը հետեւեցաւ հարցի մանրամասնութիւններուն` պատկան մարմիններուն եւ պետական վարչութիւններուն հետ: Մեկնելով հարցի հետապնդումին իբրեւ հետեւանք գոյացած տուեալներէն, ան հանրային կարծիքին ուշադրութեան կ՛ուզէ յանձնել հետեւեալ կէտերը.

Ա.- Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին մէջ աշխատանքները դադրած են անցեալ տարուան փետրուար ամսուան աւարտէն, եւ այդ վայրը այդ թուականէն սկսեալ նոր աղբեր չէ ընդունած` ըստ վերակառուցումի եւ բարգաւաճման խորհուրդին եւ կապալառուին հաւաստիացումին:

Բ.- Հին աղբալերան վերացման աշխատանքները վերջ գտած են անցեալ տարուան յունիս ամսուան վերջաւորութենէն` վերոնշեալ աղբիւրներուն հաստատումով:

Գ.- Գարշահոտերուն պատճառը աղբերու ժամանակաւոր «կառատան» մէջ կատարուած աղբահանութեան աշխատանքներն են:

Դ.- Այստեղ պէտք է յիշեցնենք, որ օգոստոսէն սեպտեմբեր 2016-ին Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին մէջ աշխատանքները դադրած էին` այդ վայրին մուտքը փակած նստացոյցերուն պատճառով: Այս ժամանակաշրջանին, Նաամէի թափօններու թաղման վայրին մէջ աղբեր ընդունիլը մերժելու կեցուածքին պատճառով եւ արգիլելու համար աղբերուն` փողոցներուն մէջ կուտակումը, անոնք տեղադրուեցան ժամանակաւոր «կառատան» մը մէջ: Սկզբունքով այդ աղբերը պէտք էր տեղադրել իրենց յատուկ առողջապահական վայրերու մէջ: Այս ժամանակաշրջանին, այդ ժամանակաւոր վայրին մէջ կուտակուեցան 350 հազար թոն ամէնօրեայ աղբ եւ զանազան ձեւի թափօններ` բոլոր շրջաններէն: Մօտ հինգ ամիս այդտեղ կուտակուելէ ետք, պէտք էր զանոնք վերացնել, սակայն կարելի չեղաւ միաժամանակ զբաղիլ թէ՛ ամէնօրեայ աղբերու եւ թէ՛ այդ վայրին մէջ կուտակուածներու հարցերուն լուծումով:

Ե.- Թափօններու թաղման վայրին մէջ աշխատանքներու դադրեցումէն ետք անընդունելի էր այլեւս այդ աղբերը բացօթեայ վայրին մէջ պահել եւ շրջանն ու անոր բնակիչները ենթարկել անոնց կենսոլորտային եւ առողջապահական վնասներուն: Միւս կողմէ, պայմանագրութիւններու ժամկէտներու աւարտին եւ այդ շրջանին մէջ կոյուղիներու ու կանաչ տարածքներու ծրագիրներու իրագործման ժամկէտներու մօտենալը կը պարտադրէր այդ աղբերու քանակը փոխադրել առողջապահական վայրեր:

Զ.- Կապալառուն սկսաւ աղբերու այդ քանակը ժամանակաւոր «Կառատուն»-էն վերցնել հոկտեմբեր 2018-ին: Համագործակցութեամբ քաղաքապետութեան, շուրջօրեայ աշխատանք կատարուեցաւ ամէնէն արագ միջոցին այս աղբերը վերցնելու` միաժամանակ բոլոր գիտական միջոցառումներուն դիմելով, արգիլելու համար կազերու եւ նեղացուցիչ գարշահոտերու արձակումը:

Է.- Իրապէս ալ, շուրջ 75-օրեայ աշխատանքէ ետք, կարելի եղաւ վերցնել մօտ 300 թոն աղբ` առանց որեւէ նեղութիւն պատճառելու:

Ը.- Սակայն փոխադրութեան աշխատանքները հասան կուտակուած աղբի ստորին հատուածներուն, ուր կայ նաեւ աղբէն յառաջացած թունաւոր հիւթը: Ասոր վրայ աւելցան նաեւ ցուրտի ալիքները, որոնց յաջորդեց տաք եղանակ, ինչ որ աւելցուց գարշահոտերու արձակումը վերջին շաբաթներուն ընթացքին:

Թ.- Ներկայիս աշխատանք կը տարուի բոլոր գիտական միջոցներով թեթեւցնելու գարշահոտերուն ազդեցութիւնը: Այս ծիրին մէջ օրական 5000 լիթր յատուկ նիւթերու սրսկում տեղի կ՛ունենայ` արգիլելու համար մանրէներու եւ վնասակար կազերու տարածումը, ինչպէս նաեւ առաւելագոյնս թեթեւցնելու համար գարշահոտերու արձակումը:

Ժ.- Շուրջօրեայ աշխատանք կը կատարուի վերցնելու աղբերու մնացեալ բաժինը: Պատասխանատուները կը հաստատեն, որ աշխատանքներու աւարտին առաւելագոյն ժամկէտը այս ամսուան աւարտն է:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը վերահաստատէ իր մնայուն յանձնառութիւնը շրջանի կենսոլորտին եւ բնակիչներու առողջութեան նկատմամբ: Կ՛ափսոսանք, որ աշխատանքները այսպիսի նեղութիւն պատճառեցին բնակիչներուն` միաժամանակ կու գանք շեշտելու, որ այս աշխատանքները անհրաժեշտ են, որովհետեւ այսքան աղբ բացօթեայ վիճակի մէջ պահելը մեծ վնասներու դուռ կը բանայ:

Միեւնոյն ժամանակ ալ, լրատուամիջոցներէն եւ այս նիւթը արծարծողներէն կը խնդրենք առարկայականութիւն ցուցաբերել եւ յստակացնել պատճառները եւ պատասխանատուութիւնները, չներքաշուիլ գուշակութիւններու եւ անհիմն վերլուծումներու մէջ:

Իսկ եթէ կան տուեալներ ու փաստեր, որոնք կը հակասեն մեր ունեցածներուն, ապա զանոնք ունեցողներուն կոչ կ՛ուղղենք մեզի տեղեկացնելու անոնց մասին` անոնց գծով պէտք եղած հետապնդումները կատարելու եւ լուծումները գտնելու համար:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ`
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Նախորդը

«Մարդկային Եղբայրութիւն» Խորագրեալ Միջազգային Համագումար

Յաջորդը

Իրաքի Նախագահ. «Ամերիկացիները Իրանը Հսկելու Արտօնութիւն Չխնդրեցին»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?