Քեպեքի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մասնակցեցաւ ՄԱԿ-Ի Ցեղասպանութեան Ուխտի Յոբելեանի Հանդիսութեան
Կիրակի, 9 դեկտեմբերին, Մոնրէալի Քոնքորտիա համալսարանին մէջ նշուեցաւ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան ուխտի 70-ամեակը, «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման միջազգային օր»-ուան ծիրին մէջ: Ձեռնարկի կազմակերպիչներն էին` Քոնքորտիայի «Մոնրէալ Ինսթիթիուտ ֆոր Ճենըսայտ էնտ Հիումըն Ռայթց Սթատիզ»-ը Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանը, Մոնրէալի Ողջակէզի թանգարանը, «Ռաուլ Ուոլընպըրկ» մարդկային իրաւանց հիմնարկը եւ Մոնրէալի «Ըլլայընս ֆոր Ճենըսայտ Ըուերնես էնտ Ռիմեմպրընս» կազմակերպութիւնը: Վերջինին իբրեւ հիմնադիր անդամ` Քեպեքի Հայ դատի յանձնախումբը իր...




















