Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Համեմատութիւններու Ելակէտի Սկզբունքը

Ապրիլ 1, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կոլանի բարձունքները իսրայէլեան տարածք նկատելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի յայտարարութիւնը իսրայէլամէտ իրերայաջորդ շղթայական յայտարարութիւններու տրամաբանութեամբ պէտք է ընկալել` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու, ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու, քաղաքական դիրքորոշումներու փոխկապակցուած օղակներու տեսանելիութեամբ:

Հայկական առումով համեմատական վերլուծաբանութեան ընթացքին ելակէտ պէտք է նկատել այս պարագային ոչ թէ գրաւուած տարածք կամ վերահսկուող տարածք իրաւաքաղաքական եզրոյթներու փոփոխութիւնը, կամ պատերազմի հետեւանքով անվտանգութեան երաշխիք իբրեւ ստեղծուած իրավիճակի նուիրականացումը, այլ պատմական հիմնաւորումներով պատկանելիութեան սկզբունքը: Աւելի պարզ բացատրութեամբ` Կոլանը գրաւուած է Իսրայէլի կողմէ եւ ոչ թէ ազատագրուած, նկատի ունենալով անոր պատմական  առումով պատկանելիութիւնը Սուրիոյ:

Համեմատական տրամաբանութիւնը ուրեմն այլ ուղղութեամբ պէտք է գործէ: Կոլանի գրաւումը կարելի է համեմատել Արծուաշէնի կամ ընդհանրապէս հիւսիսային Արցախի Ազրպէյճանի գրաւումին հետ:

Հայկական դիտանկիւնէ սկզբունքային այս ելակէտի որդեգրումը անպայման նկատի չունի տարածաշրջանի հայկական համայնքներու մօտեցումները հաշուի առնելը կամ անոնց ապրած երկիրներու պետական կեցուածքներու համահունչ յայտարարութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Պարզ է, որ Իրանը, Իրաքը, Սուրիան եւ Լիբանանը պիտի դատապարտէին Թրամփի վերջին յայտարարութիւնը. Լիբանանը յատկապէս խոր մտահոգութիւն ունի, որ Իսրայէլի կողմէ պատերազմական իրավիճակի պատճառով մինչ այժմ գրաւուած հարաւային շրջանի որոշ տարածքներ կրնան ենթարկուիլ նման կարգավիճակ ճշդող ամերիկեան յայտարարութեան:

Նոյնինքն արցախեան հիմնախնդիրի շրջագիծին մէջ պէտք է նկատի ունենալ հետեւեալ հանգամանքները: Թրամփի յայտարարութիւնը քննադատեցին ՄԱԿ-ը, Ռուսիոյ դաշնութիւնը, Եւրոպական Միութիւնը, Իրանը, Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան:

Պահ մը շրջանցելով համաարաբական զօրակցութիւն դրսեւորելու փաստն ու արաբական երկիրներու կեցուածքը, նկատենք, որ Անգարան հակաիսրայէլ յայտարարութիւններու առաստաղի բարձրացման այս օրերուն արաբ զանգուածներուն մօտ հեղինակութեան մագլցումի, Արեւմուտքի եւ շեշտուած ձեւով Միացեալ Նահանգներու դէմ կարգախօսային պատերազմ առաջնորդելու դիրքերու վրայ է: Այս կեցուածքները եթէ մէկ կողմէ կը բացատրուին համապետական ընտրութիւններուն վարկանիշ արձանագրելու մտադրութեամբ, միւս կողմէ տարածաշրջանին մէջ գլխաւոր խաղացողի կարգավիճակը պահպանելու քաղաքականութեամբ:

Աւելի երկչոտ է բնականաբար Պաքուն այս առումով դիրքորոշուելու, նկատի ունենալով Իսրայէլի հետ իր մշակած յարաբերութիւնները մէկ կողմէ, միւս կողմէ նաեւ Անգարայի հաշուարկը կատարելով: Այս հանգամանքները կը գերակշռեն Պաքուի մօտ, քան` արցախեան պատերազմին պատճառով ստեղծուած անվտանգութեան տարածքի գոյավիճակներու ընդունման ընդհանրացումի կարելիութիւնը:

Հիմնականը այս պարագային միջազգային ընտանիքն է, Ռուսիան, Եւրոպան եւ Իրանը, որոնց ուղղութեամբ հայկական ոսպնեակը պէտք է առարկայական գնահատական տայ ` անոնց դիրքորոշումները նկատի ունենալով:

Հետեւաբար քաղաքականօրէն կրնայ ճիշդ չընկալուիլ միջազգային ընտանիքին, արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն միջնորդի դեր ստանձնած` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի (Եւրոպական Միութեան ճամբով), ուղղակի Եւրոպական Միութեան եւ հակամարտութեան ուղղութեամբ հաւասարակշիռ կեցուածք որդեգրած Իրանին կեցուածքներուն ի հեճուկս դրական ուղերձ ակնկալել Ուաշինկթընի կողմէ Կոլանի կարգավիճակը իսրայէլեան գերիշխանութեան տակ տեսնող յայտարարութենէն: Մանաւանդ որ քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ նոյնինքն տուեալ պետութեան համար Կոլանի համար տրուած կարգավիճակային բնութագիրը անպայման չ՛օգտագործուիր օրինակի համար Քարվաճառի կամ Լաչինի համար: Չհաշուած այն իրականութիւնը, որ Ուաշինկթընը, Փարիզն ու Մոսկուան արցախապատկան տարածքներու համար սկզբունքով պէտք է համաձայնեցնեն իրենց կողմէ օգտագործելի եզրաբանութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 140-ամեակի Արժանաւոր Նշում` Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ. Իշխող Կուսակցութիւնը Կորսնցուց Անգարան Եւ Իզմիրը, Պոլսոյ Մէջ Արդիւնքը Կը Մնայ Վիճելի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?