Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Նոր Գիւղի Հայահոծ Թաղամասին Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Հալէպի Վերաշինութիւնը Պէտք Է Սկսի Նոր Գիւղէն»

Ապրիլ 3, 2019
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախքան Անթիլիաս վերադարձը, Արամ Ա. կաթողիկոս երկուշաբթի, 1 ապրիլ 2019-ի առաւօտուն այցելեց հայաբոյր Նոր Գիւղի ազգային կառոյցները:

Վեհափառ հայրապետը նախ այցելեց Նոր Գիւղի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր մեծ սիրով դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ թաղականութեան, դպրաց դասին, տիկնանց յանձնախումբին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:

Աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, վեհափառ հայրապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին, Ազգային  երեսփոխանական ու Կրօնական ժողովներուն եւ Ազգային վարչութեան ընկերակցութեամբ մուտք գործեցին եկեղեցի:

Վեհափառ հայրապետը իր ողջոյնի խօսքը ուղղելով հաւատացեալ ժողովուրդին ըսաւ. «Երկու տարի առաջ այցելեցի ձեզի, երբ Հալէպը նոր ազատագրուած էր: Ահաւասիկ, երկու տարի վերջ դարձեալ կ՛այցելեմ ու կը զգամ մեծ տարբերութիւնը Հալէպի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ես ուրախ եմ, որ Սուրիոյ հայութիւնը ընդհանրապէս եւ Հալէպի հայութիւնը մասնաւորապէս վերականգնումի, վերազարթօնքի ընթացքի մէջ են: Հալէպէն Անթիլիաս վերադարձի ճամբուս վրայ անպայման ուզեցի այցելել Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, Նոր Գիւղի եկեղեցին, որպէսզի անգամ մը եւս ուրախութիւնս յայտնեմ ձեզի: Մենք միասնաբար պիտի վերաշինենք Հալէպը, իսկ Հալէպի վերաշինութիւնը պէտք է սկսի Նոր Գիւղէն: Նոր Գիւղը Հալէպի հայութեան Պուրճ Համուտն էր, հայաբոյր սիրտն է, եւ ես կ՛ուզեմ, որ միշտ այդպէս մնայ:

«Փափաքս է, որ բոլոր անոնք, որոնք պայմաններու բերումով մեկնած են Հալէպէն, վերադառնան: Մենք պատրաստ ենք` իբրեւ կաթողիկոսութիւն, մեր Ազգային  կեդրոնական վարչութեան հետ, մեր միութենական կառոյցներով ու ամբողջ հայութեան հետ օժանդակելու ձեզի: Ձեր կարիքները նաեւ մեր կարիքներն են: Մեր եւ ձեր միջեւ սահմաններ, պատեր գոյութիւն չունին: Մենք մէկ ազգ ենք, մէկ եկեղեցի ենք, եւ այս գիտակցութեամբ մենք միասնաբար պիտի վերականգնենք ու շէնցնենք մեր կառոյցները: Կ՛աղօթեմ առ Աստուած, որ բարիքներով լեցնէ ու ծաղկեցնէ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն կեանքը»:

Վեհափառ հայրապետին Նոր Գիւղ այցելութեան երկրորդ վայրը Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանն էր:

Վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան կողմէ: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ճեմարանականներու ուսումնական կանոնաւոր ընթացքին եւ վարժարանին վերանորոգութեան համար, ապա խօսքը ուղղելով շրջափակին մէջ համախմբուած աշակերտութեան ըսաւ. «Ես այստեղէն մէկէ աւելի առիթներով խօսած եմ, սակայն այս անգամ տարբեր առիթ է, գօտեպնդիչ առիթ է: Երբ կը տեսնեմ, որ եօթը տարուան տագնապէն ետք այս դպրոցը` Ճեմարանը, կը շարունակէ հոգեկերտումի, հայակերտումի, մարդակերտումի իր առաքելութիւնը, յոյսով ու հպարտութեամբ կը լեցուիմ: Որեւէ հայ դպրոց շէնք մը չէ պարզապէս: Հայ դպրոցը հայ դպրոց կը դառնայ իր աշակերտութեամբ, իսկ աշակերտութիւնը դպրոցը հա՛յ դպրոցի կը վերածէ, երբ մասնակից կը դառնայ հայակերտումի առաքելութեան: Դուք էք դպրոցը: Ես ուրախ եմ, որ ձեր ներկայութեամբ Ճեմարանը դարձեալ կեանք կ՛առնէ:

«Հալէպի հայութեան, Սուրիոյ հայութեան ապագան դպրոցն է, հա՛յ դպրոցը: Հետեւաբար, մենք միասնաբար պիտի շէնցնենք ու ծաղկեցնենք հայ դպրոցը` իր աշակերտութեամբ եւ իր առաքելութեամբ: «Այս առիթով, հայրական սիրով կ՛ողջունեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, ձեր ծնողները, մանաւանդ տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, որոնք սիրով լծուած են իրենց առաքելութեան: Թող Աստուած միշտ առողջ, պայծառ եւ կանգուն պահէ հայ դպրոցը ամէն տեղ: Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ»:

Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարան իր այցելութենէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս շրջեցաւ Նոր Գիւղի հայահոծ թաղամասերը, այցելեց հայ արհեստաւորներու խանութները եւ ծանօթանալով անոնց աշխատանքին` բարձրօրէն գնահատեց հայ արհեստաւորներուն գործօն դերակատարութիւնը Հալէպի վերականգնումին մէջ:

Այնուհետեւ վեհափառ հայրապետը այցելեց Սուրիահայ օգնութեան խաչի ընկերաբժշկական կեդրոն, ուր դիմաւորուեցաւ Սուրիահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ:

Իր խօսքը ուղղելով Սուրիահայ օգնութեան խաչի անդամներուն` վեհափառ հայրապետը ըսաւ.

«Ուրախութիւնս եւ գնահատանքս կը յայտնեմ Սուրիահայ օգնութեան խաչի բոլոր անդամուհիներուն: Ինչպէս կը յիշէք, երկու տարի առաջ եկայ այստեղ, ամէն բան քարուքանդ վիճակի մէջ էր, հազիւ կրցայ աստիճաններէն վեր ելլել: Հիմա կը տեսնեմ, որ կառոյցը նորոգուած է: Այս առիթով կը գնահատեմ առաջնորդ սրբազանը, Ազգային իշխանութիւնը, յարակից մարմինները եւ յատկապէս ձեզ: Բոլորին հաւաքական աշխատանքով եւ նուիրումով լրումին պիտի հասնի վերականգնումը:

«Վերականգնումը միայն շէնքին վերականգնումը չէ, այլ` մեր բոլորին հաւաքական ծառայութեան: Ես Օգնութեան խաչը մօտէն ճանչցած եմ: Այս կազմակերպութիւնը կոչուած է ծառայելու մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն: Վստահ եմ, որ դուք եւս նոյն նուիրումով կը ծառայէք: Կը գնահատեմ ձեզ բոլորդ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի»:

Վեհափառ հայրապետին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան Նոր Գիւղ շրջագայութիւնը եզրափակուեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցի այցելութեամբ: Պատերազմի տարիներուն Հալէպ ներխուժած ահաբեկիչները հրոյ ճարակ դարձուցած էին եկեղեցին:

 

Նախորդը

Հայրենի Թատերական Գործիչներու Այցելութիւնը «Ազդակ»

Յաջորդը

Պութաֆլիքա Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?